Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ՅԵՏՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ»

Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին, Կիրակի, Օգոստոս 1ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար հեռու մնալ հաշուետուութենէ: Պատասխանատուները ժողովուրդին պէտք է հաշիւ տան՝ իրենց անպատասխանատու վերաբերումին համար: Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը ո՛չ միայն պատճառ դարձաւ հսկայ քանդումներու ու բազմաթիւ զոհերու, այլ նաեւ յստակօրէն պարզեց կարգ մը պետական պատասխանատուներու անփոյթ ու անխիղճ վերաբերումը՝ իրենց վստահուած պաշտօններուն նկատմամբ: Ժողովուրդը հաշուետուութիւն ու արդարութիւն կը պահանջէ»:

Երեքշաբթի, 3 Օգոստոսին, լիբանանահայութիւնը հրապարակային հանդիսութեամբ նշեց պայթումին տարելիցը, իսկ 4 Օգոստոսին նաեւ մասնակից դարձաւ նաւահանգիստին մէջ տեղի ունենալիք հաւաքական աղօթքին:

4 Օգոսոտոս, 2020ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած՝ հոն ամբարուած քիմիական նիւթերու ահաւոր պայթումին հետեւանքով, աւելի քան 200 հոգի սպաննուած եւ աւելի քան 7.000 հոգի վիրաւուած է, համատարած նիւթական վնաս պատճառելով քաղաքին մէջ։