Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՊԱՔՈՒԻ «ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆ» ՕՐԻՈՐԴԱՑ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ (14 Յունիս, 1869)

Ատրպէյճանական պատմութեան նենգափոխումը սահմանափակուած չէ Արցախի, Նախիջեւանի կամ Գանձակի պատմական տարածքներուն մէջ հայկական ներկայութեան ժխտումով։ Ան կը հասնի մինչեւ հայութեան 150ամեայ ներկայութիւնը Պաքուի մէջ, որ կարեւոր դեր ունեցած է քաղաքի բարգաւաճման մէջ՝ 1872ին առաջին քարիւղի հորի բացումէն ի վեր։

Այդ դէպքէն առաջ, հայկական օրիորդաց հնագոյն վարժարաններէն մէկը հիմնուած էր Պաքուի մէջ 14 Յունիս, 1869ին, թէեւ փաստաթուղթ մը 1870 թուականը կու տայ։ Սկզբնապէս կոչուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իսկ 1873ին վերամկրտուած է Հռիփսիմեան կոյսերու անունով։

Դպրոցը գործած է թեմական իշխանութեան տակ եւ հովանաւորուած է Հայոց Մարդասիրական Ընկերութեան կողմէ։ 1872ին նախապատրաստական եւ առաջին դասարաններ ունէր՝ 36 աշակերտներով։ Նախապատրաստական դասարանին մէջ կ՚աւանդուէին հայերէնի ընթերցում եւ գեղագրութիւն, քրիստոնէական ուսմունք, ռուսերէնի ընթերցում եւ գեղագրութիւն, հանրահաշիւ, ձեռագործ եւ երգեցողութիւն։

Առաջին դասարանին մէջ դասաւանդուած են հայերէնի քերականութիւն, գրաբարէ աշխարհաբար թարգմանութիւն, քրիստոնէական ուսմունք եւ սրբազան պատմութիւն, հայոց պատմութիւն, ռուսերէնի ընթերցում, թարգմանութիւն եւ գեղագրութիւն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ բնական գիտութիւն (ռուսերէնով), ձեռագործ եւ երգեցողութիւն։

«Հռիփսիմեան» դպրոցը 100 աշակերտներ ունէր 1880ական թուականներուն։ Փակուած է 1885ին, բայց վերաբացուած՝ յաջորդ տարին, Մարդասիրական Ընկերութեան շէնքին մէջ։ 1888-1889 ուսումնական տարեշրջանին 137 աշակերտներ ունէր, որոնցմէ 123 հոգի կը պատկանէին վաճառականներու եւ արհեստաւորներու ընտանիքներու։ 87 աշակերտներ դասարան փոխած են։

Նոր շէնքը հիմնուած է 1891ին։ Դպրոցը 250 աշակերտ ունէր 1896ին, երբ ցարական կառավարութիւնը փակած է զայն՝ ռուսականացման քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Վերաբացուած է 1906ին, 368 աշակերտներով, իբրեւ երկդաս դպրոց։ Սակայն, 1909-1910 տարեշրջանին, «Հռիփսիմեան» վարժարանը աստիճանաբար վերափոխուած է եօթնամեայ միջնակարգի մը՝ հայկական դպրոցներուն ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով։ 1911-1912ին, աշակերտութեան թիւը իջած է 287ի, բայց 1914ին վերստին բարձրացած է, հասնելով 399 աշակերտի՝ 14 ուսուցիչներով։

«Հռիփսիմեան» օրիորդաց դպրոցը միջնակարգ կրթութեամբ առաջին շրջանաւարտները տուած է 1917ին։ Երեք տարի ետք, Ատրպէյճանի խորհրդայնացումէն ետք (Ապրիլ 1920), դպրոցը պետականացման ենթարկուած է եւ վերածուած՝ երկսեռ վարժարանի։