ԱՄՆի Արեւելեան Թեմի Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովները 18 Օգոստոսի նիստին կարեւոր որոշումներ առին շրջանէս ներս հոգեւոր ու կրթական հարցերու կապակցութեամբ։ Առ այդ՝
1․ Թեմիս մէջ գործող եւ Ազգային Առաջնորդարանի հովանին վայելող ամէնօրեայ, միօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարանները վերամուտը կը սկսին աշակերտներու անձամբ (in person) մասնակցութեամբ։ Այսուհանդերձ, վերջնական որոշումը կը վերապահուի ծուխերու հովիւներուն, հոգաբարձութեանց եւ տեսուչներուն, որպէսզի տեղական պայմանները նկատի ունենալով, միախորհուրդ տնօրինեն լաւագոյնս՝ յօգուտ աշակերտութեան, ուսուցչական կազմին եւ ծնողաց։
2․ «Սիամանթօ» լսարանը Շաբաթ, 11 Սեպտեմբերին եւ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրը Շաբաթ, 28 Օգոստոսին կը վերսկսին իրենց առցանց դասընթացքներուն։
3․ Հոգեւորականաց «Խորհրդածութիւններ»ը կը վերսկսին Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 10ին։
4․ Հոգեւորականաց ամսօրեայ խորհրդակցական հանդիպումները կը վերսկսին Երկուշաբթի, 13 Սեպտեմբերին, եւ կը շարունակուին իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երկուշաբթին։
5․ Հոգեւորականաց «Աղօթք ժողովուրդին հետ» յայտագիրը կը վերսկսի Երեքշաբթի, 14 եւ 16 Սեպտեմբերին, եւ կը շարունակուի ամէն Երեքշաբթի (հայերէն) եւ Հինգշաբթի (անգլերէն)։
6․ «Հաւատք եւ Ընտանիք» յայտագիրը կը վերսկսի 4 Հոկտեմբերին։
7․ Հոգեւորականաց համագումար մը տեղի պիտի ունենայ 4-5 Հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ։
8․ «Ընտանիք եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն» նոր յայտագիրը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 6 Հոկտեմբերին։
9. Աղօթքի կարգապահութիւն հաստատելու գործնական ուղեցոյց մը պիտի ներկայացուի Չորեքշաբթի, 6 եւ 13 Հոկտեմբերին։
10. Ս. Գիրքի առաջին չորս եւ վերջին չորս գլուխներուն նուիրուած կարճ դասընթացքներու շարք մը պիտի սկսի Չորեքշաբթի, 27 Հոկտեմբերին։
11. Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կոչին, թեմական մակարդակով կազմակերպուած է հանգանակութեան արշաւ մը Լիբանանի հայութեան ի նպաստ։ Կը քաջալերենք, որ հովիւներ ու հոգաբարձութիւններ եւս տեղական մակարդակով ձեռնարկներ կազմակերպեն այս ուղղութեամբ։