(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 8 Օգոստոս)
Այսօրուան մեր Աւետարանի ընթերցումը, Մարկոս Աւետարանիչէն (2.1-12), մեզի կը հրամցնէ Յիսուսի հրաշագործութիւնը անդամալոյծի մը։ Աննահանջ կամքով դարբնուած չորս մարդիկ անդամալոյծ մը կը տանին այն տունը ուր Յիսուս կը գտնուէր։ Տեսնելով որ խռնուած բազմութեան պատճառաւ անկարելի պիտի ըլլար մօտենալ Քրիստոսի, տան առաստաղը կը քակեն եւ հիւանդը պատգարակով կ՛իջեցնեն վար։ Յիսուս անոնց հաւատքը տեսնելով, անդամալոյծին կ՛ըսէ, «Որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են»։ Օրէնքի ուսուցիչներէն ոմանք, որ հոն էին, մտովի կը քննադատեն զայն՝ հայհոյութիւն համարելով, որվհետեւ կը հաւատային թէ Աստուած միայն կրնայ մեղքերը ներել։ Քրիստոս գիտնալով անոնց մտածումը, կը հարցնէ անոնց, «Ինչպէ՞ս կը համարձակիք ասանկ բան ըսել. Ո՞ր մէկը դիւրին է. անդամալոյծին՝ «Մեղքերդ ներուած են քեզի» ըսե՞լը, թէ՝ «Ել՛, մահիճդ առ եւ տո՛ւնդ գնա» ըսելը: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու: Ու դառնալով անդամալոյծին, կ՛ըսէ. – Քեզի կ’ըսեմ, ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ տունդ գնա: Անդամալոյծը անմիջապէս բոլորին դիմաց ոտքի ելլելով, մահիճը կը վերցնէեւ դուրս կ՛ելլէ: Ժողովուրդը ականտես ըլլալով այս բոլորին, կը փառաւորէ զԱստուած։
Այս հատուածը հրաշապատում պատահարէն անդին կարեւոր պատգամ ունի Աստուծոյ հետ մեր յարաբերութեան գծով, ուստի փորձուինք օգտուիլ անկէ։
ա․ Որքան աւելի հրաշքներու տարբերակներ կարդանք, այնքան աւելի կը ներգրաւուինք մեր կարիքներու նկատմամբ Աստուծոյ ունեցած բացառիկ հոգածութեամբ։ Արդարեւ, կարգ մը պարագաներու կը տեսնենք որ Յիսուս կը հարցնէ ենթակային, թէ ի՞նչ կ՛ուզէ որ Ինք ընէ։ Այլ պարագաներու՝ Յիսուս կը հարցնէ անձին, թէ կը հաւտա՞յ որ Ինք կրնայ անոր փափաքը կատարել։ Այս պատումին մէջ Յիսուս գնահատելով Հաւատքը, Յոյսը եւ Սէրը չորս անձերուն, որոնք հիւանդ բարեկամնին տենդագին բերած էին Իրեն, աւելիով կ՛արդարացնէ անոնց ակնկալութիւնը։ Արդարեւ, անոնք հաւատալով որ Յիսուս իրենց հիւանդ բարեկամը պիտի բուժէ, ո՛չ միայն Յիսուսի գտնուած տունը տարին զայն, այլ երբ տեսան որ անկարելի էր մօտենալ Ամենաբոյժ Բժիշկին, իրենց յոյսը չկտրեցին եւ հակառակ բոլոր արգելքներուն, իրենց սէրը գործնականացնելով անկարելին կարելի ըրին հիւանդը ներկայացնելով Յիսուսի։ Մեր Տէրը, հիանալով անոնց բացառիկ յանձնառութեան վրայ, իրենց հասկացողութենէն վեր գերգնահատեց զանոնք՝ հիւանդին մեղքերուն թողութիւն շնորհելով։
բ․ Ծանօթ չենք եթէ անդամալոյծը ի ծնէ հիւանդ էր, կամ արկածի մը հետեւանքով եւ կամ այլ պատճառաւ դատապարտուած էր այդ վիճակին։ Յամենայն դէպս, Յիսուս եթէ հիւանդին մեղքերուն ակնարկեց, ակնյայտ է որ կապակցութիւն մը կար անցեալի իր գիտակից արարքներուն՝ մեղքին, եւ անոր հիւանդութեան։ Հոգեբուժութեան մէջ իսկ ծանօթ է թէ ինչպէս յաճախ հոգեկան ու մտային ժխտական վիճակներ իրենց լուրջ անդրադարձը կ՛ունենան մարմնին վրայ։
գ․ Օրէնքի ուսուցիչները Փարիսեցիներու անմիջական գործակիցներն էին, որոնք Մովսիսական օրէնքները կը մեկնաբանէին ժողովուրդին։ Ո՛չ մէկ սխալ կար իրենց մտածումին եւ արտայայտութեան մէջ, որ Աստուած միայն կը ներէ մեղքերը։ Իրենց գլխաւոր թերացումը հետեւեալն էր․ չէին ըմբռներ թէ մարդ Յիսուսը որ իրենց առջեւ կանգնած էր, Աստուծոյ Որդի՝ ճշմարիտ Աստուած էր, հետեւաբար այն Աստուածը որ իրենք կը դաւանէին որ մեղքերը կը ներէ, նոյն Աստուածը երկրի վրայ իրենց հետ ըլալով շօշափելի օրինակը կուտար այն բանին որ իրենք կը հաւատային, բայց հոգիով կոյր ըլլալով կը մերժէին Լոյսը։
դ․ Այս հրաշագործութիւնը եթէ որպէս կախարդութիւն նկատուէր, Յիսուս պէտք էր նուազագոյնը հիւանդին ձեռքը բռնէր եւ զինք ոտքի հանէր, մինչդեռ այստեղ կը տեսնենք որ Յիսուս բացարձակապէս չի դպնար անոր։ Նաեւ յատկանշական է որ մինչ պատգարակիրներն ու ժողովուրդը կ՛ակնկալէին մարմնական բուժում, Յիսուս նախ կ՛ուզէ բուժել հիւանդ մտքերը Օրէնքի ուսուցիչներուն, նաեւ հիւանդ հոգին՝ անդամալոյծին։ Մեր Տիրոջ այս վերաբերումը սաւառնելով սերունդներու վրայ, հարցականի տակ կ՛առնէ նաեւ մեզ, թէ կա՞ն արդեօք ներքին յոյզեր մտածումներ, զգացումներ որոնք անդամալուծած են մեզ եւ կ՛արգիլեն որ ոտքի կենանք։
Անդամալոյծի բուժումը որքան որ տարբերութիւններ, նոյնքան եւ նմանութիւններ ունի այլ պարագաներու հետ, որոնք կ՛առնչուին նաեւ այսօր մեր հետ։ Թուենք անոնցմէ մի քանին․-
- Աստուած մի՛շտ կը փնտռէ մեր գործակցութիւնը եւ կը գերգնահատէ մեր աննշան ճիգը։ Ինչպէս որ հինգ նկանակի ու երկու ձուկերու փոխարէն բազմահազար անօթիներ կերակրեց, այստեղ եւս կը տեսնենք որ Բազմողորմ Տէրը ո՛չ միայն մարմնապէս բուժեց անդամալոյծը, այլ անհամար բարիքներով ողողեց զայն՝ մեղքերու թողութեամբ։ Ուստի, չվարանինք մեր աննշան իսկ կարծուած ճիգը գործածելէ։
- Աստուած միշտ կը նշմարէ եւ կը գնահատէ ուրիշներու հանդէպ մեր հոգածութիւնը։ Ինչպէս որ հարիւրապետին խնդրանքին վրայ բուժեց անոր ծառան, այստեղ եւս կը վկայենք որ հիւանդին բարեկամներու զոհողութիւնը բարձրօրէն վարձատրուեցաւ Երկնաւոր Բժիշկին կողմէ։ Նոյնը կը պատահի երբ մե՛նք եւս ցուցաբերենք հոգատարութիւն այլոց հանդէպ։
- Բոլոր սերունդներու պարագային, հիւանդին պատգարակը կրողներուն նման կան անձինք, որոնց սրտերը կողմնացոյցի նման ամենայն վստահութեամբ ուղղուած են դէպի Աստուած։ Գովելի այս երեւոյթին հակառակ, դժբախտաբար կան նաեւ այնպիսիներ, ինչպիսիք էին Հերովդէսը (Մտ 2.8), Օրէնքի ուսուցիչները կամ ուրիշներ, որոնք շրթներով կը փառաբանեն Տէրը, բայց Անոր ուրախութիւնը երբե՛ք չեն վայելեր իրենց սրտին մէջ, ինչպէս Երեմիա մարգարէն կ՛ըսէ. «Դուն մօտ ես անոնց բերանին, բայց հեռու՝ սրտերէն» (Եր 12.3)։ Անոնք որոնք ամբողջ սրտով իրենք զիրենք կը յանձնեն Աստուծոյ եւ ո՛չ մէկ արգելքի առջեւ տեղի կու տան, վստահաբար կը վայելեն Անոր նախախնամութիւնը ե՛ւ այս, ե՛ւ հանդերձեալ կեանքին մէջ։
Հետեւաբար, այսօրուան Աւետարանի պատգամով, ներհայեցողութեամբ քննենք զմեզ եւ հարց տանք մենք մեզի․ «Ի՞նչ բանն է որ անդամալուծած է մեր ներքին մարդը, զրկելով մեզ բնականոն յարաբերութիւն ունենալէ այլոց, եւ ինչո՞ւ չէ, երբեմն ծանօթներու եւ նոյնիսկ հարազատներու հետ։ Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ օգնութեամբ անտեսանելի պատգարակէն ձերբազատիլ եւ քալել՝ փառաւորելով զԱստուած։ Պատգարակը կրող չորս անձերուն նման, Յիսուս՝ մեր ամբողջական Բժիշկը, չորս Աւետարանիչներուն միջոցաւ կը հրաւիրէ մեզ Իր մօտ, որպէսզի ձերբազատինք մեզ անդամալուծող մեղքի բեռէն, խաղաղութիւն գտնենք եւ Իր Մարմնին ու Արեան հաղորդութեամբ փառաւորենք Ամենասուրբ Երորդութիւնը։ Ամէն։