ԱՐՄԷՆ ԶԱՐԵԱՆ (մահ՝ 30 Մայիս, 1994)
Հայ-իտալական մշակութային յարաբերութիւններու զարգացման մէջ, վաստակաւոր ճարտարապետ Արմէն Զարեան անջնջելի անուն մը դարձած էր։
Զարեան միջնեկ զաւակն էր համբաւաւոր գրագէտ Կոստան Զարեանի (1885-1969) եւ առաջին կնոջ՝ դաշնակահարուհի Թագուհի Շահնազարեանի (1891-1962)։ Ծնած է Կոստանդնուպոլիս, 13 Սեպտեմբեր, 1914ին։ Նորածին մըն էր, երբ իր ընտանիքը Մեծ Եղեռնէն փախուստ տուած է Նոյեմբեր 1914ին։ Յաջորդ տարիներուն, ան իր ընտանիքին աստանդական կեանքի ճանապարհին հետեւած է՝ Իտալիա (1915-1921), Պոլիս (1921-1922), Երեւան (1922-1924) եւ ապա՝ կրկին Եւրոպա։ Արմէն Զարեան մտած է Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1932ին։
1934ին, իր համալսարանական ուսումը սկսած է Վենետիկի համալսարանի ճարտարապետական ճիւղին մէջ, եւ ապա անցած՝ Փարիզ, ուր ուսանած է Գեղարուեստից վարժարանին (École des Beaux-Arts) մէջ։ 1938ին, ուսումը շարունակելով Հռոմի համալսարանի ճարտարապետական ճիւղին մէջ, շրջանաւարտ եղած է 1941ին։ Յաւելեալ ուսման հետեւած է Վիեննայի մէջ (1943-1944), ուր ամուսնացած է Մարիա Կաւրոնսկիի հետ։ Ունեցած են չորս զաւակներ։ Վիեննայի մէջ սկսելով իր մասնագիտական ասպարէզը, աշխատած է տուներու եւ խանութներու ներքին յարդարանքի կալուածին մէջ։
Հռոմ վերադառնալով 1949, մտած է ճարտարապետական արուեստանոց մը, որ շահած է բնակելի շէնքի նախագիծ մը Թանժէրի մէջ (Մարոք)։ Արմէն Զարեան փոխադրուած է Թանժէր, ուր ապրած է յաջորդ չոըս տարիներուն եւ շահած՝ Խորհրդարանի շէնքի նախագիծի մրցոյթը։ Հռոմ վերադառնալով, յառաջացած է իր ասպարէզին մէջ, ի միջի այլոց իտալացի պաշտօնակիցներով նախագծելով ու իրագործելով Հռոմի ինքնաշարժի ակումբի շէնքը (1956-1959) եւ ֆրանչիսկեան համալսարանի շէնքը (1961-1964)։
1963ին, Զարեան ճակատագրական որոշում մը տուած է իր կեանքին մէջ՝ ընտանիքով Հայաստան հաստատուելով։ Աշխատած է «Երեւաննախագիծ» կազմակերպութեան մէջ 1964էն մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը 1989ին, Երեւանի շարք մը արդիական եւ ինքնատիպ կառոյցներու նախագիծերը պատրատելով։ Միաժամանակ, 1964-1969ին դասաւանդած է եւրոպական ճարտարապետութեան պատմութիւն Փոլիթեքնիք հիմնարկին մէջ (այժմ՝ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարան) եւ աշխատած է իբրեւ աւագ գիտաշխատող Գիտութիւններու Ակադեմիայի արուեստի հիմնարկին մէջ (1965-1970)։ Ճարտարապետական գիտութիւններու թեկնածուական աւարտաճառը պաշտպանած է 1969ին։
Հայաստան տեղափոխուելէ առաջ Արմէն Զարեան համաձայնած էր իտալացի ճարտարապետ Թոմասօ Պրեչիա Ֆրաթատոքիի հետ՝ հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան ձեռնարկելու համար, Հռոմի համալսարանի ճարտարագիտական ճիւղի եւ Գիտութիւններու Ակադեմիայի արուեստի հիմնարկի համագործակցութեամբ։ Այս համագործակցութիւնը հիմք դարձաւ Հայաստան կատարուած առաջին գիտարշաւին (1966), զոր գլխաւորած է ճարտարապետ Փաոլօ Գունէօ, որ աւելի ուշ հիմնած է Հռոմի Հայկական Ճարտարապետութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը։ 1967ին, Զարեան հիմնադիրներէն էր Միլանի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնին, որ հայկական ճարտարապետութեան գիտական ու հրատարակչական լայն ծրագրի մը ձեռնարկած է, լոյս ընծայելով 24 հատորանի «Հայկական ճարտարապետութեան վաւերաթուղթեր» շարքը։ 1968էն սկսեալ, ան հայ-իտալական մշակութային յարաբերութիւններու համակարգողն էր։ 1976ին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետի տիտղոսը։
«Հայկական ճարտարապետութեան վաւերաթուղթեր»ու շարքին մէջ վեց հատորներու համահեղինակ ըլլալու կողքին, Արմէն Զարեան նաեւ հրատարակած է շարք մը մասնագիտական հատորներ հայերէնով՝ «Իտալական արդի ճարտարապետութիւն (1927-1960ական թթ.)» (1972), «Արեւմտեան Եւրոպայի արդի ճարտարապետութիւն» (1979), «Ակնարկ հայ եւ միջնադարեան Հայաստանի քաղաքաշինութեան պատմութեան» (1986), «Հայկական ճարտարապետութիւնը եւ Լէոնարդօ դա Վինչիի հայկական վարկածը» (1994)։ Հեղինակներէն է իտալերէն երկհատոր «Հայկական ճարտարապետութիւն» գործին (1988), ինչպէս նաեւ բազմաթիւ գիտական ու հանրամատչելի յօդուածներու, զորս հրատարակած է զանազան լեզուներով՝ հայկական ճարտարապետութեան, արուեստի ու հայ-իտալական յարաբերութիւններուն մասին։ Մասնակցած է հայ արուեստի նուիրուած հինգ գիտաժողովներուն, որոնք տեղի ունեցած են Իտալիոյ (1975, 1981, 1988) եւ Հայաստանի մէջ (1978, 1985)։ Յատկապէս յիշատակելի է իր մասնակցութիւնը Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած «Անիի փառքը» գիտաժողովին (Նիւ Եորք, 1989)։
Արմէն Զարեանի բեղուն գործունէութիւնը աւարտեցաւ իր մահով, 30 Մայիս, 1994ին։