Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ՆՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՍԵՄԻՆ

Գերպ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Բենդէզեան, որ 11 Հոկտեմբեր 2015էն ի վեր հոգեւոր հովիւ նշանակուած էր Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլէնվիու, Շիքակօ), Նորին Սուրբ Օծութիւն Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պաշտօնագրին համաձայն կը վերադառնայ Մայրավանք, Անթիլիաս, ստանձնելու իրեն համար տնօրինուած նոր պարտականութիւններ։

Հայր Սուրբը, որպէս Միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ձեռնհասօրէն վարեց իրեն վստահուած պաշտօնը, հոգեմտաւոր իր ծառայութեամբ պայծառացնելով Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ համայնքը։

Ազգային Առաջնորդարանը բարձրօրէն կը գնահատէ Հայր Սուրբին ծառայութիւնը Թեմէս ներս, եւ բարի երթ ու յաջողութիւն կը մաղթէ իրեն՝ նոր առաքելութեան սեմին։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ