ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԱՄՆ-Ի ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆ
Կիրակի, 4 Յուլիսին, ամերիկեան անկախութեան տօնն է։ Ճոն Ատամզ մաս կը կազմէր հինգ հոգինոց այն յանձնախումբին, որ Թոմըս Ճէֆէրսընին օգնած է գրել անկախութեան հռչակագիրը։ Ան նախատեսած է, որ երկիրը դժուարին օրեր պիտի դիմագրաւէր։
«Լաւ գիտակից եմ թէ որքա՛ն ջանք, արիւն ու գանձ պիտի արժեն մեզի այս յայտարարութիւնը պահպանելը եւ այս նահանգներուն աջակցիլն ու պաշտպանելը», գրած է Ատամզ իր կնոջ՝ Ապիկէյլին, հռչակագրի ստորագրութենէն մէկ օր առաջ՝ 3 Յուլիս, 1776ին. «Կրնամ տեսնել, թէ նպատակը աւելի կ՚արժէ քան բոլոր միջոցները»։
Բառերու ոգին կը մնայ նոյնքան այժմէական, ինչպէս այդ օրերուն։ Այդ անկոտրում հաւատքն ու զօրեղ տեսիլքը Ամերիկան դարձուցած է լոյսի ու ազատութեան փարոս մը աշխարհի մէջ։