«ՈՂՈՐՄՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՄ ԵՒ Ո՛Չ ԶՈՀ»
Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 13 Յունիս
Այսօր, համաձայն Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին, Հոգեգալուստի չորրորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանէն՝ 12.1-8։ Շաբաթ օր մը Յիսուս ցորենի արտի մը մէջէն կ՚անցնէր։ Աշակերտները անօթենալով, ցորենի հասկ կը փրցնեն եւ կ՚ուտեն։ Փարիսեցիները կը քննադատեն այս օրինազանցութիւնը։ Քրիստոս կը յիշեցնէ իրենց նմանօրինակ պարագաներ՝ Դաւիթ թագաւորի, ինչպէս նաեւ Տաճարին մէջ քահանաներու կողմէ գործուած։ Ապա կ՚եզրափակէ, ըսելով․ «Ահա կ’ըսեմ ձեզի, որ տաճարէն աւելի մեծ մէկը կայ հոս: Եթէ իրապէս հասկնայիք թէ ի՛նչ կը նշանակէ Աստուծոյ սա խօսքը. «Ողորմութիւն կ’ուզեմ եւ ո՛չ թէ զոհ», այն ատեն չէիք դատապարտեր անմեղները»։
- Այս ընթերցումը այն քիչ հատուածներէն է, ուր քարոզութեան կամ հրաշքի չենք հանդիպիր, այնուամենայնիւ, օգտակար ուսուցում կը գտնենք հոն, ուրկէ կ՚ուզեմ քաղել հետեւեալ կէտերը։
Կասկած չկայ, որ Շաբաթը սուրբ պահելու օրէնքը ամենայն բծախնդրութեամբ կը պահուէր որպէս Տասնաբանեայի պատուիրաններէն մին։ Կարելի՞ էր ենթադրել, որ Ինք՝ օրէնքը հաստատողը, տեղեակ չէր այս տրամադրութեան։ Քրիստոս, առանց օրէնքներու եւ պատուիրաններու խորքը երթալու, կը թարմացնէ օրէնսդիրներու հաւաքական գիտակցութեան մէջ երկու կարեւոր կէտեր.
ա, Աստուծոյ կողմէ տրուած Շաբաթը սուրբ պահելու օրէնքը յստակ կերպով մէկ նպատակ կը հետապնդէր՝ շաբթուան բոլոր օրերու մտահոգութիւններէն ձերբազատիլ, գլխաւորաբար աշխատելէ, նուիրուելու համար Աստուծոյ եւ ինչ որ Իրեն հաճելի է։ Երբ մեր գործերու ընդհանուր նկարագիրը քննենք, պիտի տեսնենք որ կեդրոնական տեղը մեր ԵՍը կը գրաւէ։ Կ՚աշխատինք մե՛ր բարօրութեան համար, որպէսզի իրագործենք մե՛ր երազները եւ ապահովենք մեր գոհունակութիւնն ու հանգիստը։ Աստուած եթէ մէկ օր կ՛ուզէ մեզ անջատել մեր հեւքոտ ընթացիկ վազքէն, անոր համար է որ կ՚ուզէ մեզ զօրացնել յաջորդ վեց օրերուն համար։ Մեր գործին յառաջդիմութեան ու յաջողութեան համար եթէ մշտական կերպով կը խորհրդակցինք մասնագէտներու հետ, կասկած չկայ որ մեր Արարչին ու Հօր հետ թանկագին ժամանակ երբ անցընենք, առանձնաշնորհում ըլլալով մէկտեղ, ատիկա մե՛ր իսկ օգտին համար կ՚ըլլայ։
Աստուծոյ պատուիրանը՝ հանգիստ ընելու, չ՚ենթադրեր չհոգալ մեր կարիքները եւ կամ բարի գործեր չընել։ Հրեաները իրենց ծայրայեղ զգուշութենէն ու նախանձախնդրութենէն մղուած, Շաբաթ օրուան պատուիրանապահութիւնը այնքան ծանրաբեռնած էին մանրամասնութիւններով, որ նոյնիսկ ճշդած էին թէ այդ օր ի՞նչ հեռաւորութեամբ մէկը կրնայ ճամբորդել եւ կամ որքա՞ն ծանրութեամբ առարկայ արտօնուած էր կրել, եւ այլն։ Ինչպէս որ հնախոյզ մը քարի եւ հողի խաւերը մաքրելէ ետք երեւան կը բերէ թանկագին հնութիւն մը, նմանապէս հոգեւոր Հնախոյզը՝ Քրիստոս, քննադատները կը հրաւիրէ հրաժարիլ քարացած յաւելուածներէ, եւ փոխարէն՝ պատուիրաններու կենսական պատգամը վայելել, որ է՝ հանդիպիլ Տիրոջ, նորոգել մեր մէջ Աստուծոյ պատկերը, որ եղծուած է մեղքով, եւ Աստուծոյ ուղղահայեաց սէրը գործադրել հորիզոնական տարողութամբ՝ մեր նմաններուն եւ առհասարակ ստեղծագործութեան հանդէպ։
բ․ Ո՛չ մէկ կասկած որ փարիսեցիները Հին Կտակարանը լրիւ, ինչպէս ժողովրդական ասոյթով կ՛ըսենք, գոց գիտէին, եւ Յիսուսի մէջբերումը գաղտնիք մը չէր։ Մեր Տիրոջ մտադրութիւնը ձաղկել չէր իր յիշած դէմքերը, այլ այպանել Փարիսեցիներուն կեղծաւորութիւնը, որոնք կրկնակի չափանիշ կը գործածէին։ Մինչ հանդուրժող էին հեղինակութեանց կողմէ եղած պատուիրանազանցութեանց, անդին ծայրայեղ քննադատ էին ժողովուրդին նուազագոյն օրինազանցութեանց։ Ահա թէ ինչու Յիսուս «վայ»երու շարանով ողբաց անոնց սրտի կուրութիւնը (Մտ 23.16-36)։
- Օրինապահութիւնը, որքան որ բարձրօրէն ցանկալի եւ գովելի է, Յիսուս դարձեալ կը յիշեցնէ իր ունկնդիրներուն մարգարէներու պատգամին հիմնական կորիզը, թէ «Աստուած ողորմութիւն կ՛ուզէ եւ ո՛չ զոհ»։ Ճիշդ է, որ Հնգամատեանին մէջ, Հին Կտակարանի առաջին հինգ գիրքերուն, որոնց հեղինակութիւնը Մովսէս մարգարէի կը վերագրուի, պարտադիր էր մեղքերու քաւութեան համար։ Այնուհանդերձ, մեծ թագաւոր եւ մարգարէ Դաւիթը չվարանեցաւ խոնարհաբար խոստովանելու, թէ իր մեղքերը կարելի չէր զոհով քաւել, այլ միայն խոնարհ, բեկանուած հոգիով (Սղ 51.17). Աւելի ուշ, այլ մարգարէներ Աստուծոյ կողմէ ազդարարեցին ժողովուրդը, ինչպէս Եսային, որ ըսաւ․ «Չեմ հաճիր այլեւս այս բոլոր զոհերուն․ ցուլերու, գառնուկներու եւ այծերու առիւնը չի գոհացներ զիս» (Ես 1.11), իսկ Ովսէ մարգարէն, դարձեալ Աստուծոյ կողմէ յստակ պատգամեց, թէ «ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ո՛չ զոհ» (Ովսէ 6.6)։
Բոլոր զոհերն ալ, ըլլայ գոհաբանութեան կամ քաւութեան համար, փոխատուութիւն մըն են Աստուծոյ կողմէ մեր ստացածներուն։ Շնորհակալ կ՛ըլլանք Աստուծոյ հիւանդութենէ առողջանալու համար, յաջողութեան համար, եւ այլն։ Աստուած կ՚ակնկալէ մեզմէ նաեւ, որպէս Իր պատկերը կրող արարածներ, մեր սէրը տարածենք մեր հարազատներուն, բայց նաեւ անծանօթներու վրայ։ Որքան որ նիւթական օժանդակութեամբ եւ շօշափելի կերպով կ՚ըմբռնենք այս վերաբերումը, սակայն միայն այս սահմանին մէջ պէտք չէ մնայ, այլ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կը սորվեցնէ մեզի երբ կ՛աղօթէ, ըսելով. «Ամենողորմ Տէր, ողորմէ բոլոր Քեզի հաւատացողներուն, ազգակիցներուս եւ օտարներուն, ծանօթներուս եւ անծանօթներուն»։ Այո՛, աղօթել եւ կամ ազնիւ վերաբերում ունենալ կարիքաւորներու հանդէպ նոյնքան ընդունելի է Տիրոջ եւ մեզ կը դարձնէ հարազատ զաւակները Աստուծոյ։
Հայաստանեայց Եկեղեցին երէկ տօնախմբեց Սուրբ Ներսէս Մեծի յիշատակը, որ չորրորդ դարու բարեգործութեան ախոյեան մը հանդիսացաւ։ Քրիստոսի եւ մարգարէներուն հետքերով ընթացող այս մեծ սուրբը կը հրաւիրէ մեզ, որ բարեգործութիւն ընենք աշխարհի տարբեր մասերուն տառապող կարիքաւոր մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, նաեւ անծանօթներուն։ Վստահ որ սիրով զեղուն մեր արարքը հաճելի պիտի ըլլայ աւելի քան որեւէ զոհ մեր երկնաւոր Հօր, որուն կը վայելէ փառք եւ պատիւ Իր զոհուած Որդիին եւ կենդանարար Սուրբ Հոգիին հետ։ Ամէն։