Հայ լեզուի անկիւնը

ՕՂԻՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԶԱՐՄԻԿԸ

Ale-ը գարեջուրի նմանութեամբ անգլիական խմիչք մըն է, որ հինաւուրց արմատներ ունի։ Կոճապղպեղով (ginger) պատրաստուած եւ բուժական որոշ յատկութիւն ունեցող, սակայն ալքոլ չպարունակող զովացուցիչ մը կայ, որուն անունը, անծանօթ պատճառներով, ginger ale դարձած է։

Ale բառը (հին անգլերէն ealu) անգլերէն մտած է գերմանական մայր լեզուէն, ուր բառը վերակառուցուած է իբրեւ *alúþ-։ Թէեւ ծագումը վիճարկումի առարկայ է, կը թուի, թէ գերմանական բառին արմատը նախահնդեւրոպական բառ մըն է՝ *olú-t- (հիմքը՝ *helut-), որ սկզբնապէս կը նշանակէր «ոսկեայ կամ կարմրանման գոյն»։ Անկէ ծագում առած են *alú-þ- եւ օսական æluton («տեսակ մը գարեջուր») բառերը։ Հնդեւրոպական բառը նաեւ աղբիւրը եղած է սլաւոնական եւ պալթիական լեզուներու մէջ եղած բառերու, որոնց մեծ մասը «գարեջուր» կամ «մեղրախմիչք» (mead) կը նշանակեն, եւ նաեւ կրնայ անցած ըլլալ ոչ-հնդեւրոպական լեզուներու, ինչպէս ֆիններէնը, էստոներէնը եւ վրացերէնը (aludi «տեսակ մը գարեջուր»)։

Այս նախաբանէն ետք, անցնինք aleի հայերէն համարժէքին՝ օղի, որ կը գործածուի թորուած (զտուած) ոգելից ըմպելիներու համար, ինչպէս վոտկան կամ արաղը։ Ի դէպ, կայ նաեւ քիչ գործածուող բարկօղի բառը՝ «կոնեակ»ի որպէս հայացում։

Օղի բառը արդէն յայտնի է Աստուածաշունչէն (Ղկ 1.15) «ոգելից ըմպելի» հասկացողութեամբ, բայց պէտք է յիշել, թէ 5րդ դարուն, բառի բուն ձեւը աւղի էր (օ տառը  երեւան եկած է կիլիկեան շրջանին), ուր ղ-ն զօրաւոր լ մըն էր։ Հետեւաբար, աւղի բառի արմատը կրնայ եղած ըլլալ հնդեւրոպական *alu (< *olú-t) ձեւը, ուր alu դարձած է awl(i) իբրեւ հետեւանք դրափոխութիւն (հնչիւններու դիրքի փոփոխութիւն) կոչուած լեզուական գործընթացի մը։ Ի դէպ, աւղի ձեւը գրաբարի մէջ աւելի ուշ գրուած է նաեւ եաւղի եւ ուղի ձեւերով։

Հետաքրքրական է տեսնել, թէ ինչպէ՞ս օղի եւ ale բառերը իմաստային զգալի տարբերութիւն ունեցած են, թէեւ այդ իմաստները կապող ալքոլը տակաւին ի զօրու մնացած է խմողներու քիմքին մէջ…։