Հայկական երաժշտութեան հանդէպ իր հետաքրքրութենէն մեկնելով, ամերիկահայ մեձձօ-սոփրանօ Քէթի Պէրպէրեան դարձած է ժամանակակից երաժշտութեան նորարար անուններէն մէկը թէ՛ իբրեւ երգչուհի եւ թէ՛ իբրեւ երգահան։ 1966ին հրատարակուած յօդուածի մը մէջ, ան ուրուագծած է ձայնի նոր դերը ժամանակակից երաժշտութեան մէջ, ուր երգիչը պէտք է իր ձայնը գործածէ ձայնային հոլովոյթի բոլոր բաժիններուն մէջ։
Բուն անունով՝ Քէթրին Անահիտ Պէրպէրեան, ծնած է Էթլպորօ (Մասաչուսեթս), 4 Յուլիս, 1925ին։ 12 տարեկանին, ընտանիքը փոխադրուած է Նիւ Եորք, ուր աւարտած է Ճուլիա Ռիչման երկրորդական վարժարանը։ Կանուխ տարիքէն հետաքրքրուած է հայկական ժողովրդական երգ ու երաժշտութեամբ, ինչպէս եւ օփերային երաժշտութեամբ։ Դաշնակի, ձայնամարզութեան եւ հայկական պարի դասերու յաճախած է։ Դպրոցական տարիներուն եղած է հայկական ժողովրդական երգի խումբի մը տնօրէնն ու մեներգիչը։ Բարձրագոյն ուսման հետեւած է Նիւ Եորք համալսարանին մէջ, սակայն ուսումը կիսատ ձգած է ու յաճախած՝ Գոլումպիա համալսարանի թատրոնի եւ երաժշտութեան գիշերային դասընթացքներուն։ 1948ին մեկնած է Փարիզ, ուր երաժշտութեան դասեր առած է նշանաւոր սոփրանօ Մարիա Ֆրէօնտէն։ Յաջորդ տարի տեղափոխուած է Միլան, ուր յաճախած է տեղւոյն նշանաւոր երաժշտանոցը։
1950ական թուականներու սկիզբներուն քանի մը ուսանողական արտադրութիւններու, ձայնասփիւռի հաղորդումներու եւ անպաշտօն համերգներու մասնակցելէ ետք, 1957ին Պէրպէրեան առաջին անգամ պաշտօնապէս բեմ բարձրացած է Նափոլիի ժամանակակից երաժշտութեան փառատօնի մը ընթացքին։ Միլանի երաժշտանոցին մէջ, հանդիպած է ուրիշ ուսանողի մը՝ ապագայ աշխարհահռչակ երգահան Լուչիանօ Պերիոյին (1925-2003), որուն հետ ամուսնացած է 1950-1964ին եւ ունեցած դուստր մը։ Դարձած է Պերիոն ներշնչող մուսան ու աշխատակիցը իրենց ամուսնութեան շրջանին եւ անկէ ետք։ 1950-1970ական թուականներուն, վերջինս քանի մը գործեր գրած է Ք. Պէրպէրեանի համար, եւ անոր մահէն ետք յատուկ գործ մը յօրինած է անոր յիշատակին, որ առաջին անգամ ներկայացուած է 1984ին։
Ապրելով Միլանի մէջ, Քէթի Պէրպէրեան գործակցած է բազմաթիւ նորարար ժամանակակից երգահաններու հետ, ինչպէս Պերիօ, Ճոն Քէյճ, Տարիուս Միլօ, Իկոր Ստրաւինսկի եւ ուրիշներ։ Բազմաթիւ ձայնային սեռեր ներկայացուցած է դասական ծիրին մէջ, ներառեալ «Պիթըլզներ»ու գործեր։ Մեկնաբանած է դասական եւ օփերային, աշխարհի տարբեր ժողովուրդներու երգեր, ճազ եւ ռոք երգեր։ Հայկական երգին միշտ տեղ տուած է իր համերգներուն։ Իբրեւ երգահան, գրած է ինքնատիպ գործեր՝ “Stripsody” (1966) եւ “Morsicat(h(y)” (1969)։ 1970ական թուականներուն, դասաւանդած է Գանատայի եւ Գերմանիոյ մէջ։ 1957էն սկսեալ, աւելի քան երկու տասնեակ ձայնապնակներ ձայնագրած է։ Ձայնագրած է նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի «Չեմ կրնայ խաղայ» եւ «Գարուն ա» երգերը, որոնք Կոմիտասի ծննդեան հարիւրամեակին առիթով հրատարակուած կրկնակ ձայնապնակի մը մաս կազմած են (1970)։
Կեանքի վերջին տարիներուն, Քէթի Պէրպէրեան առողջական լուրջ հարցեր ունեցած է գրեթէ ամբողջութեամբ կորսնցուցած է իր տեսողութիւնը։ 7 Մարտ, 1983ին, ծրագրուած էր իր ելոյթը իտալական հեռատեսիլի մէկ յայտագրին, սակայն նախորդ օրը մահացած է սրտի կաթուածէ Հռոմի մէջ։ Տեղի ունեցած է դիակիզում, իսկ Մարտ 13ին աճիւնը փոխադրուած է Միլան, ուր եկեղեցական արարողութիւն կատարուած է Միլանի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Յետ մահու, Քէթի Պէրպէրեանի գործերը լոյս տեսած են կամ վերահրատարակուած՝ շուրջ երկու տասնեակ խտասալիկներով։