ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴԺՈՒԱՐԻՆ ՏԱՐԻԷ ՄԸ ԵՏՔ
Շաբաթ, 22 Մայիսին, տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով գումարուեցաւ առցանց՝ համավարակի սահմանափակումներուն հետեւանքով։ Ներկայ էին 77 իրաւասու երեսփոխաններէն 65ը։ Ժողովին ատենապետութիւնը կատարեց Սիմոնէ Թոփուզեան, իսկ ատենադպրութիւնը՝ Ժանէթ Հարոյեան։
Բացման աղօթքը կատարեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, որ այնուհետեւ հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը տալու։
«Մարդկային պատմութեան վճռական մէկ պահուն կը գտնուինք», յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառը, ակնարկելով համավարակի յառաջացուցած համատարած ցնցումներուն։ Անթիլիասէն սփռուած կենդանի իր խօսքով, Վեհափառ Հայրապետը դրուատեց «մեր ծուխերու նուիրումի ոգին՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Առաջնորդարանի վերահսկողութեամբ եւ առաջնորդութեամբ»։ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, ըսաւ, «կարեւոր առիթ մըն է, նախ, մեր փորձառութիւնները, հեռանկարները եւ ակնկալութիւնները բաժնեկցելու. ապա՝ Առաջնորդարանի գործը քննելու եւ քննական ոգիով արժեւորելու, եւ վերջապէս՝ յառաջիկայ շրջանի առաջնահերթութիւնները ընդգծելու եւ առանձնացնելու համար»։
Արամ Ա. Կաթողիկոս շեշտեց Առաջնորդարանի եւ ծուխերու խաղացած «վկայ»ի դերը. «Առաջնորդարանի ըրածը, ծուխին ըրածը էապէս վկայ ըլլալ է… վկայ՝ բառիս խոր իմաստով, ուժեղ նուիրումով ու յանձնառութեամբ»։
Վեհափառ Հայրապետը գովեստի խօսքերով անդրադարձաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին որպէս «լաւ եւ նուիրեալ հովիւ մը՝ իր հօտին ծառայող»։ Ան նաեւ յայտնեց իր գնահատանքը հոգեւորական դասուն եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, «որոնք իրենց առաւելագոյնը տուին այս դժուարին պայմաններուն»։ Կաթողիկոսը նաեւ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը բոլոր յանձնախումբերուն, նուիրատուներուն, բարեկամներուն եւ աջակիցներուն, որոնք այս կամ այն ձեւով իրենց լաւագոյնը ըրած են։
Իր խօսքի շարունակութեան մէջ, Կաթողիկոսը ճանապարհային քարտէսի մը ընդհանուր ուրուագիծը ներկայացուց, Առաջնորդարանին ու ծուխերուն կոչ ուղղելով՝
ա) Վերակազմակերպուելու, «ջանալով աւելի ընտրողական ըլլալ՝ ծրագիրներու, մտահոգութիւններու, գործունէութեան կալուածներու մէջ», որոնք «կարեւոր են», միջոցներու աւելի արդիւնաւէտ օգտագործումով։
բ) Մտածելու, թէ «ինչպէս մեր ունեցած ծրագիրները կրնանք կապի միջոցներու վերածել»։ Ծրագիր մը պէտք չէ ինքնակեդրոն եւ ինքնամփոփ ըլլայ, ըսաւ Վեհափառը, այլ ուղղուի ժողովուրդին եւ համայքը վերափոխելու ընդունակութիւնը ունենայ։
գ) Յարաբերութիւններու ծիրը ընդլայնելու։ Համավարակը շատ վնասակար էր յարաբերութիւններու պահպանման, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. «Շատ կը հիանամ, թէ ինչպէ՞ս Սրբազանը շատ աշխոյժ կերպով կապեր հաստատած է ծուխերուն հետ»։ Կարեւոր է, աւելցուց, որովհետեւ «Առաջնորդարանի ամենէն կարեւոր կապը ծուխերուն հետ է»։
Փակման խօսքին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը մէջբերեց ու մեկնաբանեց իր նորատիպ անգլերէն գիրքէն՝ “Turning to God”, հետեւեալ պարբերութիւնը. «Այս քաոսային աշխարհի մէջ, քիչ ժամանակ ունինք մենք մեզի, մեր ընտանիքներուն, նոյնիսկ Աստուծոյ հետ ըլլալու։ Յաճախ, Աստուած առանձին կը ձգենք։ Աստուած միշտ կը մօտենայ մեզի։ Պատրա՞ստ ենք Իրեն մօտենալու։ Աստուած միշտ մեզի կը դառնայ։ Պատրա՞ստ ենք Իրեն դառնալու։ Ի հարկէ, մեր կեանքը պարապ ու անիմաստ է առանց Աստուծոյ»։
Կաթողիկոսի պատգամէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը խոստացաւ շարունակել իր առաքելութիւնը Առաջնորդարանին մէջ՝ մեր թեմի իւրաքանչիւր անդամին հասնելով։ Ան ընդգծեց Եկեղեցւոյ եւ համայնքի դիմացկունութիւնը այս ահաւոր ժամանակներուն։ «Ճիշդ է, որ անցեալ տարուան ընթացքին թշնամիներէ շրջապատուեցանք, յարձակումի մատնուեցանք եւ բազմաթիւ սպառնալիքներու ենթարկուեցանք, այսուհանդերձ չյանձնուեցանք, չճզմուեցանք եւ այս մահացու ճնշումներուն, տագնապներուն ու հոգերուն դիմագրաւելու մեր ընդունակութիւնը չկորսնցուցինք», ըսաւ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ «Այո, այս համավարակը մեզ անջատած է ֆիզիքապէս, սակայն, միաժամանակ, վախէն կամ մեր երկնային Հօր հետ մեր յարաբերութիւնը վերահաստատելու հարազատ կարիքէ մը առաջնորդուած, մեր հաւատքն ու իսկական սէրը վերստին վառած է մեր մէջ»։ (Սրբազան Հօր պատգամին ամբողջական բնագիրը տե՛ս առանձինն)։
Անուշաւան Սրբազան Հօր յաջորդեց երեսփոխաններու ներկայութեան ստուգումը ատենադպրուհի Ժանէթ Հարոյեանի կողմէ։ Ազգային Վարչութեան տեղեկագիրն ու պիւտճէն, ինչպէս եւ հաշուապահական զեկոյցը վաւերացուեցան միաձայնութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցան Ազգային Վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու ընտրութիւնները։ Քուէարկութեան աւարտին, Քաղաքական Ժողովին վերընտրուեցաւ օրդ. Հուրի Տաղլեան եւ ընտրուեցան հետեւեալ նոր անդամները՝ օրդ. Թամար Քանարեան, պրն. Րաֆֆի Ուրլեան, պրն. Հրանդ Ժամկոչեան եւ, երկրորդ քուէարկութեամբ, պրն. Յակոբ Խաչատուրեան։ Կրօնական Ժողովին վերընտրուեցան Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան եւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, եւ ընտրուեցաւ Արժ. Տ. Միքայէլ Տէր Խոսրովեան։
Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետուհի Սիմոնէ Թոփուզեան հրաւիրեց խօսք առնելու Քաղաքական Ժողովի շրջանաւարտ անդամ Քարէն Ճեհանեանին, որ անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան իր հարստացուցիչ փորձառութեան որպէս առաջին կինը, որ 23 տարի առաջ ընտրուած էր Քաղաքական Ժողովին անդամակցելու։ Տիկ. Թոփուզեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քաղաքական Ժողովի անդամներ՝ Քրիսթոֆըր Բարնակեանին, Անտրէ Մարգարեանին եւ Տանիէլ Կիւլպէնկեանին իրենց ծառայութեան համար։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր փակման խօսքին մէջ, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, որ տքնաջան աշխատանք տարած էր ժողովի գումարումը կատարեալ յաջողութեամբ պսակելու համար։ Այնուհետեւ, շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանաւարտ երեսփոխաններուն, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական Ժողովներու բոլոր շրջանաւարտ անդամներուն իրենց նուիրումին ու ծառայութեան համար, միաժամանակ բարի գալուստ մաղթելով նորընտիր անդամներուն։
Փակման աղօթքը կատարեց Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, որմէ ետք Արժ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան եւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան երգեցին «Կիլիկիա»։