ՔԱԼԵՆՔ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻՈՎ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 23 Մայիս)
Այսօր, Հայսատանեայց եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն,Սուրբ Յարութեան յիսուներորդ օրը կը տօնենք Հոգեգալուստ՝ Սուրբ Հոգւոյն էջքը Առաքեալներուն վրայ, ինչպէս որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ, եւ որ նկարագրուած է Գործք Առաքելոցի մէջ (2.1-21)։
Ճիշդ է, որ Առաքեալները ամբողջ երեք տարի ցերեկ-գիշեր իրենց կեանքը բաժնեցին Յիսուսի հետ, լսեցին Անոր Վարդապետութիւնը եւ ականատես եղան գործած հրաշքներուն։ Աւելի՛ն. առանձնաշնորհուեցան Յարութենէն ետք դարձեալ Անոր հետ ըլլալու, սակայն մարմնի մէջ ըլլալով չէին կրնար լիովին ըմբռնել Աստուծոյ մարդեղութեան մեծ խորհուրդը՝ մարդկութեան փրկութեան համար։ Հոգեգալուստի օրն էր միայն, երբ համաձայն Քրիստոսի խօսքին, Սուրբ Հոգիով վերստին ծնան (Յհ 15.19; 17.14-16)։ Արդարեւ, հողեղէն էին մարմնով, եւ այդ օր դարձան երկնային՝ իրենց ողջ էութեամբ, հաւատքով եւ աշխարհահայեացքով։ Առաջին լաւագոյն օրինակը հանդիսցաւ նոյնինքն Պետրոս Առաքեալը, որ երեք անգամ ուրացած էր զՔրիստոս մատնութեան գիշերը, իսկ Հոգեգալուստի օրը իր ճարտասանութեամբ՝ Սուրբ Հոգիի «ուռկանով» կրցաւ Յարուցեալ Տէրը խոստովանող երեք հազար նորադարձ «որսալ»։
Եբրայերէնի մէջ «հոգի» եւ «հով» բառերը համանուն են, եւ ինչպէս որ հովը անձրեւի կը վերածէ ամպը, նմանապէս Սուրբ Հոգին՝ բոլոր հաւատացեալներու սրտերուն ու հոգիներուն մէջ ցօղելով Աստուծոյ Կենդանի Խօսքը, զայն կը վերածէ անմահարար օրհնութեան։
Աստուածաշունչը լրիւ վկայութիւն մըն է Սուրբ Հոգիի մշտական գործունէութեան, սկսեալ ստեղծագործութենէն։ Անիկա Կենդանի, նախախնամող եւ Առաջնորդող Աստուծոյ յաւերժական ներոյժն է։ Արդարեւ, Աստուծոյ Սուրբ Հոգին էր, որ «ջուրերուն վրայ կը շրջէր» (Ծն 1.2)․ Աստուծոյ Հոգին էր, որ «Ծովու ջուրերը մէկտեղեց որպէս թէ տիկի մը մէջ» (Սղ 33.7)․ Աստուծոյ Կենդանի շունչն էր, որ հողը կենդանացնելով բանաւոր մարդու վերածեց (Ծն 2.7). Աստուծոյ Հոգին էր, որ հովիւները օծելով մարգարէ ըրաւ (Ա Թգ 16.13; Ամ 1.1). Աստուծոյ Հոգին էր, որ Սուրբ Կոյսին վրայ հանգչելով բնակարան դարձուց Աստուածորդւոյն (Ղկ 1.35), եւ Մեսիան առաջնորդեց անապատ՝ փորձուելու Սատանայէն (Մտ 4.1) եւ յաղթելու անոր։ Սուրբ Հոգին էր, որ նախասարկաւագ Ստեփաննոսը շնորհազարդեց հրաշքներ կատարելու եւ անվեհեր քարոզելու (Գրծ 6.8), եւ Սօղոսը Պօղոսի վերածեց որպէս խօսնակը Սուրբ Հոգիի պտուղին, որ է՝ Սէր, Խնդութիւն, Խաղաղութիւն, երկայնամտութիւն, Քաղցրութիւն, Բարութիւն, Հաւատարմութիւն, հեզութիւն, Ժուժկալութիւն (Գղ 5.22)։ Սուրբ Հոգին էր, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոստումին համաձայն մխիթարեց եւ զօրացուց իրենց հաւատքին համար հալածուողները, որպէսզի յաղթահարեն Չարին։ Դարձեալ, Սուրբ Հոգին է, ինչպէս ամէն Պատարագի ընթացքին կը խոստովանինք, որ «խօսեցաւ օրէնքին, մարգարէներուն եւ Աւետարանին մէջ եւ ապրեցաւ սուրբերուն մէջ»։ Նաեւ Սուրբ Հոգին կը բնակի բոլոր դարերու Քրիստոնեաներու մէջ որոնք մկրտուած են Սուրբ Երրորդութեան անունով, կը հաւատան Քրիստոսի եւ կ՛ապրին Լուսոյ Որդիներու կեանք մը (Ա Թս 5.5)։
Տիեզերքը ամբողջ լեցուն է Սուրբ Հոգիով եւ ան Իր Շնորհքը առատապէս կը բաշխէ բոլոր անոնց, որոնք կը բանան իրենց հոգիի, մտքի ու սրտի դռները, որպէսզի ըմբոշխեն աստուածապարգեւ կենսատու լոյսն ու շունչը։ Անկախ տարիքէ, սեռէ եւ ցեղէ, անխտիր Ան կը սփռէ Իր պարգեւները, ինչպէս Յովէլ մարգարէն ըսած է. «Հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ, ու ձեր տղաքն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ծերերը երազներ պիտի տեսնեն եւ երիտասարդները տեսիլք պիտի ունենան» (Յվլ 2.17)։ Մարգարէին միջոցաւ փոխանցուած այս խօսքը՝ ուղղուած բոլոր դարերու հաւատացեալներուն, հզօրագոյն պատգամն է, թէ ամէնքս ալ առանձնաշնորհուած ենք վայելելու Աստուծոյ առատաձիր բարիքները, հիմնական այն հասկացողութեամբ, որ պէտք է վերածնինք Սուրբ Հոգիով, ինչպէս մեր Տէրը մեր Յիսուս Քրիստոս պատուիրեց (Յհ 3.1-8)։
Անգամ մը որ կենսական այս պատուէրը հաւատքով ու գիտակցութեամբ կեանքի կոչենք, Սուրբ Հոգին մեզ բոլորս Աստուծոյ որդեգիրները կը դարձնէ որպէս Օծեալներ՝ Քրիստոնեաներ։ Այս հաղորդակցութենէն բխած աներեւակայելի արդիւնքը՝ գերիվեր է մեր հասկացողութենէն։ Սուրբ Ստեփանոս երբ կը քարկոծուէր իր հաւատքին պատճառաւ, անհաւատալիօրէն յայտարարեց՝ «ահա բացուած է երկինքը, եւ կը տեսնեմ Մարդու Որդին որ Աստուծոյ աջին կանգնած է» (Գրծ 7.55)։ Նմանապէս, Պօղոս Առաքեալ՝ Սուրբ Հոգիով քալելով, կարողացած էր տեսնել ո՛չ միայն երեւելի, այլ աներեւոյթ բաներ (Բ Կր 4․18), եւ ըստ այնմ՝ իրազեկ դառնալով կեանքի մեծ պայքարին, ամենայն վստահութեամբ Եփեսացիներուն ուղղելով իր խօսքը, ըսած էր, թէ «մեր պատերազմը մարդոց հետ չէ, այլ երկնքի տակ գտնուող չար ոգիներու դէմ է» (Եփ 6.12)։
Ուստի, մեր սրտերով խոնարհինք եւ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան հայրապետին հետ աղօթենք ու ըսենք. «Ամենակալ Տէր, Քու սուրբ Առաեալներուդ հետ մեզ եւս դարձուր Քու տաճարդ՝ (Ա Կր 6:19). ստանալու Սուրբ Հոգիդ, եւ անոնց հետ մեր անունը գրէ Կենաց գրքին մէջ» (Փլպ 4:3)։
Նաեւ աղօթենք Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին հետ ու ըսենք․ «Հոգի Աստուծոյ, ճշմարիտ Աստուած, որ Յորդանան գետին վրայ եւ Վերնատուն իջար, եւ զիս լուսաւորեցիր սուրբ Աւազանին մկրտութեամբ։ Մեղանչեցի երկնքի դէմ ու Քու առջեւդ։ Վերստին մաքրէ զիս Քու աստուածային կրակովդ, ինչպէս հրեղէն լեզուներովդ մաքրեցիր սուրբ առաքեալները։ Եւ ողորմէ՛ քու արարածներուդ եւ ինծի՝ բազմամեղիս»։
Սուրբ Հոգիով քալենք եւ շարականագիր վարդապետին հետ մշտապէս մեզ նորոգող ու զօրացնող երգ երգենք, ըսելով՝ «Հոգի քո բարի զէն ինձ Քրիստոս եղիցի յամենայն ժամ ընդդէմ թշնամւոյն հակառակողին» – Քրիստոս, մեր Աստուածը, Քու Հոգիդ միշտ բարի զէնք ըլլայ ինծի, հակառակորդ թշնամիին դէմ։ Որովհետեւ Սուրբ Հոգիով երբ քալենք, կը յաղթահարենք կեանքի մէջ մեր դէմ յարուցուած Չարի իւրաքանչիւր խոչընդոտին, եւ արժանի կերպով կը փառաւորենք Ամենակալ Հայրը իր փրկարար Որդիով եւ կենդանարար Սուրբ Հոգիով։ Ամէն։