Ս. Պատարագի ընթացքին
—
Ուրբաթ, 30 Յուլիս, երեկոյեան ժամը 8ին, ընդ նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, եւ մասնակցութեամբ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ․ Սիմէոն Ծ․ Վրդ․ի եւ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ (Ուստըր, Մասաչուսեթս) տեղի ունեցաւ հոգելոյս Տ. Վազգէն Ա. Քահանայ Պէքիարեանի Թաղման արարողակարգի առաջին հանգրուանը, ծանօթ՝ Տան Կարգ անունով։ Արարողութեան աւարտին, Հայր Սիմէոն փոխանցեց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոսի ցաւակցութիւնը, յայտնելով, թէ հոգելոյս Տէր Հայրը իր նկարագրով մօտիկ եղած է բոլոր հոգեւորականներուն, եւ անխտիր կը վայելէր անոնց սէրն ու յարգանքը։
Անուշաւան Սրբազան, յանուն Թեմի կրօնական դասուն, շնորհակալութեամբ ընդունեց Դանիէլ Սրբազան Հօր ցաւակցական եւ եղբայրական սիրոյ արտայայտութեան պատգամը։ Հուսկ, ըսելէ ետք, թէ իր սրտի խօսքը պիտի յայտնէ յաջորդ օր, հոգելոյս Տէր Հօր ընտանիքին փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ցաւակցութիւնը եւ հայրական ջերմ ողջոյնը, աւելցնելով, որ Վեհափառ Հայրապետը քաջածանօթ ըլլալով հանգուցեալին՝ անոր Դպրեվանք մուտք գործելէն ի վեր, բարձրօրէն գնահատած էր անոր հաւատարմութեան եւ ծառայասիրութեն ոգին։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ, ներկաները իրենց ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին հոգելոյս Տէր Հօր ընտանիքի անդամներուն, որոնք ժամանած էին Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ, ինչպէս նաեւ Գանատայէն։
***
Շաբաթ առաւօտ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կը յորդէր հոգեւոր հովիւներով ու հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Վերաբերումէն անմիջապէս ետք եւ «Ողջոյն»էն առաջ տեղի ունեցաւ Օծման յուզիչ կարգը։ Սրբազան Հայրը սուրբ միւռոնով օծեց հանգուցեալ Տէր Հօր ճակատը եւ աջ ձեռքը։ Ներկայ հոգեւոր եղբայրներու երգակցութեամբ, հոգելոյս Տ. Վազգէն Աւագ Քահանան հրաժեշտի իր ողջոյնը ուղղեց Սուրբ Եկեղեցւոյ, Սուրբ Խորանին, հոգեւորականաց դասուն եւ համօրէն ժողովրդեան, որմէ ետք Սրբազան Հայրը դամբանականով դրուատեց Քրիստոսի անխոնջ ծառային վաստակը ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Սուրբ Եկեղեցւոյ։ «Ողջոյն»ին, ներկայ հոգեւորականները համբուրեցին առ Քրիստոս ճանապարհորդող իրենց եղբօր ճակատն ու աջը։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Եկեղեցւոյ դասին մէջ տեղի ունեցաւ նախաթաղման կարճ արարողութիւն մը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան Ուստըրի Hope գերեզմանատունը եւ հողին յանձնեցին հողէն ստեղծուած եւ Աստուծոյ շունչով պարուրուած Տէր Հօր մարմինը։
Հոգեճաշին, Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տէր Սահակ Ծ․ Վրդ․, յատուկ աղօթքով օրհնեց սեղանը, իսկ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քահանայ՝ Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետը, ընտանիքին փոխանցեց հոգեւորականաց դասուն սրտազգաց ցաւակցութիւնը, իր խօսքը համեմելով երիցագոյն հոգեւոր եղբօր հետ ունեցած անցեալի քաղցր յուշերով։
Հոգելոյս Տ. Վազգէն Աւագ Քահանայի քառասունքը պիտի կատարուի Կիրակի, 5 Սեպտեմբերին, Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։