ԱՍՏՈՒԾՄՈՎ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵՆՔ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ
(Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը, 15 Օգոստոս)
Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը տօնախմբէ երկինք Վերափոխումը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր, որ առանձնաշնորհուած էր մարդացեալ Որդի Աստուծոյն տապանակը ըլլալու, եւ որպէս Ամենակալ Տիրոջ անարատ աղախինը՝ ի Քրիստոս ննջելէ ետք, փոխադրուեցաւ երկնային խորանները։
Սուրբ Մարիամի վերափոխումը իրականացումն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խոստումին, թէ՝ «Ե՛ս եմ Յարութիւնը եւ Կեանքը, ան որ հաւատայ Ինծի, թէեւ մեռնի պիտի ապրի» (Յհ 11.25)։ Իրա՛ւ է, որ Աստուածաշունչ մատեանին մէջ որեւէ ակնարկութիւն չենք գտներ աստուածային սիրոյն այս անհուն արտայայտութեան, որովհետեւ աւետարանիչներուն մտասեւեռումը քարոզել էր Խաչեալ, Թաղեալ եւ Յարուցեալ Քրիստոսը, այնուամենայնիւ բերանացի Աւանդութիւնը, որ հիմքն էր նոյնինքն Սուրբ Գրքին, մեզի թանկագին պատառիկ մը փոխանցած է, այն՝ որ Աստուածամայրը երբ իր յաւիտենական հանգիստին մտաւ, Բարթողիմէոս առաքեալ այդ շրջանին կը բացակայէր Երուսաղէմէն։ Վերադարձին, երբ առաքեալները, ընդառաջելով իր փափաքին, Սուրբ Կոյսին գերեզմանը կը բանան, զայն թափուր կը գտնեն։ Անոնք մեծապէս մխիթարուած կը զգան, որ մեր Տէրը իր երկրաւոր մօր գերագոյն սէրը իւրայատուկ կերպով փոխարինելով, զինք երկինք փոխադրած էր, որով Սուրբ Կոյսին մարմինը զերծ մնացած էր քայքայումէ։
Տիրամօր երկինք վերափոխումը որքան որ բացառիկ վարձատրութիւն մըն է, որ կ՛անդրանցնի մեր հասկացողութիւնն ու երեւակայութիւնը, նաեւ յստակ պատգամ մը ունի բոլոր դարերու հաւատացեալներու համար։ Այս առթիւ, հետեւեալ երկու մտածումնեըը կը բաժնեմ․
ա․ Ամենակալ Տէրը, իր սէրէն մղուած, աստուածային իմաստութեամբ ու կարողութեամբ ստեղծեց տիեզերքը, իրեն գործակից ընելով մարդ արարածը։ Դարերու ընդմէջէն Ան հրաւիրեց նահապետներ ու մարգարէներ, եւ ի լրումն ժամանակի՝ Սուրբ Կոյս մարիամը, որպէս սրբազան անօթներ Փրկագործութեան խորհուրդի իրագործման համար։ Սուրբ Մարիամ՝ անարատ եւ հնազանդ Տէր Աստուծոյ, «զԱստուած սիրած ըլլալով իր ամբողջ սրտով, իր ամբողջ հոգիով եւ իր ամբողջ զօրութեամբ» (Բ Օր 6.5), ամբողջական կերպով ինքզինք յանձնելով Աստուծոյ խնամքին, ըսաւ՝ «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38)։ Իր կեանքի օրինակով, ան մեզի կը յիշեցնէ, որ ամէնքս ալ որպէս Աստուծոյ գործակիցներ ընդառաջենք Իր հրաւէրին, եւ Իրմո՛վ յաղթահարենք կեանքի մարտահրաւէրներուն, իրականացնելով մեր կոչումը։
Այս մօտեցումը գեղեցկագոյն դրական ոգին կը յառաջացնէ՝ լաւագոյնս հասկնալու համար մեր երկրաւոր գոյութեան նպատակը, թէ իւրաքանչիւր անձ, անկախ իր դասակարգէն, ասպարէզէն ու պաշտօնէն, երկրի վրայ Աստուծոյ ձեռքն է, եւ ըստ այնմ պարտի իր մասնակցութիւնը բերել Աստուծոյ թագաւորութեան կառուցման, որուն քաղաքացիներն ենք ներկայիս եւ հանդերձեալին։
բ․ Վերափոխման խորհրդաւոր հրաշքը լաւագոյն գրաւականն է, թէ անոնք որոնք կը ննջեն ի Քրիստոս, եթէ ոչ անմիջապէս, բայց տուեալ ժամանակին պիտի վերակենդանանան Յարուցեալին խոստումով, եւ ըստ այնմ՝ «անոնք որոնք գերեզմաններու մէջ են պիտի լսեն Իր ձայնը եւ դուրս պիտի գան․․․» (Յհ 5.29), Աստուծոյ ներկայութեան ականատես ըլլան երկրաւոր կեանքի մէջ խոստացուած երանական բոլոր բարիքներուն, եւ Աստուծմով յարազուարճ վայելեն անանցանելին ու յաւերժականը։
Բիւրեղեայ ի՜նչ հոյակապ քարտէս է ասիկա հաւատացեալին համար իր երկրաւոր ճանապարհորդութիւնը լաւագոյնս ըմբռնելու, որով ան գիտակից ըլալով իր կոչումին, որպէս Աստուծոյ ձեռագործն ու գործակիցը, յստակ կը տեսնէ երկրէն երկինք ուղղուող իր գոյութեան ընթացքն ու վախճանը, ուր պիտի դիմաւորուի կեանքի աղբիւր՝ Կեանքով։
Այս ճշմարտութեան երաշխիք ունենալով Քրիստոսը եւ մարմնատեսիլ միջնորդ՝ Սուրբ Կոյսը, որ Աստուծոյ տնօրինութեամբ ծնաւ բոլորիս Փրկիչը, փութա՛նք միշտ յարաբերութեան մէջ մնալ Աստուածամօր հետ՝ տիպարը ամենայն մաքրութեան ու հնազանդութեան, խորհրդանիշը՝ բեկանուած բայց ո՛չ փշրուած սրտերու, երկրաւոր Հարսը Երկնաւոր Փեսային, եւ Նարեկացի սուրբ վարդապետին հետ աղօթենք՝ «ո՜վ Տիրամայր Կենսատու Պտուղ տուող ծառ, մեր դառն հեծեծանքները միախառնէ քու խնկաբոյր մաղթանքներուդ», եւ սրտանց խնդրենք որ բարեխօսէ Բարեգութ Աստուծոյ քով, որպէսզի աճեցնէ ու բազմացնէ խոնարհութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, հանդուրժողութեան եւ յարգանքի ոգին մարդկութեան մէջ, որպէսզի երկրի վրայ արդարութիւն ու խաղաղութիւն հաստատուի, եւ փառաբանենք Ամենասուրբ Երրորդութիւնը։ Ամէն։