Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔ ԵՒ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԶԱՆԻ ՕԾՈՒՄ՝ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Ուայթընզվիլի (Մասաչուսեթս) Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համայնքը։

Շաբաթ, 26 Յունիսի առաւօտուն, ան առաջնորդեց «Ազգային Առաջնորդարանը Ծուխերուն համար» նորակազմ յայտագիրը, մասնակցելով դրամահաւաքի նպատակով Black Stone State Park (RI)-ի մէջ 23.6 մղոն հեռաւորութեամբ հեծելարշաւի մը, որուն հասոյթը պիտի գործածուի յուշարձանի մը շինութեան։ Այնուհետեւ, միացաւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցող դաշտահանդէսի մասնակցող ծխականներուն, քաջալերելով անոնց անսակարկ զօրակցութիւնը համայնքին աշխոյժ գոյապահպանման համար։ Դրամահաւաքին ընդհանուր հասոյթը, տէր եւ տիկ. Փիթըր եւ Սելեսթ Պետիկեաններու՝ նուէրները կրկնապատկող խոստումով, հասաւ 3.000 տոլարի։

Կիրակի օր, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ առաւօտեան ժամերգութեան, յընթացս Սուրբ Պատարագի նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 26րդ տարեդարձի առթիւ Հայրապետական մաղթանքին ու քարոզեց։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եկեղեցւոյ նորաշէն գմբէթաւոր մկրտութեան աւազանը օծեց։ Յայտնենք, որ աւազանը շինուած է տէր եւ տիկ. Ճիմ եւ Փրիսիլա Ալթունեաններու նուիրատուութեամբ։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ ներքնայարկը ծխականներուն միանալով, Սրբազան Հայրը եզրափակեց համայնքը խանդավառող շաբաթը։