Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Լուռ տառապանքի տարի մը թաւալեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթիւնի այն օրէն, որ կործանումի սեմին հասցուց արդէն իսկ պսակաձեւ ժահրին առընթեր, ընկերաքաղաքային ու տնտեսական տագնապով տուայտող ժողովուրդ մը։ Առ այդ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հայրապետական սրտառուչ կոչով դիմեց մեր գաղութներու զաւակներուն, բաժնեկցելով անոնց հետ Լիբանանահայ եղբայրներուն ու քոյրերուն ողբերգական կացութիւնը։

Լիբանանեան դրամանիշը ահաւոր անկում կրելով, 90%  համեմատութեամբ արժեզրկուեցաւ։ Այլ խօսքով, մէկ տոլարը որ կ՛արժէր 1500 լիբանանեան թղթոսկի, աներեւակայելի ոստում կատարելով հասաւ 20,000ի, եւ օրէ օր կը բարձրանայ։ Համեստ ընտանիքի մը ամսական աշխատավարձքը 100 տոլարի շուրջ է, անշուշտ եթէ գործ ունենան եւ կանոնաւոր վճարուին։ Այս եկամուտով, հայր մը եւ կամ մայր մը միայն չորս տուփ կաթ կրնան գնել իրենց երեխային համար։ Մնացեալը Խորհուրդ խորին է եւ Հրաշք․․․։

Փառք Ամենակալին, որ տեղւոյն Կրօնական, Ազգային ու Բարեսիրական մեր հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայեն որ գաղութիւն կորիզ հանդիսացող Հայ ընտաանիքը եւ Դպրոցը կանգուն մնան։

Ահա ի խնդիր նուիրական այս առաքելութեան, կը դիմենք ձեզի, վստահ ըլլալով որպէս բարի Սամարացի, առատաձեռն նուէրով զօրավիգ պիտի կանգնիք եւ Տէրունական աղօթքի խօսքով, միասնաբար «Զհաց մեր Հանապազորդ»ը հայթայթենք ամէն ընտանիքի, որպէսզի Հայու արժանապատուութեամբ յաղթահարեն անպատմելի այս գոյավիճակին։ Աստուածամօր Վերափոխման տօնին առթիւ, Սուրբ Կոյսին բարեխօսութեամբ Տէրը օրհնէ բոլորս եւ առաջնորդէ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի

Առցանց նուիրատուութիւն կատարելու համար,
փափաքողները կրնան սեղմել այստեղ: