ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱՐԺԵՒՈՒՄԸ ԵՒ ԿՈՐՍՈՒԱԾԻ ՈՐՈՆՈՒՄԸ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 18 Յուլիս)
Այսօրուան՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան ու Պայծառակերպութեան երկրորդ Կիրակի օրուան Աւետարանի ընթերցումը առնուած է Մատթէոսի Աւետարանէն (18.10-14)։ Մեր Տէրը կը պատուիրէ, որ չարհամարհենք ոեւէ փոքրիկ, զգուշացնելով որ անոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն երկնաւոր Հայրը։ Ապա կը պատմէ, թէ ինչպէս ոչխար մը հօտէն շեղելով կը մոլորի եւ հովիւը զայն կը գտնէ եւ ուրախութեամբ փարախ կը վերադարձնէ։ Իր խօսքը եզրակացնելով, կ՚ըսէ. «Նմանապէս ալ Հայրս, որ երկինքի մէջ է, չ’ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի»։
Այս պարբերութիւնը յար եւ նման է այն ընթերցումներուն, ուր հրաշքի, աստուածաբանական խօսակցութեան կամ Մեսիական ակնկալութեանց չենք հանդիպիր։ Այնուամենայնիւ, մեր հաւատքի վերաբերեալ կենսական ուսուցում կը գտնենք։
ա. Պատմութեան մէջ, առհասարակ մանուկը նկատուած է հօր մը սեփականութեան մէկ մասը, եւ որպէս այնպիսին համապատասխան վերաբերումի արժանացած։ Մեր Տէրը նոր հորիզոն մը կը բանար իր ունկնդիրներուն աշխարհահայեացքին մէջ՝ վերարժեւորելով այս փոքրիկները ո՛չ միայն որպէս մեր, այլ նաեւ Աստուծոյ զաւակները։ Նախախնամութեան տնօրինումով՝ «աճեցէք եւ բազմացէք» (Ծն 1.28), զաւակներր վստահուած են իրենց ծնողաց խնամքին։ Իրաւ է, որ գիտութիւնը, իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը կը յառաջանան տարիքի ընդմէջէն, սակայն ինչպէս որ իւրաքանչիւր հունտ իր մէջ կը կրէ ապագայի ծաղիկի, ծառի կամ պտուղի կարողականութիւնը, հետեւաբար բոլորս ալ որ մանկութիւն ունեցած ենք, գիտենք որ մանուկները որքան խնամքի ու գուրգուրանքի, նոյնքան եւ յարգանքի պէտք ունին որպէս Աստուծոյ զաւակներ եւ յետագայի Անոր գործակիցներ այս երկրագունդին վրայ։ Ճիշդ է, որ կան տաղանդի տէր մանուկներ, որոնք իրենց բացառիկ գիտութեամբ կրնան մրցիլ չափահասներու հետ եւ անոնցմէ յարգուիլ, սակայն մեծամասնութիւնը կ՚ընթանայ բնականոն աճի եւ հասունութեան ճամբով։ Տարբեր պատճառներով, անոնք կրնան արհամարհուիլ տան մէջ, դպրոցը եւ կամ ընկերութեան մէջ։ Յիսուս մեր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ հիմնական խնդրի մը վրայ, որ է՝ Յարգանքը։ Հին Կտակարանի մէջ, Աստուծոյ հանդէպ յարգանքը եթէ նախապատիւ է, Յիսուս Օրէնքը ամբողջացնելով կը հրաւիրէ ընկերութիւնը որ նոյնը գործադրէ նաեւ փոքրերու հանդէպ։ Որքան մանուկներու հետ հասուն եւ յարգալիր ձեւով վարուինք, առողջ սերունդ կը պատրաստենք Երկնքի Արքայութեան համար։
բ. Մեր Տիրոջ հաստատումը, թէ փոքրերու հրեշտակները միշտ կը տեսնեն զԱստուած, մեզի կը զգուշացնէ որ համարատուութիւն տեղի պիտի ունենայ մանուկներու հանդէպ անպատասխանատու վերաբերմունքի համար, որովհետեւ ատիկա ուղղուած կ՚ըլլայ նաեւ երկնաւոր Հօր։ Պատմութեան ընթացքին, մանաւանդ ճարտարագիտութեան յեղափոխութենէն եւ վերջին շրջաններուն աւելի թափ առած մանկավաճառութեան հետեւանքով ինչպիսի՜ ահաւոր կացութիւններու դիմաց կը գտնուի ընկերութիւնը։ Աստուծոյ անսակարկ սէրը բոլորին հանդէպ ամէն կասկածէ վեր է, բայց եւ այնպէս, ագահութեան, մոլութեանց, չարաշահումի եւ այլ պատճառներով, Աստուծոյ մանուկներուն հետ վարուիլ առարկայի նման ո՛չ մէկ ձեւով ներելի եւ արդարանալի է, այլ միայն Աստուծոյ զայրոյթին պատճառ կ՚ըլլայ։
գ․ Երբ հասարակութեան խօսք կ՚ուղղենք, ընդհանրապէս ազդու ըլլալու համար կ՚ակնարկենք յաջողակ անձերու, ղեկավարներու, իսկ Քրիստոս՝ որպէս Խնամակալ Արարիչ, կ՚ընդգրկէ ստեղծագործութեան բոլոր տարրերը՝ բանաւոր թէ անբան, որպէս անբաժան մասնիկ ներդաշնակ ստեղծագործութեան։ Ան վեր կը բերէ համեստ ասպարէզներէ անձեր, եւ ինչպէս այսօրուան Աւետարանին մէջ կը տեսնենք՝ հովիւ մը, որ իր մոլորեալ ոչխարը փնտռելու կ՚ելլէ։ Որքա՜ն ցաւալի է այն պարագան, որ ոչխարը՝ շրջապատուած ամէն տեսակի բարիքներէ, սննդանիւթէ եւ ապահովութենէ, դուրս կու գայ այդ շրջանակէն եւ կը մոլորի։ Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ մեր Նախածնողները, որոնք դրախտի բոլոր օրհնութիւններով շրջապատուած ըլլալով հանդերձ, խաբուեցան ու մոլորեցան, եւ իրենց հետեւեցաւ մարդկային ցեղը, մինչեւ որ Բարի Հովիւը՝ Խաչի վրայ իր զոհողութեամբ, մեզ վերադարձուց երկնաւոր Հօր հօտը, ուրախութիւն պատճառելով Երկնայիններուն։
դ. Այս կարճ հատուածին մէջ մանուկներու եւ կորսուած ոչխարին հանդէպ ցուցաբերուած խնամքի հասարակաց գիծը շատ յատկանշական է։ Ստեղծագործութիւնը առհասարակ, բայց մանաւանդ իւրաքանչիւր անձ Աստուծոյ համար խիստ թանկագին է։ Անկախ տարիքի, սեռի, գոյնի, ինչպէս նաեւ մարմնական թէ մտաւոր եւ այլ տարբերութիւններէ, Աստուած բոլորս ալ հաւասար կերպով կը սիրէ, որովհետեւ Իր աչքի բիբին նման ենք (Զաք 2.8), եւ Ան գիտէ մեզ եւ իւրաքանչիւրս պիտի կանչէ իր անունով (Ես 43.1)։
Գիտնալէ ետք աստուածային գերհրաշալի սէրը, տգէտներու նման չվարուինք, այլ Իր պատուէրներու արօտավայրին մէջ արածինք ու մակաղենք խոնարհութեամբ, յարգանքով եւ երախտագիտութեամբ, փառաւորելով Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։