ՀՐԱՇՔԷՆ ԱՆԴԻՆ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդածութիւնը, 4 Յուլիս, 2021)
Այսօր՝ Հոգեգալուստի եօթներորդ Կիրակին, Աւետարանի ընթերցումը Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանէն է, 14:13-21, ծանօթ՝ հինգ հազարի կերակրման հրաշքով։
Որքան ալ այս հրաշքը մեզ կը զարմացնէ որպէս բնութեան օրէնքը անդրանցնող հիանալի երեւոյթ մը, այնուամենայնիւ կը պարփակէ այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք կը հետաքրքրեն մեզ, եւ վստահ եմ որ մեր Տէրը Յիսուս Ինք եւս կ՚ուզէ որ անդրադառնանք անոնց։
ա․ Ճիշդ է, որ ժողովուրդին անապատ դիմելը՝ հանդիպելու համար Յիսուսին, որպէս դրդապատճառ ունէր հիւանդներու բուժումը, բայց եւ այնպէս ուշագրաւ է այնքան երկար ժամանակ հոն մնալը՝ լսելու համար Իր խօսքը, զերծ ըլլալով առօրեայ մտահոգութիւններէ, որոնց գլխաւորը կերակուրն էր։ Արդարեւ, Հին եւ Նոր Կտակարաններու մէջ յատկանշական տեղ կը գրաւէ Աստուծոյ Խօսքը, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ նաեւ իմաստութիւնը, պատւիրանները, ուսուցումը տարազներով։ Նախորդ Կիրակի օրերու մեր ընթերցումներով, Քրիստոսի պատգամներուն ընդմէջէն մենք ծանօթացանք հիմնական ճշմարտութեան մը, թէ՝ «Հարաւի թագուհին Սողոմոն թագաւորին այցելեց որպէսզի լսէ անոր իմաստութիւնը, իսկ այստեղ Սողոմնէն աւելի մեծ մէկը կայ» (Մտ12.42)։ Նաեւ՝ Յիսուս ինքզինք նմանցուց կեանքի հացի (Յհ 6.35), որով նախորդ եւ այսօրուան ընթերցումներ զուգորդելով, կրնանք եզրակացնել, թէ որեւէ ժամանակ եւ որեւէ տեղ երբ փնտռենք զՔրիստոս, Ան կը բուժէ մեզ, կ՚ազատէ մեզ մեր հոգերէն եւ կը հոգայ մեր կարիքները։ Հետաքրքրական է «անապատ» բառի կազմուածքը՝ ան-ա-պատ, այլ խօսքով, հոն ուր պատեր գոյութիւն չունին։ Այո՛, երբ Քրիստոսի հետ ենք կը ձերբազատինք բոլոր բաժանարար պատերէն, մտահոգութիւններէն, եւ պարուրուած Իր էութեամբ, կ՛ըմբոշխնենք տիեզերական խորհուրդի վսեմութիւնը, անհունութիւնն ու միութիւնը։
բ․ Երբ Աստուծոյ ներկայութեան ենք, մեր առաջնահերթութիւնները ինքնաբերաբար կը փոխուին։ Ճիշդ է, որ հիւանդներու բուժումը գլխաւոր նպատակն էր, որ ժողովուրդը մղեց անապատ, սակայն երբ իրենց սպասումներուն մէջ լիովին գոհացան, ամբողջ օրը անոնք մնացին Իր հետ, վայելելու համար բան մը, որ կը գերազանցէ նիւթական եւ աշխարհիկ ամէն հետաքրքրութիւն։ Յիսուս առիթով մը, երբ իր բարեկամ Ղազարոսի տունը կը գտնուէր եւ Մարթա դժգոհեցաւ Քրիստոսի, թէ քոյրը՝ Մարիամ չ՛օգներ իրեն, որովհետեւ Իրեն մտիկ կ՛ընէր, Յիսուս ըսաւ. «Մարթա՛, Մարթա՛, դուն շատ բաներու համար կը մտահոգուիս ու կը նեղուիս: Սակայն մէկ բան պէտք է: Մարիամ լաւ բաժինը ընտրեց, բան մը՝ որ բնաւ ետ պիտի չառնուի իրմէ» (Ղկ 10.41)։ Մեր Տէրը իր խօսքով, թէ՝ «Մարիամը լաւ բաժինը ընտրեց», ո՛չ թէ անտեսեց Մարթայի մտահոգութիւնը, այլ ամենայն ազնուութեամբ հրաւիրեց զինք՝ փոխելու իր աշխարհահայեացքը եւ անդրադառնալու ժամանակաւորի ու յաւիտենականի տարբերութեան։ Ահա թէ ինչու Իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբն իսկ յայտարարեց. «այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են: Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք: Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.32-33)։
գ․ Առաքեալները, նկատելով որ օրը կ՚իրիկնանայ, կը խնդրեն որ Տէրը արձակէ ժողովուրդը, որպէսզի իրենց համար մօտակայ գիւղերէն ուտելիք գնեն։ Ի զարմացումն իրենց, Յիսուս կը պատասխանէ, «անոնք պէտք չունին հեռանալու, դո՛ւք անոնց ուտելիք տուէք»։ Ասիկա առողջամիտ մարդու պատասխա՞ն էր արդեօք։ Առաքեալները առաւել եւս կը զարմանան, երբ Վարդապետը կը հարցնէ, թէ ինչ ուտելիք բերած են իրենց համար։ Անոնք կը պատասխանեն՝ հինգ հաց եւ երկու ձուկ։ Յիսուս կը թելադրէ որ Իրեն բերեն զանոնք եւ պատուիրեն որ ժողովուրդը խոտերուն վրայ նստի։
Աւետարանիչը ապա կը պատմէ, թէ «առաւ հինգ հացը եւ երկու ձուկը, աչքերը երկինք բարձրացուց, օրհնեց, կտրեց հացերը եւ տուաւ աշակերտներուն, որոնք բաժնեցին ժողովուրդին»։ Այս կարճ նկարագրականը խիստ կարեւոր է, որովհետեւ առնչութիւն ունի ծիսական մեր կեանքին հետ։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին, պատարագիչը այս նախադասութիւնը կը կրկնէ նախքան «առէք կերէք, այս է մարմին իմ» տէրունական խօսքը արտասանելը, իր ձեռքին մէջ ունենալով նշխարը։ Շողացող արեւուն նման յստակ է կենդանի եւ ուղիղ կապը Հօր Աստուծոյ, Որդի Աստուծոյ եւ Աշակերտներուն միջեւ, որոնք բոլոր դարերու հաւատացեալներն ու Աստուծոյ Արքայութեան դեսպանները կը խորհրդանշեն։ Կեանքի բոլոր պարագաներուն, երբ մե՛նք եւս Յիսուս Քրիստոսի օրինակով խոնարհութեամբ ու երախտագիտութեամբ մեր աչքերը բարձրացնելով առ Աստուած՝ մեր խնդրանքը ներկայացնենք Իր փառքին համար, վստահ որ դրական պատասխան կը գտնենք։
Մեր Տէրը Աշակերտներէն իրենց ուտելիքը ուզելով, մեծագոյն պատգամը տուաւ բոլորիս։ Կասկածէ վեր է, որ տիեզերքի Արարիչը բացարձակապէս պէտք չունի մեր օգնութեան բան մը ընելու համար։ Բայց եւ այնպէս, Ան կը պատուէ մեզ որպէս իր գործակիցները, եւ կ՚առաջարկէ մեր համեստ գործակցութիւնը, տալով մեզի խրախուսիչ լուրը, թէ մենք մաս կը կազմենք Իր ստեղծագործ խմբակին։ Որքան թափանցենք այս ճշմարտութեան խորքը եւ ուրախութեամբ ծառայենք Իրեն, այնքան աւելի բարիքներու ականատես կ՚ըլլանք, մեր ինքնութեան աներեւակայելի ուռճացումը վայելելով։
դ․ Ի վերջոյ, հինգ հազար այր մարդոց կերակրումը, ինչպէս կը յիշէ Աւետարանիչը, երբ կրկնապատկենք նոյնքան կիներու ու մանուկներու թիւով, կ՚ունենանք շուրջ տասը հազար կերակրուողներու պատկառելի թիւ մը, որ կը խորհրդանշէ կատարելութիւն։ Երբ անոր վրայ աւելցնենք նաեւ մնացորդ ուտելիքներու ամփոփումը 12 սակառներու մէջ, որ կը խորհրդանշէ Իսրայէլի՝ Նոր Ուխտի ընտրեալ ժողովուրդի ամբողջականութիւնը, անտարակոյս կ՚ունենանք Նախախնամութեան անզուգական հոգատարութեան երաշխիքը՝ Իրեն վստահող եւ հետեւող ժողովուրդին։ Անապատին մէջ Զինք լսող ժողովուրդը մարմնապէս ու հոգեպէս գոհացնելով, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս պատգամեց, թէ նո՛յն Աստուածն է, որ Հին եւ Նոր Կտակարաններու ժամանակաշրջաններուն եւ բոլոր յաւիտեաններուն առատապէս իր օրհնութիւնը կը ցօղէ մեր վրայ։
Աւետարանի այս օրուան հոգեմտաւոր սնունդով լիացած, սրտանց շնորհակալութիւն յայտնենք բարեխնամ մեր Տիրոջ նախախնամական Իր հոգատարութեան համար եւ փառաւորենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը․ Ամէն։