Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ՀԱՄԱԽՄԲԵՆՔ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՈՒ ՁԳՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ»
Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 14 Մայիսին, երիտասարդական խորհրդակցական առցանց հանդիպում մը կայացաւ։ Հանդիպման իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին զանազան թեմերէ եւ շրջաններէ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ յանձնախումբի անդամ միաբան հայրեր։
Վեհափառ Հայրապետին աղօթքէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց Երիտասարդական Յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեանը։ Ողջունելով երիտասարդներուն մասնակցութիւնը, ան ակնարկ մը նետեց 2019 թուականին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած խորհրդակցական հանդիպման վրայ եւ յայտնեց, որ թագաժահրին ստեղծած պայմաններուն պարտադրանքով դժբախտաբար չկարողացանք իրագործման ընթացքի մէջ դնել զայն։
Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին հետ քայլ պահելու հրամայականէն մեկնելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ այլեւս աւանդական դարձած մեր կառոյցները, իրենց զմռսուած մտածումներով ու կաղապարուած մօտեցումներով, սկսած են անշնչելի դառնալ մեր երիտասարդներուն համար։ Հետեւաբար, մեր ազգային թէ եկեղեցական կեանքի վերանորոգման գործընթացին մէջ երիտասարդութիւնը կարեւոր պատասխանատուութիւն ունի, ինչպէս նաեւ իրաւունք ու պարտաւորութիւն՝ իր ըսելիքը ըսելու եւ գործօն մասնակցութիւն բերելու։
Եզրափակելով իր խօսքը՝ Հայրապետը ըսաւ, թէ ներկայ աշխարհը կը փորձէ ֆորումներու եւ երկխօսութիւններու ճամբով զանազան մարզերու առնչուած մարդուժը ի մի համախմբել։ Սակայն, մեր պարագային, ան տեսական կամ պարագայական պէտք չէ ըլլայ, այլ հիմնական արժէքներու, սկզբունքներու ու ձգտումներու շուրջ պէտք է ըլլայ։
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքէն ետք առանձին ձգեց հաւաքի մասնակից երիտասարդները, որպէսզի ազատօրէն կարենան իրենց տեսակէտները պարզել։
Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեանի, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեանի եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի զեկոյցներէն ետք, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան վարեց ծրագրի քննարկումը։ Երիտասարդները աշխոյժ մասնակցութիւն բերին քննարկումներուն, փոխանակելով իրենց մտահոգութիւններն ու սպասումները՝ երիտասարդութեան առանցքային դերը առաւել եւս շեշտելու նպատակասլաց մօտեցումով։