Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՅՈՒՆԻՍ Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՊԱՀՔԻ

ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՅՈՒՆԻՍ
Գ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ
ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ՊԱՀՔԻ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 1:2-15

 

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:1-8

Շաբաթ օր մը, Յիսուս ցորենի արտերուն մէջէն կ’անցնէր։ Աշակերտները անօթեցած ըլլալով, սկսան հասկ փրցնել եւ ուտել։ Երբ Փարիսեցիները ասիկա տեսան, ըսին Յիսուսի.

Տե՛ս, աշակերտներդ ի՛նչ կ’ընեն. բան մը, որ մեր Օրէնքը կ’արգիլէ Շաբաթ օրով ընել։

 

Յիսուս պատասխանեց .

Չէ՞ք կարդացած թէ ի՛նչ ըրաւ Դաւիթ, երբ ինք եւ իր հետ եղողները անօթեցան։ Աստուծոյ տունը չմտա՞ւ եւ առաջաւորութեան հացերը չկերա՞ւ, բան մը՝ որ Օրէնքին համաձայն արտօնուած չէր իրեն եւ ոչ ալ իրեն հետ եղողներուն, այլ միայն քահանաներուն։ Կամ չէ՞ք կարդացած Օրէնքին մէջ, թէ Շաբաթ օրերը քահանաները տաճարին մէջ կը սրբապղծեն Շաբաթ օրը եւ սակայն ատիկա մեղք չի համարուիր իրենց։ Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս։ Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ», այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները, որովհետեւ Մարդու Որդին Տէրն է Շաբաթին։

 

ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 6:12-23

Այսուհետեւ մեղքը թող չթագաւորէ ձեր մահկանացու մարմիններուն մէջ, զանոնք իր ցանկութեանց հնազանդեցնելով։ Մեղքին անձնատուր մի՛ ըլլաք, ձեր անդամները անիրաւութեան գործիք դարձնելով, այլ՝ որպէս մահուընէ կեանքի եկած մարդիկ , դուք ձեզ Աստուծոյ յանձնեցէք եւ ձեր մարմինները Աստուծոյ ձեռքին մէջ արդարութեան գործիք դարձուցէք։ Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք Օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին։

Ուրեմն ի՞նչ. քանի շնորհքին ենթակայ ենք եւ ոչ Օրէնքին, մե՞ղք գործենք։ Բնա՛ւ երբեք։ Լաւ գիտցէք, թէ որո՛ւ ծառայութեան որ նուիրուիք եւ հնազանդիք, անոր ծառան եղած կ’ըլլաք։ Մեղքին ծառայելով՝ մահուան կ’ենթարկուիք, մինչ Աստուծոյ հնազանդելով՝ կ’արդարանաք։ Գոհութիւն Աստուծոյ, որ թէպէտ ժամանակ մը մեղքին ծառայ դարձած էիք, բայց որովհետեւ սրտանց հնազանդեցաք ձեզի աւանդուած վարդապետութեան օրինակին, մեղքի տիրապետութենէն ազատեցաք եւ արդարութեան ծառայ դարձաք։ Ծառայի օրինակով կը խօսիմ, որովհետեւ այդպէս աւելի հասկնալի է ձեզի։ Ինչպէս որ ժամանակ մը ձեր մարմինները անօրէնութեան տուած՝ պղծութեան եւ անօրէնութեան կը ծառայէիք, այնպէս ալ հիմա սրբութեան տուէք ձեր մարմինները եւ արդարութեան ծառայեցէք։ Երբ մեղքին ծառայ էիք, հեռու էիք արդարութենէն։ Ի՞նչ շահեցաք այն ժամանակուան ձեր գործերէն, որոնցմէ կ’ամչնաք հիմա. որովհետեւ անոնց հետեւանքը մահ է։ Բայց հիմա մեղքին տիրապետութենէն ազատ էք եւ Աստուծոյ ծառաներն էք։ Ձեր շահը սրբութեան նուիրուած կեանք մըն է, որուն արդիւնքը պիտի ըլլայ յաւիտենական կեանքը։ Որովհետեւ մեղքին վարձատրութիւնը մահ է, մինչ Աստուած որպէս ձրի պարգեւ՝ յաւիտենական կեանք կու տայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։