Կիրակի, 13 Յունիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ֆիլատելֆիայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի նորագոյն հրատարակութեան՝ Գուրգէն Սարգիսեանի «Իմ յուշերը (1914-1921)» երկլեզու հատորին ներկայացումը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ։ Ներկայ էր նաեւ Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան՝ արտահաս հովիւ, որ հիւրաբար պատարագած ու քարոզած էր։
Ներկայացումը կատարեց Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ հատորի խմբագիրն ու թարգմանիչն է։ Հայերէն ու անգլերէն իր խօսքին մէջ, բանախօսը անդրադարձաւ հատորի պատրաստութեան մանրամասնութիւններուն, յայտնելով, թէ 1970ական թուականներէն անաւարտ ու անտիպ մնացած ձեռագիրը զինք անակնկալի բերած էր, հանդիպելով դէմքի մը, որուն վաստակը մոռացութեան մատնուած էր եւ որուն յուշագրութիւնը, իր անաւարտ վիճակով հանդերձ, ուշադրութեան արժանի էր։ Հեղինակի ինքնատիպ մանրամասնութիւնները այդ շրջանի մասին, յայտնեց դոկտ. Մատթէոսեան, ափսոսալ կու տան, որ ան չէ ամբողջացուցած 1921էն ետք իր կեանքի նկարագրութիւնը, որ կ՚ընդգրկէր թատերական աշխատանքը, Փրակայի համալսարանի ուսանողական շրջանը, ռումանահայ համայնքի մէջ գործունէութիւն եւ Սիպերիոյ մէջ անցուցած աքսորի դաժան շրջանը։ Ան յայտնեց, թէ հատորի տեղեկութիւններու ճոխութիւնը կը պարտադրէր մանրակրկիտ աշխատանք մը՝ թէ՛ հեղինակին կենսագրութիւնը վերականգնելու եւ թէ՛ բնագիրը ծանօթագրելու համար։ Մէկ հատորի մէջ ամփոփուած հայերէն բնագիրն ու անգլերէն թարգմանութիւնը, աւելցուց, ընթերցողին արժէքաւոր վկայութիւն մը կը հրամցնեն 1914-1921ի բախտորոշ շրջանին Արեւելեան Հայաստանի, ինչպէս եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան մասին։
Հեղինակին թոռը՝ պրն. Վիքթոր Սարգիսեան, այնուհետեւ խօսք առաւ, շնորհակալութիւն յայտնելով թէ՛ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսին՝ այս հատորի հրատարակութեան նախաձեռնութիւնը ստանձելու, եւ թէ՛ դոկտ. Մատթէոսեանին՝ հատորի հրատարակութիւնը գիտական մակարդակով իրագործելու համար։ Ան քանի մը գիծերով վեր առաւ մեծ հօր կերպարը, յայտնելով, թէ հատորին ընթերցումը աւելի համապարփակ պատկեր մը ներկայացուց Գուրգէն Սարգիսեանի կեանքի ու գործունէութեան վրայ։
Փակման խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ոգեկոչեց Գ. Սարգիսեանը որպէս մեր անցեալի «խոնարհ հերոսներ»էն մէկը, որ իր պարտքը կատարած էր հայրենիքին հանդէպ, ու գնահատեց դոկտ. Մատթէոսեանի կատարած բծախնդիր աշխատանքը։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկ. Վիքթորի եւ Սթեֆանի Սարգիսեաններուն, որոնք Առաջնորդարանին վստահած էին հատորին հրատարակութիւնը եւ ստանձնած՝ անոր հովանաւորութիւնը։