ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ (ծնունդ՝ 15 Օգոստոս, 1922)
Վահագն Դաւթեան պատկանած է խորհրդահայ բանաստեղծներու այն սերունդին՝ Համօ Սահեանի, Սիլվա Կապուտիկեանի, Մարօ Մարգարեանի, Հրաչեայ Յովհաննիսեանի եւ Պարոյր Սեւակի հետ, որ հրապարակ իջած է Բ. Աշխարհամարտի յաջորդող տարիներուն եւ սկսած է իր տեղը գրաւել Ստալինի մահէն ետք, փորձելով վերականգնել անհատի պաշտամունքի տարիներուն հրապարակէն քշուած աւանդական բանաստեղծութեան սկզբունքները։
Ծնած է Արաբկիր, Արեւմտեան Հայաստան, 15 Օգոստոս 1922ին։ Չորս տարեկանին, ընտանիքով Տրապիզոնէն նաւով գաղթած ու ժամանակաւորապէս հաստատուած են Կրասնոդար (Հիւսիսային Կովկաս)։ 1930ական թուականներուն, գաղթական արաբկիրցիները հաստատուած են Երեւան ու հիմնած՝ Նոր Արաբկիր թաղամասը։ 1932ին, Վահագն Դաւթեան, մայրն ու քոյրը կը հաստատուին Երեւան, իսկ հայրը աւելի ուշ կը միանայ անոնց։
Վ. Դաւթեանի բանաստեղծութիւնները սկսած են հրատարակուիլ 1935ին։ Դպրոցը աւարտելէ ետք, ապագայ բանաստեղծը ուղարկուած է բանակ եւ շուտով սկսած է Բ. Աշխարհամարտը (1941), որուն մասնակցած ու վիրաւորուած է։ Վերադառնալով տուն, Երեւանի պետական համալսարան մտած է ու աւարտած՝ 1948ին։ 1947ին հրատարակած է բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն՝ «Առաջին սէր», իսկ 1949ին անդամակցած է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։
1945-1954ին, Վ. Դաւթեան «Աւանգարդ» թերթի աշխատակից եղած է, 1954-1962ին՝ «Գրական թերթ»ի պատասխանատու քարտուղար, իսկ 1962-1965ին՝ գլխաւոր խմբագիր։ Իր հինգերորդ հատորով՝ «Թոնդրակեցիներ» վիպերգը (1961), գրական համբաւի տիրացած է, որ ամրացած է իրերայաջորդ ժողովածուներով։ Իր ողջութեան հրատարակած է 19 բանաստեղծական ժողովածու, յօդուածներու եւ յուշագրութիւններու երեք հաւաքածոներ, եւ այլն։ Մամուլին մէջ հրատարակած է շուրջ հազար յօդուած։ Թարգմանած է ռուս եւ այլ բանաստեղծներու բազմաթիւ գործեր։
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի հիմնադրութենէն ետք (1964), Վահագն Դաւթեան հիմնադիր ու գլխաւոր խմբագիր եղած է անոր պաշտօնաթերթ «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթին (1965-1967), իսկ այնուհետեւ՝ Մշակութային Կապի Կոմիտէի նախագահի տեղակալ (1967-1981)։ 1977ին ստացած է Հայաստանի պետական մրցանակը եւ 1979ին՝ Չարենցի անուան մրցանակը։
1981ին վերադարձած է լրագրական աշխարհին, այս անգամ իբրեւ Մշակութային Կապի Կոմիտէի ամսագրի՝ «Սովետական Հայաստան»ի գլխաւոր խմբագիր (1981-1988), այդ պաշտօնը պահելով երբ ամսագիրը վերանուանուած է «Վերածնուած Հայաստան» (1989-1990)։ 1991-1994ին, բանաստեղծը Հայաստանի Գրողներու Միութեան նախագահ էր։
1986ին, Դաւթեան ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 1996ին՝ ակադեմիկոս։ Մահացած է 21 Փետրուար, 1996ին, Երեւանի մէջ։ Թաղուած է Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։ Իր անունը կը կրէ Երեւանի թիւ 149 դպրոցը եւ Արաբկիրի այգին, ինչպէս եւ փողոց մը նոյն շրջանին մէջ։