Առաջնորդ Սրբազան Հօր Քարոզը

ԲԱՐԻԻ ԵՒ ՉԱՐԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 27 Յունիս, 2021)

Այսօր, Հոգեգալուստի տօնի վեցերորդ Կիրակին, եկեղեցւոյ հայրերը Աւետարանի ընթերցում նշանակած են Աւետարան ըստ Մատթէոսի 13.24-30։ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս սերմնացանի առակէն ետք կը պատմէ ցորենի եւ որոմի առակը, որպէսզի իր ունկնդիրներուն աւելի մօտէն ճանչցնէ Երկնից Արքայութիւնը։ Ըստ որում, մարդ մը լաւ սերմեր կը ցանէ իր արտին մէջ։ Երբ ամէնքը կը քնանան, թշնամին կու գայ եւ որոմ կը ցանէ։ Ցորենի հասկերը երբ կ՛աճին, ծառաները զարմանքով կը նկատեն անոնց կողքին նաեւ որոմներ։ Անոնք հողատիրոջ արտօնութիւնը կը խնդրեն որպէսզի մաքրեն որոմները, սակայն ան դիտել կու տայ որ նման արարք մը պիտի վնասէ նաեւ ցորենին։ Ուստի, կը թելադրէ որ սպասեն մինչեւ հունձքը, երբ ցորենը շտեմարան պիտի ղրկուի, իսկ որոմները պիտի այրին։

Նախորդ եւ այս առակները երկրագործական կեանքէ առնուած պատկերներ են, որոնք քաղաքին մէջ ապրող ու աշխատողներու կեանքին հետ առնչութիւն չունենալով, շատ բան չեն ըսեր անոնց։ Սակայն, մենք կը հաւատանք որ մեր Տիրոջ իւրաքանչիւր ուսուցումը, անկախ պարագաներէ, անմիջական պատգամ մը կը փոխանցէ բոլոր ժամանակներու սերունդներուն, մանաւանդ որ մեր Տէրը երկու առակ եւս պատմելէ ետք՝ 36-43 համարներուն մէջ,  յստակ կերպով կը բացատրէ Ցորենի ու որոմի առակը։ Ուստի, վայելենք այս հոյակապ առակին հունձքը։

ա. Ստեղծագործութիւնը ի սկզբանէ բարի էր, որովհետեւ Ստեղծիչը համակ բարութիւն է, ըստ այնմ՝ ամէն ինչ ստեղծուած էր բարի ըլլալու։ Ահա թէ ինչու ստեղծագործութեան պատմութեան իւրաքանչիւր հանգրուանին կը կարդանք՝ Աստուած տեսաւ որ բարի է (Ծն 1:4, 12, 18, 21, 25, 31)։ Ինչպէս Յակովբոս առաքեալ եւս կ՛ըսէ. «Միայն բարի նուէրները եւ կատարեալ պարգեւներն են որ կու գան երկինքէն, Հօր Աստուծմէ, որ լոյսի արարիչն է» (Յակ 1.17)։ Սիրող եւ խնամատար Արարիչը՝ բարութեան աղբիւրը, կարգ ու կանոնի, համերաշխութեան եւ գեղեցկութեան իր բնութիւնը ցոլացնելով առ հասարակ ստեղծագործութեան վրայ, Ան իր իմաստութեան ու ազատ կամքի պատկերով զարդարեց հողեղէն մարդ արարածը, իր շունչը փչելով անոր վրայ։

բ․ Բարի սերմն ու չար որոմը սերմանողներու յաջորդականութիւնը ինքնին լաւագոյնս կ՛ապացուցէ որ չարը յետսամուտ է արարչութեան մէջ։ Դրդապատճառը կրնայ ըլլալ հպարտութիւն, նախանձ, թշնամանք եւ կամ այլ մոլութիւններ, որոնք մեզմէ քօղարկուած են, բայց որոնք ծանօթ են Արարիչին։ Որոմի ցանքի ժամանակը կը հաստատէ, որ Չարը գաղտնաբար կը գործէ, նպատակ ունենալով առաւելագոյն չափով վնասել բարի արարչութիւնը։

գ․ Հողատիրոջ որոշումը բաւական հետաքրքրական է։ Ինքնին կ՚ապացուցէ որ ան դէպքերու ամբողջական ընթացքին հմուտ է։ Մինչ ծառաները կ՚աճապարէին որոմը արմատախիլ  ընել, առանց անդրադառնալու անոր պատճառած կողմնակի վնասներուն, կալուածատէրը կը յորդորէ համբերութեամբ սպասել մինչեւ հունձքը, եւ ապա ճակատագիրը որոշել ե՛ւ ցորենին, ե՛ւ որոմին համար։

Ինչպէս վերեւ ըսինք, այս առակը այնքան ալ սրտին չի խօսիր արհեստագիտութեան աշխարհի մէջ ապրողներուն համար։ Սակայն, եթէ ուշագրաւ կերպով զննենք, պիտի տեսնենք որ տարբեր ձեւով մեր կեանքին հետ եւս կ՛առնչուի ատիկա։ Արդարեւ, մեզմէ շատեր իրենց տան բակին կամ պատշգամի թաղարին մէջ ծաղիկի սերմեր կը ցանեն։ Երբ անոնք մեծնան, զարմանալիօրէն շրջապատուած կը տեսնենք բազմազան մոլախոտերով։ Երբ փորձենք վերջիններս արմատախիլ ընել, արմատները այնքան ընդելուզուած կ՚ըլլան ծաղիկի արմատներուն հետ, մեծ զարմանքով կը նկատենք որ ծաղիկն ալ դուրս կու գայ հողէն։ Ահա թէ ինչու հողատիրոջ խոհեմութիւնը իսկապէս գովելի է, որովհետեւ ծառաներուն պատուիրելով որ շուտիկութիւն չընեն, այլ համբերատար ըլլան, խորքին մէջ իր իմաստութեամբ կանխարգիլեց ցորենի տուժումը։

դ․ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս այս առակը պատմելով անշուշտ նպատակ չունէր երկրագործութեան յատուկ դաս տալ իր ունկնդիրներուն, այլ Իր սովորութեան համաձայն ստեղծագործութեան տարրերը գործածելով միշտ կը ջանար բանաւոր արարածներուն ջամբել Երկնքի Արքայութեան հասկացողութիւնը։ Այս մօտեցումով 13:36-43 համարներուն մէջ Ան կը բացատրէ, թէ Աստուած է բարի սերմնացանը, սատանան՝ որոմ ցանողը, դաշտը՝ աշխարհը, ցորենը՝ Արքայութեան զաւակները, որոմը՝ Չարին հետեւորդները։ Մինչ հունձքը կը ներկայացնէ Դատաստանի Օրը, երբ բարիներու եւ չարերու յաւիտենական վախճանը պիտի որոշուի։

Անգամ մը եւս կը պատգամուի, որ ո՛չ մէկ արդարացում կայ անոնց, որոնք կը մոռնան կամ կ՚անտեսեն Արդար Դատաստանի օրը, իրենք զիրենք  համոզելով որ Աստուած սէր ըլլալով, պատիժը չի ցոլացներ երկնաւոր Հօր էութիւնը։ Այդպիսիները միայն թող յիշեն Քրիստոսի եզրափակիչ խօսքը, թէ «ան որ ականջ ունի լսելու, թո՛ղ լսէ» (Մտ 13.43)։

Այս պարզ առակով Երկնքի Արքայութեան խորհուրդը այնքան մատչելի կերպով մեզի հրամցուելէ ետք,  մե՛նք եւս մասնակից ըլլանք անոնց որոնք «արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ» (Մտ 13.43), փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն: