Առաջնորդարանէն

«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՎԱՂԸ

Ազգային Առաջնորդարանի «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հովանաւորութեամբ, իր առցանց գործունէութեան սկսաւ Երկուշաբթի, 28 Յունիսին, եւ իր աւարտին կը հասնի վաղը, Ուրբաթ, 2 Յուլիսին։ Լսարանին կը մասնակցին 12 համայնքներէ 13-18 տարեկան 51 պատանիներ, ինչպէս եւ 3 դասատուներ։

Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի հովանաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ լսարանը կը վարէ Գերպ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան՝ Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդ եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ։

Երկուշաբթի, 28 Յունիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը լսարանի բացումը կատարեց պատանիներուն ուղղուած քաջալերական պատգամով, ուր անդրադարձաւ համավարակի իր փորձառութեան՝ հաւատքի աչքերով դիտուած։ Խօսք առնելէ առաջ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս հրաւիրեց պատանիները համարավարակի ընթացքին իրենց դրական փորձառութիւնները եւ սորվածները բաժնեկցնելու։ Ահաւասիկ անոնց նշումներէն մէկ քանին.

«Սորվեցայ բոլոր պահերուն արժէքը»։ «Առիթը ունեցայ ընտանիքիս հետ աւելի ժամանակ անցընելու… եւ աւելի մտերիմ դարձանք»։ «Սորվեցայ միշտ հաւատք ունենալ եւ որ՝ լոյս կայ փապուղիի աւարտին»։ «Համավարակը զիս քաջալերած ու աւելի ժամանակ տուած է հաւատքիս յատկացնելու… [կարդալով] Աստուածաշունչը»։ «Սորվեցայ ընտանիքի կարեւորութեան մասին եւ թէ ինչպէ՛ս արժեւորել իւրաքանչիւր պահ»։ «Համբերատար ըլլալ»։ «Սորվեցայ գնահատել կեանքի այն փոքրիկ բաները, որոնց արժէք չենք տար»։ «Աւելի ժամանակ անցուցի ընտանիքիս հետ»։ «Սորվեցայ համբերատար ըլլալ եւ ամէն ինչի արժէք տալ կեանքին մէջ»։ «Ժամանակ անցընել բարեկամներու եւ ընտանիքի հետ»։ «Սորվեցայ միշտ յուսալից ըլլալ եւ յիշել, որ լաւ բաներ պիտի պատահին»։ «Հանդուրժողութի՛ւն»։ «Միշտ վստահիլ Աստուծոյ։ Ջանալ արժէք տալ բաներուն»։ «Սորվեցայ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենալ կեանքի դժուարին ժամանակներուն»։

Ամէն օր, ծրագիրը կը սկսի կարճ աղօթքով, որուն կը հետեւին երկու իրերայաջորդ դասախօսութիւններ՝ 30 վայրկեան տեւողութեամբ, տարիքային երեք խումբերու համար։ Երեք խումբերուն դասաւանդութիւնները միաժամանակ տեղի կ՚ունենան։ Այս տարուան դասատուներն են՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Ղեւոնդ Բէնդէզեան, Արժ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան, Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան, Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Թրթռեան, Արժ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան, Արժ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան, Արժ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեան, Արժ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեան, Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, Արժ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան, Բարշ. Տ. Ճորճ Ա. Սրկ. Լէյլէկեան եւ Բարշ. Տ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան։