ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ԿԸ ՍՈՐՎԻՆ ԽՈՒՆԿԻ ԵՒ ԲՈՒՐՎԱՌԻ ՄԱՍԻՆ ԿՐԱՆԻԹ ՍԻԹԻԻ ՄԷՋ
Վերջին շաբաթներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Կրանիթ Սիթի, Իլինոյ) կիրակնօրեայ վարժարանը շեշտը դրած է այն ձեւերուն վրայ, որոնցմով պատանիները կրնան ծառայել Եկեղեցւոյ։ Կիրակի, 13 Յունիսին, յաւարտ Ս. Պատարագի, աշակերտները դիմաւորեցին հոգեւոր հովիւ Տ. Դանիէլ Քհն. Մանճիկեանը դասարանին մէջ իրենց պատրաստած բուրվառներով։ Տէր Հայրը մանրամասնօրէն բացատրեց խունկի եւ բուրվառի իմաստը, նաեւ ցոյց տալով վերջինիս գործածութեան կերպը Ս. Պատարագի ընթացքին։ Ան նաեւ ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ գտնուող ուրիշ սպասներ, որոնք կը գործածուին Պատարագի ընթացքին։