Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերա-տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ մեր հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեամբ, տէր եւ տիկ. Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան՝ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային ու ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը: Ծրագիրը պիտի գործէ Յուլիս-Հոկտեմբեր 2021ին։
Անցնող երկու տարիներու ընթացքին տէր եւ տիկ. Պէզիքեանները զանազան կերպերով օգտակար հանդիսացան լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս բարձրօրէն գնահատած է անոնց ազգանուէր ու հոգածու վերաբերումը: