ՕՇԻՆ Ա. ԹԱԳԱՒՈՐ (մահ՝ 20 Յուլիս, 1320)
14րդ դարու սկզբնաւորութեան, Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը սկսած էր դիմագրաւել իր պատմութեան ամենէն խառնակ շրջանը, որ պիտի առաջնորդէր անոր անկումին ու կորուստին տասնամեակներ ետք։
Ապագայ Օշին թագաւորը ծնած է 10 Յունուար, 1283ին։ Լեւոն Բ. թագաւորի (1270-1289) եւ Կեռան թագուհիի տասնհինգերորդ զաւակն էր (իր աւագ եղբայներէն ու քոյրերէն վեցը մահացած են փոքր տարիքին)։ Եգիպտոսի մամլուքները, իրենց տեւական յարձակումներով, արդէն սկսած էին գրաւել կիլիկեան տարածքներ, իսկ մոնկոլներու հետ դաշինքը անբաւարար էր վճռական պաշտպանութիւն մը ապահովելու։ Կացութիւնը աւելի եւս բարդացած է մոնկոլ կայսրութեան աստիճանական իսլամացումով։
1303ին, Օշինի աւագ եղբայրներէն Հեթում Բ. թագաւոր (1289-1293, 1295-1296, 1299-1303), հրաժարած է գահէն։ Գահ բարձրացած է իրենց եղբօրորդին՝ 14ամեայ Լեւոն Գ. (1303-1307), իսկ Հեթում դարձած է անոր խնամակալը։ Չորս տարի ետք, զօրավար Պիլարղուն, որ կիլիկեան մոնկոլական պահակազօրի ղեկավարն էր, մայրաքաղաք Սիսի մէջ մզկիթ մը շինելու դիտաւորութիւնը արտայայտած է, իսկ Հեթում նամակով բողոքած է Օլճէյթու խանին (1304-1316)։ 17 Նոյեմբեր, 1307ին, Պիլարղու հրաւիրած է խնամակալն ու թագաւորը իր բանակատեղին՝ Անարզաւայի մօտերը, եւ զանոնք սպաննել տուած՝ իրենց շքախումբին հետ։
Թագաժառանգ Օշին յարձակած ու պարտութեան մատնած է Պիլարղուն, պարտադրելով, որ Կիլիկիայէն հեռանայ։ Ան թագաւոր հռչակուած է, իսկ Օլճէյթու մահուան դատապարտած է Պիլարղուն իր ոճիրին համար։
Նոր թագաւորը ամուսնացած էր իր զարմուհիին՝ Կոռիկոսի իշխանուհի Զապէլի հետ, եւ ունեցած մէկ որդի՝ Լեւոն (ծնած՝ 1309ին)։ 1309ին, թագաւորը հրամայած է մահապատիժի ենթարկել Կիլիկիոյ մարաջախտ ու իր կնոջ հօրեղբայր Օշինը, որ պատասխանատու էր իր աւագ եղբօր՝ Թորոս Գ. թագաւորի սպանութեան (1298)։
Օշինի քոյրը, որուն անունը նոյնպէս Զապէլ էր, ամուսնացած էր Տիւրոսի (ներկայ Լիբանանի Սուր քաղաքի) Ամօրի իշխանին հետ։ Երբ վերջինը Կիպրոսի կառավարութիւնը բռնագրաւած է իր եղբօրմէն՝ Հենրիկոս Բ. թագաւորէն, վերջինս Օշինի կողմէ բանտարկուած է Կիլիկիոյ մէջ։ Սակայն, 1310ին Ամօրիի սպանութենէն ետք, Հենրիկոս Բ. ազատ արձակուած ու Կիպրոս վերադարձած է։
Թագուհի Զապէլ մահացած է նոյնպէս 1310ին։ Անոր մահէն ետք, Օշին ամուսնացած է Իզապէլ Լուսինեանի հետ, որ Կիպրոսի Հիւկ Գ. թագաւորի դուստրն էր եւ Բարձրբերդի տէր Կոստանդին Նղրացիի այրին։ Սակայն, ամուսնալուծուած է 1316էն առաջ, իսկ Իզապէլ մահացած է 1319ին։
Հեթում Բ.ի պէս, Օշին եւս Հայ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու միութեան ջատագովը եղած է։ Այս միութեան գաղափարը Պապին կողմէ իբրեւ նախապայման կը դրուէր՝ եւրոպական զինուորական օժանդակութիւն ստանալու համար, բայց միաժամանակ ժողովրդային խոր դժգոհութեան աղբիւր էր։ Յովհաննէս ԻԲ. Պապը պահանջած է թագաւորէն, որ վերականգնէ Սիսի 1307ի որոշումները՝ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ ծէսի որդեգրումը, ինչպէս եւ պապական գերիշխանութեան ճանաչումը, որոնք չեղեալ համարուած էին Ատանայի (1308) եւ Սիսի (1309) ժողովներուն կողմէ։ Թէեւ Ատանայի 1316ի ժողովը վերահաստատած է այդ որոշումները, սակայն այս քայլը հանդիպած է ժողովուրդի եւ Մեծ Հայքի հոգեւորական դասու բուռն ընդդիմադրութեան, ինչ որ յաւելեալ պառակտում աղբիւր հանդիսացած է։
Օշին յանկարծամահ եղած է 20 Յուլիս, 1320ին, Դրազարկի վանքին մէջ։ Անոր յաջորդած է որդին՝ 11ամեայ Լեւոն Դ. (1320-1342)։ Ժողովուրդին մէջ տարաձայնուած է, որ թագաւորը թունաւորուած էր իր զարմիկին ու երբեմնի աներձագին՝ Կոռիկոսի իշխան Օշինի կողմէ, որ խնամակալը դարձած էր։ Լեւոն Շանթը իր «Օշին Պայլ» թատերախաղին նիւթ դարձուցած է պատմական այս շրջանը։