Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԾԱՌԱՅԵՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻ ՆԱԽԱՆՁԱԽՆԴՐՈՒԹԵԱՄԲ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, Կիրակի, 30 Մայիս)

Այսօր, Հոգեգալուստի յաջորդող առաջին Կիրակին, Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն բացառաբար նուիրուած է Հին Կտակարանի դէմքերէն՝ Եղիա մարգարէին։ Ան «անբաղձալի» տարր մը նկատուած էր արքունիքին՝ Աքաաբ թագաւորին եւ Յեզաբէլ թագուհիին կողմէ, որովհետեւ հաւատարիմ մնացած էր Աստուծոյ եւ մերժած էր պաշտել արգասաբերութեան չաստուածը՝ Բահաղ, որուն պաշտամունքը տարածուած էր միջին արեւելեան երկիրներուն մէջ։ Այսօրուան մեր Աւետարանի ընթերցումն է Ղկ 4.25-30, ուր Քրիստոս բաւական արտասովոր շրջագծի մէջ կ՚ակնարկէ Եղիա եւ Եղիսէ մարգարէներուն։

Եղիա, իր ժողովուրդէն մերժուած մարգարէն, կը հիւրընկալուի Փիւնիկէի Սիդոն քաղաքի Սարեբթա գիւղի մէջ ապրող այրիի մը կողմէ։ Հալածուած իր ազգակիցներէն, Աստուած կը պատուիրէ իրեն ապաստան գտնել Սիդոնացի այրիին տունը։ Երբ վերջինիս միակ զաւակը կը մահանայ եւ մարգարէն կեանքի կը բերէ զայն, մայրը հետեւեալ խոստովանութիւնը կ՛ընէ․ «Հիմա գիտեմ թէ Աստուծոյ մարդն ես եւ բերնիդ մէջ Աստուծոյ խօսքը ճշմարիտ է» (Գ Թգ․ 17.24)։ Զուգահեռ այրի կնոջ, կը յիշուի Նէեմաա Ասորին որ համբաւաւոր զօրավար մըն էր, եւ որ կը տառապէր բորոտութենէ։ Իր հրեայ սպասուհիին խնդրանքին վրայ, զոր գերի վերցուցած էր, կը մեկնի Հրէաստան բուժուելու Եղիա մարգարէէն։ Վերջինս միայն պատգամ կը ղրկէ իրեն որ երթայ եւ եօթն անգամ Յորդանան գետի մէջ լուացուի, որպէսզի բուժուի։ Զօրավարը վիրաւորուած ու վրդովուած այս վերաբերմունքէն, կ՚ուզէ վերադառնալ, սակայն իր ծառաներուն աղաչանքին վրայ կը հետեւի պատուէրին եւ իսկապէս կը բուժուի։ Նէեմաա իր կարգին հետեւեալ խոստավանութիւնը կ՛ընէ․ «Հիմա գիտեմ որ ամբողջ երկրի վրայ չկայ Աստուած, բայց միայն Իսրայէլի մէջ» (Դ Թգ 5.1-9):

Այսօրուան մեր ընթերցումէն հետեւեալ կէտերուն կ՛ուզեմ անդրադառնալ։

ա․ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, յաճախակի կերպով ակնարկութիւններ կ՚ընէ Հին Կտակարանին, շեշտելու համար կարեւորութիւնը Աստուծոյ խօսքին միութեան՝ զոյգ Կտակարաններուն մէջ։ Առանց Հին Կտակարանի ծանօթութեան, մէկը լիովին չի հասկնար մեր Տիրոջ պատգամները, ինչպէս այսօրուան ընթերցումն իսկ ցոյց կու տայ։ Աւելի՛ն. Փրկագործութեան սրբազան Պատմութիւնը՝ Աւետումէն եւ Կոյսէ մը ծնունդէն մինչեւ Խաչելութիւնն ու Թաղումը, շատ բան կը կորսնցնէ իր խորհուրդէն, երբ անջատուի մարգարէութիւններէն, ինչպէս մեր Տէրը Ի՛նք եւս շեշտեց, թէ «Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու» (Մտ 5.12)։ Մարկիոն, երկրորդ դարու աղանդաւոր մը, յանդգնած էր իր ըմբռնումով նոր Աւետարան կազմել, լրիւ մերժելով Հին Կտակարանը, պահելով միայն Ղուկասու Աւետարանէն բաժին մը եւ Պօղոս Առաքեալի նամակները միայն ներառնելով։ Նման մօտեցում մը վտանգաւոր է եւ հաւատացեալները միայն կը մոլորեցնէ ու կը զրկէ հասկնալէ Բարձրեալին Նախախնամական հոգածութիւնը Ստեղծագործութենէն մինչեւ Երկրորդ Գալուստ եւ Յաւիտենականութիւն։

բ․ Հին Կտակարանէն կատարուած վերեւի զոյգ մէջբերումները անշուշտ լաւ ընդունելութիւն չգտան ունկնդիրներուն կողմէ, որովհետեւ անուղղակի կերպով մեղադրանք կ՚ուղղուէր անոնց, ահա թէ ինչու կը փորձեն սպաննել մեր Տէրը։ Հին Կտակարանին մէջ յաճախակի կը հանդիպինք  Ընտրեալ Ժողովուրդի ապերախտութեան մասին ազդարարութեանց։ Եսայիի մարգարէութեան առաջին տողերն իսկ լաւագոյն վկայութիւնն են այս մասին, երբ ան կ՚ըսէ․ «Եզը իր տէրը կը ճանչնայ ու էշը իր տիրոջ մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչնար, իմ ժողովուրդս չ՚իմանար» (Ես 1.3): Տիրոջ խօսքը աւելի դառն է, երբ Մաղաքիա մարգարէին բերնով կ՚ըսէ․ «Ձեր ձեռքէն ընծայ չեմ ընդունիր, քանզի արեւեւն ծագած տեղէն մինչեւ անոր մար մտած տեղը, ազգերուն մէջ իմ անունս մեծ պիտի ըլլայ։ Ամէն տեղ իմ անուանս խունկ ու սուրբ ընծայ պիտի մատուցուի, քանզի իմ անունս ազգերուն մէջ մեծ պիտի ըլլայ, կ՛ըսէ Զօրքերու Տէրը» (1.10-11)։ Քրիստոսի պատգամը այս ուղղութեամբ շատ յստակ է, թէ մօտալուտ է փոփոխութիւնը, երբ հեթանոսներ աւելի ուրախութեամբ պիտի ընդունին Բարի Լուրը, քան Ընտրեալ Ժողովուրդը, ինչպէս Յովհաննէս Մկրտիչ եւս ազդարարած էր, թէ «Մի՛ կրկնէք դուք ձեզի, ըսելով. «Մենք Աբրահամի որդիներ ենք: Կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուած քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել» (Ղկ 3.8)։

Յիսուս որքան որ իր ունկնդիրներուն կ՚ուղղէր այս սաստը, պէտք է գիտակցինք որ նաեւ մեզի՝ Քրիստոնեաներուս կ՚ակնարկէ, որպէսզի չշնորհազրկուինք, այլ ամենայն խոնարհութեամբ ու հաւատարմութեամբ ապրինք, նմանելով Անոր որ Իր վրան առաւ մեր մեղաւոր բնութիւնը, որպէսզի զայն մաքրէ, եւ ինչպէս Եսայի մարգարէն կ՚ըսէ․

«Ձիւնի նման սպիտակ դարձնէ» (Ես 1.18):

Իսկական օրհնութիւն մըն է, որ այս շաբաթավերջին ամերիկեան ազգային տօն մը կը նշենք՝ Մեռելոցի Օրը (Memorial Day), երբ ազգովին կ՚աղօթենք մեր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։  Գեղեցիկ զուգադիպութիւն մըն է սա, երբ որպէս Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներ Եղիա մարգարէին տօնը կը նշենք։ Արդարեւ, Հոգեհանգիստի արարողութեան ընթացքին «Ի վերին Երուսաղէմ»  շարականին մէջ մենք հետեւեալը կ՛արտասանենք ու կ՛երգենք. «Վերին Երուսաղէմ՝ հրեշտակներու բնակարանին մէջ Ենովք եւ Եղիաս աղաւնակերպ պայծառացած են․․․», հիմնուելով Հին Կտակարանի վկայութեան, թէ այս զոյգ արդար դէմքերը առանձնաշնորհուած էին մահը անդրանցնիլ (Ծն 5.24; Դ Թգ 2.11)։ Ի մասնաւորի Եղիա մարգարէի երեւումը Մովսէս Մարգարէին հետ Քրիստոսի պայծառակերպման պահուն, մեզ կը ներշնչէ տոկուն կերպով հաւատալու, թէ յետ մահու մեր հոգիները կը շարունակեն իրենց ճամբորդութիւնը, ըլլալու համար Աստուծոյ հետ եւ հանգչելու Աստուծոյ մէջ։

Հետեւաբար, հաւատարմաբար եւ գիտակցաբար վայելենք Ստեղծագործութենէն ի վեր Ամենակալին ընծայած բոլոր բարիքները, եւ երախտագիտութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, Ժամանակի մէջ եւ Ժամանակէն անդին։ Ամէն։