1931-ին հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի մատենադարանը, որ կը գտնուի «Կիլիկիա» թանգարանի շէնքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի անմիջական հսկողութեամբ եւ մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ է։ Այս աշխատանքին նիւթապէս կ՚օժանդակէ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն մին։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի կերպով կ՚այցելէ մատենադարան՝ մօտէն հսկելու կատարուող աշխատանքներուն։
Մատենադարանի վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս ամսուան ընթացքին։