Առաջնորդարանէն

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ԱՒԱՐՏ

Երեքշաբթի, 25 Մայիսին, 16 շաբաթներու վրայ տարածուած Սարկաւագաց յատուկ դասընթացքը, կազմակերպուած ու առաջնորդուած Բարշ. Գէորգ Ա. Սրկ. Լէյլէկեանի կողմէ, իր աւարտին հասաւ փակման հանդիսութեամբ։ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, բարձրօրէն գնահատեց Բարշ. Գէորգ Սարկաւագը որ կամովին, սրտանց, սիրով եւ նախանձախնդրութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ ու անոր աստուածաբանութեան այս դասընթացքը հաստատեց իր հարուստ պաշարով, եւ ջանք չխնայեց ամէն Երեքշաբթի եւ Հինգշաբթի իրիկունները դասաւանդել՝ սորվեցնելով ո՛չ միայն ծէսը, այլ նաեւ դարերու ընթացքին կազմաւորուած Հայ Եկեղեցւոյ առանձնայատկութիւնը եւ անոր իւրայատուկ աստուածաբանութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ աւելցուց, թէ Դոկտ․ Լէյլէկեանը կը նկատէ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական ուսմունքի վաւերական հեղինակութիւն, եւ անձամբ մասնակցելով դասաւանդուած նիւթերուն, շատ բան սորված է անկէ։

Սրբազան Հայրը այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն, որոնք իրենց կարգին երախտագիտութիւն յայտնեցին Գէորգ Աւագ Սարկաւագին, որ խանդաղատանքով պատրաստած էր այս դասընթացքը, հարստացնելով իրենց պաշարը, ինչպէս նաեւ ընդարձակելով Սարկաւագութեան իրենց հասկացողութիւնը։

Ապա Սրբազան Հայրը մասնակցութեան հաստատագիր ներկայացուց բոլորին եւ նորահաստատ գնահատագիր յանձնեց դասախօսին՝ «Յովհաննէս Սարկաւագ վարդապետ», ծանօթ նաեւ՝ Յովհաննէս Իմաստասէր անունով։

Հուսկ ապա, Բարշ. Գէորգ Աւագ Սարկաւագը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար։ Նաեւ իր ջերմ ուրախութիւնը յայտնեց Սուրբ Խորանի վրայ ծառայող եւ դասընթացքին մասնակցող 52 անձերուն, որոնք իրեն առիթ տուած էին Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իր սէրը գործնական ձեւով արտայայտելու, եւ մաղթեց որ միշտ ուրախութեամբ ծառայեն Տիրոջ (Սղ 99/100.2):

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ»ով։