ՍՐՏՈՎ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ՝ ՏԻՐՈՋ ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ԾԱՌԱՅ ՄԸ
Սուրբ Բարսեղ Աստուածաբան հայրապետի տօնին Սուրբ Պատարագի մատուցումով, մինչ մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Աստուծոյ իր անհուն բարութեանց համար, որով կը պատէ իր ստեղծագործութիւնը, նաեւ մեր աղօթքը կ՛առաքենք Բարձրեալին, մեր սիրելի հոգեւոր երէց եղբօր՝ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Պէքիարեանի հոգւոյն ի հանգիստ, որ ննջեց ի Քրիստոս Յուլիս 27ին։
Հոգեւորականներու համար սահմանուած Վերջին Օծումէն ետք, լուսահոգի Տէր Հայրը դէմքը դէպի Արեւելք՝ Սուրբ Խորան դարձած, իր հոգեւոր եղբայրներուն բերնով ողջոյնի խօսք ուղղեց Եկեղեցւոյ, Սուրբ Խորանին, եւ եկեղեցականաց դասուն, յայտնելով թէ ինք կը ճամբորդէ Արարիչին մօտ։ Ապա դէմքը դէպի Արեւմուտք, ողջունեց Սուրբ Եկեղեցւոյ զաւակները՝ Քրիստոսով եղբայրներն ու քոյրերը, ըսելով որ կ՚ընթանայ Քրիստոսի՝ մեր Յոյսին մօտ։ Որմէ ետք դէմքը դէպի Հարաւ՝ յայտնեց, թէ կը բաժնուի մեզմէ, Քրիստոս մեր Աստուծոյ եւ մեզ Նորոգողին հրաւէրին ընդառաջելով։ Հուսկ ապա, դէմքը դէպի Հիւսիս, խնդրեց որ աղօթենք իրեն համար եւ հաստատ մնանք մեր հաւատքին մէջ։
Աստուածաշնչական խօսքը, զոր կ՚ուզեմ մէջբերել 43 տարիներ անդադար հաւատարմօրէն եւ խոնարհաբար մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծառայող այս իւրայատուկ ծառային, առնուած է առաջին Սաղմոսէն, ուր կը կարդանք․ «Երանի այն մարդուն, որ ամբարիշտ մարդոց խորհուրդին չի հետեւիր․․․անիկա կը նմանի հոսող ջուրերու կողքին տնկուած ծառին, որ ճիշդ ժամանակին իր պտուղը կու տայ, եւ որուն տերեւները չեն չորնար բնաւ» (Սղ 1․1,3):
ա․ Վազգէն Աւագ Քահանան երանելի ամուսին, հայր, մեծ հայր եւ մեծ պապ եղաւ, որ աստուածապարգեւ կեանքը առողջ ապրեցաւ ամբողջ 92 տարիներ։ Ան 66 տարիներ իր երէցկնոջ՝ Անահիտին անսակարկ սէրն ու զօրակցութիւնը վայելեց Կիպրոսէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներ։ Օրհնուեցաւ 5 զաւակներով, 13 թոռներով, 10 ծոռերով, նաեւ հարազատներով, որոնցմով միշտ շրջապատուած մնաց եւ յաճախ իր տունը հիւրասիրեց զանոնք, մինչեւ իր այս աշխարհէն հրաժարումը։ Առանց Սաղմոսասացին հեղինակութիւնը հարցականի տակ առնելու, որ մարդու կեանքր 70 տարիներով կը սահմանէ, առաւելագոյնը՝ 80, Ողորմած Տէրը առատաձեռն ըլլալով իրեն հանդէպ, 12 առողջ տարիներ առաւել եւս պարգեւեց իրեն, որպէսզի վայելէ կեանքը եւ փառաւորէ Տուիչը բոլոր բարիքներուն։
բ․ Տէր Վազգէն երանելի եղաւ որպէս Ցեղասպանութեան վերապրողներու զաւակ, որ իր վաղ հասակին՝ եօթը տարեկանէն որպէս դպիր ծառայեց սուրբ Խորանին։ Իսկ հասուն տարիքին երբ զգաց կոչումի հրամայականը, գիտակից կերպով ան դիմեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը։ 24 Սեպտեմբեր, 1978ին՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին քահանայութեան սուրբ կարգը ընդունելով, ան առաքուեցաւ ամերիկեան ցամաքամասին վրայ Հայ եկեղեցւոյ ծննդավայր հանդիսացող Ուստըր քաղաքը, ուր ստանձնեց Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, եւ 22 տարիներ անսակարկ յանձնառութեամբ ծառայեց, վերակազմակերպելով եւ աշխուժացնելով պատմական այս ծուխը։ Այնուհետեւ, հանգստեան կոչուելով, իրեն վստահուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի արտահաս հովիւի առաքելութիւնը, զոր ամենայն բծախնդրութեամբ եւ նախանձախնդրութեամբ արդարացուց, իմաստաւորելով «Սրտով երիտասարդ» եւ «Ինչ որ կը մտածես, այն ես» երկու դրական ասոյթները։ Ծառայութեան այս նոր դաշտի ամբողջ ընթացքին, Ամենատես Աստուած միայն գիտէ թէ ան քանի հազար մղոն վարեց իր ինքնաշարժները Արեւելեան Ամերիկայի տարածքին, ճամբորդելով Ուստըրի իր բնակավայրէն Առաջնորդարանի բոլոր ծուխերը՝ Արեւելքէն մինչեւ Արեւմուտք եւ Հիւսիսէն մինչեւ Հարաւ։ Արդարեւ , ամենայն զոհողութեամբ ան ճամբորդեց մինչեւ Աթլանթա՝ Ճորճիա, Կրանիթ Սիթի՝ Իլլինոյ, Տիթրոյիթ՝ Միշիկըն եւ Ֆորթ Լօտըրտէյլ՝ Ֆլորիտա։ Եւ այս ամէնքը՝ միշտ կամովին, ուրախութեամբ եւ ինչու չէ՝ քաջաբար, որպէսզի ո՛չ մէկ համայնք զրկուի հոգեւոր սնունդի մատակարարումէ։ Այս ճամբորդութեանց գեղեցկագոյն երեւոյթը այն էր, որ առանց բացառութեան իր կողքին՝ միշտ իր հետը ունեցաւ իր յաւերժահարսը՝ երէցկին Անահիտը։
Տէր Հօր նշանաբանը, զոր յաճախ կրկնած էր, սրտառուչ եւ ներշնչիչ է. «Պիտի ծառայեմ այնքան ատեն որ ձեռքերս վեր պիտի բարձրացնեն Սուրբ Սկիհը» ։ Իրաւ որ, ան իր վերջին Պատարագը մատոյց Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, նախ քան մահասփիւռ պսակաձեւ ժահրի տարածումը։ Մնացեալը ծանօթ է որպէս պատմութիւն։
գ․ Տէր Հայրը երանելի եղաւ որպէս եկեղեցական ո՛չ միայն քարոզելով եւ Սուրբ Խորհուրդները մատակարարելով, այլ նաեւ որպէս նախկին կտաւագործ։ Շնորհաբաշխ Տէրը, այնպէս ինչպէս Բեսէլիէլի վրայ իմաստութեան ու հանճարի հոգին բաշխեց, որպէսզի պատրաստէ իր սրբարանը (Ելք 36.1), նմանապէս իր խոնարհ այս ծառան բարեզարդեց եկեղեցականաց յատուկ զգեստ պատրաստելու տաղանդով։ Տէր Հայրը, նախանձախնդիր ըլլալով Աստուծոյ Տան պայծառութեամբ, իր երէցկնոջ հետ Սուրբ Պատարագի զգեստներ կարեց առ հասարակ՝ Կիլիկեան թէ Էջմիածնական բոլոր եկեղեցականներուն համար։ Անոնք իրենց սէրը խառնեցին այս ծառայութեան մէջ, խորապէս հաւատալով որ Սուրբ Խորանը պէտք է ցոլացնէ հրաշալի փառքը երկնային շքեղութեան։
դ․ Տէր Վազգէն Աւագ Քահանայ Պէքիարեանը երանելի եղաւ նոյնիսկ այս փոթորկոտ աշխարհէն խաղաղութեամբ մեկնելով։ Ինչպէս Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթքի 20րդ տունին մէջ կը խնդրէ՝ «Բարերար Տէր, բարի Հրեշտակիդ յանձնէ իմ հոգիս, որպէսզի քաղցրութեամբ աւանդեմ իմ հոգիս», նմանապէս Տէր Հայրը, Կիրակի օր, իր բնակարանին մէջ հիւրասիրելէ ետք իր մօտիկ հարազատները, Երկուշաբթի, 26 Յուլիսի կէս գիշերին, կամ Երեքշաբթի, 27 Յուլիսի առաւօտ կանուխ, իր հոգին աւանդեց բարի Հրեշտակի ձեռքերուն մէջ, առանց ցաւի ու տառապանքի։
Իր անակնկալ մահը, ո՛չ մէկ կասկած, ցնցեց համայն ընտանիքը՝ նահապետական գերդաստանը, Ազգային Առաջնորդարանը եւ համայնքը, այնուամենայնիւ որպէս սիրոյ եւ զոհողութեան տիպար, ան միշտ ներկայութիւն պիտի մնայ իր բոլոր հարազատներու սրտերուն մէջ, իսկ իր անսակարկ ծառայութեան ոգին անխտիր պիտի ներշնչէ Թեմիս մէջ ծառայող հոգեւորականաց դասը։
Բոլորիս աղօթքն է, որ Տիրոջ Սուրբ Հոգին ըլլայ մխիթարիչ «Ցուպն ու գաւազանը» (Սղ 23.4) երէցկնոջ եւ բոլոր հարազատներուն։ Նաեւ՝ Բարերար Տէրը արժանի ընէ լուսահոգի Տէր Վազգէնը լսելու աստուածային երանաւէտ ձայնը՝ «բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, մասնակից եղիր Տիրոջդ ուրախութեան» (Մտ 25.21)։
ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ