ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԵՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՂԵՌՆԸ
Առաջին անգամ ըլլալով, 1970ական թուականներէն նոր գաղտնազերծուած արբանեակային պատկերներ թոյլ տուած են վաւերագրել Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան փճացումը Նախիջեւանի մէջ։ Անգլիական The Art Newspaperի մէջ հրատարակուած փաստալից յօդուածով մը (“Special investigation: Declassified satellite images show erasure of Armenian churches”), Սիմոն Մաղաքեան մանրամասնօրէն կ՚անդրադառնայ Ատրպէյճանի գործած մշակութային ցեղասպանութեան, յատկապէս մենատէր Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին տակ, որ հրամայած է աւելի քան 20.000 հայկական կոթողներու կործանումը Նախիջեւանի մէջ, ներառեալ Ս. Ստեփանոս, Ս. Թովմա, Ս. Քրիստափոր, Մեծ Անապատ Սուրբ Աստուածածին, Ս. Յակոբ Հայրապետ եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցիները։