ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՄՆ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԸ
Չորեքշաբթի, 23 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունած է Սպիտակ Տան միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովի ներկայացուցիչ եւ նախագահ Ճօ Պայտընի խորհրդական Նատին Մէնզայի այցելութիւնը։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացած է քննարկելու կրօնական ազատութեան, մարդկային իրաւանց եւ ընդհանրապէս շրջանէն ներս Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առնչուած հարցեր: Նորին Սրբութիւնը յիշեալ հարցերուն գծով իր պատկերացումներն ու մօտեցումները փոխանցեց այցելուին՝ երկար տարիներու փորձառութեան լոյսին տակ, անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութեան ու Լիբանանի ներկայ կացութեան:
Հանդիպումէն ետք, Նատին Մէնզա այցելած է Սրբոց Նահատակաց մատուռ եւ «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ հաստատուած Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: