ԼՍԵՆՔ ԵՒ ՀԵՏԵՒԻՆՔ ՀԱՒԱՏՔԻ ՄԵՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ
Այսօր՝ Հոգեգալուստի երրորդ Կիրակին, Հայց․ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն Սուրբ Էջմիածնի տօնն է։ Աւետարանի ընթերցման համար նշուած է Յհ 10.22-30, ուր կը կարդանք, թէ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Երուսաղէմի մէջ կը մասնակցի Սողոմոնի տաճարի նաւակատիքի տօնակատարութեան։ Սիւնագաւիթին մէջ երբ հրեաներ Իրեն կը հարցնեն, եթէ Ի՛նքն է Մեսիան՝ Քրիստոսը, յստակ կերպով ըսէ, Յիսուս կ՚ափսոսայ անոնց խստասրտութեան վրայ, որ այնքան հրաշքներ վկայելէ եւ Իր խօսքերը լսելէ ետք դեռ եւս նման հարց կու տան, եւ իր խօսքը եզրակացնելով կ՚ըսէ․ «Դուք չէք հաւատար, որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք: Ես ոչխարներս կը ճանչնամ. անոնք ձայնս կը լսեն եւ կը հետեւին ինծի, եւ ես անոնց յաւիտենական կեանք կու տամ. անոնք բնաւ պիտի չկորսուին: Ոչ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս․․․»։
Հովիւի պատկերի գործածութեան մասին նախապէս խօսած ենք, սակայն նոյնը այստեղ գործածուած է աւելի ընդլայնուած շրջագծի մէջ։ Ուստի վայելենք զայն լուսարձակի տակ բերելով կարգ մը յաւելեալ կէտեր։
ա․ Կենդանի եւ ուղիղ յարաբերութիւն կայ ինչպէս ոչխարի եւ հովիւի, նոյնպէս հաւատացեալի եւ Քրիստոսի միջեւ։ Այս աշխարհի մէջ կամ զանազան ձայներ, տեսակէտներ, խորհրդատուներ։ Խիստ կարեւոր է գիտնալ, թէ որո՞ւ ուշադրութիւն կ՛ընծայենք, կը լսենք եւ կը հետեւինք։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ մեզ, որ Ստեղծագործութենէն ի վեր մարդկութեան մեծագոյն ողբերգութիւնը եղած է այն, որ մեր նախածնողաց նման գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար կը լսենք ու կը հետեւինք Խաբեբային, որ ամէն միջոց գործածելով կը խոստանայ մեզի հանգստութիւն, բարգաւաճութիւն եւ պատիւ, սակայն կ՛առաջնորդէ անկումի, դժբախտութեան եւ շնորհազրկումի, ինչպէս Առակաց գրքի հեղինակը կ՛ըսէ. «Ճամբայ կայ որ մարդուն շիտակ կ՛երեւի, բայց անոր վերջաւորութիւնը մահուան ճամբան է» (Առ 14.12)։ Ուստի անհրաժեշտ է, որ լսենք մեր Տիրոջ ձայնը եւ սաղմոսասացին նման միշտ խնդրենք. «Քու բարի Հոգիդ թող զիս ուղիղ երկիր առաջնորդէ» (Սղ 143.10)։
բ․ Հովիւը գիտէ բոլոր անոնք, որ Իր ձայնը կը լսեն, որովհետեւ Ան իր փառքէն խոնարհելով մեր մեղաւոր բնութիւնը առաւ եւ զայն մաքրեց։ Ինչպէս որ երբ Սողոմոն Իմաստուն հրամայեց որ մանուկը կտրեն եւ բաժնեն խորթ եւ հարազատ մայրերու միջեւ, եւ առաջինը ուրախացաւ, նմանապէս Չարը մեր կորուստով կ՚ուրախանայ, մինչ հարազատ մօր նման Յիսուս կը հոգայ իւրաքանչիւրիս կեանքին համար, զոր վերստին ծնաւ։ Իր փրկարար արիւնով։
գ․Երկու խոստում ունինք մեր առջեւ՝ Խաչէն առաջ եւ վերջ։ Սատանան մեր նախածնողաց խաբկանքով պարուրուած խոստում տուաւ, թէ՝ «աստուածներու նման պիտի ըլլաք» (Ծն 2.5), եւ անոնք զրկուեցան այն փառքէն որ արդէն իսկ շնորհուած էր իրենց, ինչպէս գրուած է. «Դուք բոլորդ աստուածներ էք, Բարձրեալին զաւակները» (Սղ 82.6)։ Քրիստոս Իր Վարդապետութեամբ միշտ յիշեցուց մեր աստուածային ինքնութիւնը, ըսելով՝ «կատարեալ եղէք ձեր երկնաւոր Հօր նման» (Մտ 5.48), նաեւ՝ «Չէ՞ որ ձեր *Օրէնքին մէջ գրուած է՝ «Ես ըսի թէ աստուածներ էք» (Յհ 10.34)։ Եւ վերջապէս, խոստացաւ յաւիրենական կեանք՝ փրկագին տալով իր կեանքը (Մտ 20.28): Այդ կեանքը անկորնչելի է, որովհետեւ յաւերժական կեանք՝ Քրիստոսով է, որուն հետ պիտի վայելենք անդադար կեանքի լրումը, որ ծանօթ է միայն Իրեն՝ կեանքի Աղբիւրին։
դ․ Ապահովութիւնը որ մեզի տուաւ մեր տէրը Քրիստոս, թէ «ո՛չ ոք պիտի կարենայ զանոնք յափշտակել իմ ձեռքէս», խաղաղարար գերագոյն օրհնութիւն է մեր մտքին, սրտին ու հոգիին համար, անդրանզնելով ամէն վախ որ ծնունդ է կորուստի, բաժանումի, նոյնիսկ մահուան։ Ասիկա ո՛չ զգացական եւ ո՛չ ալ հռետորական խոստում մըն է, այլ՝ լաւագոյնս փորձարկուած է բոլոր այն հողեղէններու կողմէ, որոնց սրտերը բոցավառեցան սիրովը Անոր՝ որ նախ մեզ սիրեց։ Բոլոր դարերու սուրբերը, Սուրբ Կոյս Աստուածամայրէն ու Սուրբ Ստեփաննոսէն սկսեալ, անխտիր կը վկայեն կենսատու այս խոստումին անխախտելիութեան, որ պարգեւուած է բոլոր դարերու հաւատացեալներուն։
Ուստի, միշտ զգաստ ըլլանք լսելու Իր ձայնը եւ հետեւելու Իրեն, որպէսզի մասնակից ըլլանք յաւիտենական կեանքի։