Աստուածաշնչական Ընթերցումներ

ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՅՈՒՆԻՍ Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ

ԿԻՐԱԿԻ, 20 ՅՈՒՆԻՍ
Դ. ԿԻՐԱԿԻ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ

ՃՇ. ԸՆԹԵՐՑՈՒՄ
Եսայի 1:21-31

ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԸՍՏ ՄԱՏԹԷՈՍԻ 12:38-45

Այն ատեն Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ Փարիսեցիներէն ոմանք ըսին Յիսուսի.

Վարդապե՛տ, կ’ուզենք որ հրաշք մը գործես եւ տեսնենք:

Յիսուս անոնց պատասխանեց.

Աստուծոյ անհաւատարիմ եւ չար սերունդ, նշան մը կ’ուզէք, բայց Յովնան մարգարէին նշանէն զատ ուրիշ նշան պիտի չտրուի ձեզի: Ինչպէս Յովնան երեք օր ցերեկ ու գիշեր կէտ ձուկի փորին մէջ մնաց, նոյնպէս ալ Մարդու Որդին երեք օր, ցերեկ ու գիշեր, պիտի մնայ երկրի ընդերքին մէջ: Դատաստանի օրը Նինուէացիները ձեզի դէմ պիտի ելլեն եւ դատապարտեն ձեզ, որովհետեւ անոնք Յովնանի քարոզութեամբ զղջացին իրենց մեղքերուն համար: Եւ ահա, Յովնանէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Դարձեալ, Դատաստանի օրը Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ եւ դատապարտէ ձեզ, որովհետեւ անիկա իր հեռաւոր երկրէն եկաւ Սողոմոնի իմաստուն ուսուցումները լսելու համար: Եւ ահա, Սողոմոնէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս:

Երբ չար ոգին դուրս կ’ելլէ մարդու մը մէջէն, կ’երթայ եւ անջրդի վայրեր կը շրջի՝ հանգիստ տեղ մը գտնելու համար: Եւ երբ չի գտներ, ինքնիրեն կ’ըսէ. «Ելլեմ երթամ իմ տունս, ուրկէ ելայ»: Ուստի կը վերադառնայ իր նախկին տունը եւ զայն կը գտնէ պարապ, մաքուր եւ յարդարուած: Ապա կ’երթայ եւ կը բերէ իրմէ աւելի չար եօթը այլ ոգիներ, որոնց հետ ներս մտնելով՝ կը բնակի հոն, որով այդ մարդուն վերջը իր նախկին վիճակէն աւելի գէշ կ’ըլլայ: Գիտցէ՛ք, որ նոյնը պիտի պատահի նաեւ այս չար սերունդին:

 

ԹՈՒՂԹ ՀՌՈՄԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ 7:25-8:11

Ապա ուրեմն, ես ինքս միտքով Աստուծոյ Օրէնքին կը ծառայեմ, իսկ մարմինով՝ մեղքի օրէնքին:

Եթէ այդպէս է, կը նշանակէ թէ անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի միացած են, դատապարտութեան ենթակայ չեն, քանի մարմնաւորապէս չեն ապրիր, այլ՝ հոգեւորապէս: Որովհետեւ Հոգիին Օրէնքը զիս Քրիստոս Յիսուսի միացնելով կենդանացուց եւ ազատեց մեղքի եւ մահուան ենթակայութենէն: Արդարեւ, ինչ որ Օրէնքը չէր կրնար ընել, մարդկային բնութեան տկար ըլլալուն պատճառով, Աստուած իրագործեց՝ աշխարհ ղրկելով իր Որդին, որ մեղքը յաղթահարելու համար մեր մեղանչական բնութիւնը իր վրայ առաւ եւ իր մարմինին մէջ դատապարտեց մեղքը, որպէսզի մենք, որ հոգեւորապէս կ’ապրինք եւ ո՛չ մարմնաւորապէս, կարենանք լրիւ գործադրել Օրէնքին բոլոր պահանջքները: Անոնք որ միայն իրենց մարմնական պահանջքներով կը ղեկավարուին , անոնց մտածելակերպը մարմնական է. մինչդեռ անոնք որ Հոգիին թելադրած ձեւով կ’ապրին, անոնց մտածելակերպը հոգեւոր է: Մարմնականը խորհիլը մահ կը պատճառէ, մինչ հոգեկանը խորհիլը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն: Մարմնականին կառչած միտքը Աստուծոյ թշնամի է, որովհետեւ Աստուծոյ օրէնքներուն չի հնազանդիր, ո՛չ ալ կրնայ հնազանդիլ: Ահա թէ ինչու, անոնք որ մարմնականին կը հետեւին, Աստուծոյ հաճելի չեն կրնար ըլլալ :

Եթէ իրապէս Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, կը նշանակէ՝ թէ դուք այլեւս մարմնական ցանկութիւններուն համաձայն չէք ապրիր, այլ՝ Սուրբ Հոգիին կամեցած ձեւով: Իսկ ով որ Քրիստոսի Հոգին չունի, անոր չի պատկանիր: Եթէ Քրիստոս ձեր մէջն է, թէպէտեւ ձեր մարմինները պիտի մեռնին, որովհետեւ մեղանչեցիք, սակայն Սուրբ Հոգին դարձեալ կեանք պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ արդարացաք։ Այսինքն , եթէ Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ կը բնակի, Աստուած՝ որ Յիսուս Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, իր Հոգիին միջոցաւ՝ որ ձեր մէջ կը բնակի, պիտի կենդանացնէ նաեւ ձեր մահկանացու մարմինները։