ՅՈՒԶԻՉ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋ ՈՒԱՅԹԸՆԶՎԻԼԻ ՄԷՋ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէր Խոսրովեանի՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Ուայթընզվիլ, Մասաչուսեթս), եւ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանի՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Ուստըր, Մասաչուսեթս), հսկումի արարողութիւն կատարեց Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախօրէին, Շաբաթ, 14 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (Ուայթընզվիլ)։ Ներկայ հաւատացեալները իրենց մասնակցութիւնը բերին սաղմոսներու եւ աղօթքներու ընթերցումով։ Հսկումը ուղիղ կերպով սփռուեցաւ։ Սրբազան Հայրը յուզումնախառն ուրախութեամբ շնորհաւորեց Տէր Հայրը հսկումի այս արարողութեան նախաձեռնութեան համար, մաղթելով, որ օրինակ դառնայ մեր ամբողջ Թեմէն ներս եկեղեցիներու անուանակոչութեան տօնի նախօրեակին։
Կիրակի, 15 Օգոստոսի առաւօտուն, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս պատարագեց ու քարոզեց։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց եկեղեցւոյ տարեկան դաշտագնացութեան եւ Խաղողօրհէքին, որուն նաեւ մասնակցեցան Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեան՝ Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մասաչուսեթս), Տ. Միքայէլ եւ Տ. Թորգոմ քահանայ հայրերը։ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ գեղեցիկ եղանակին համար եւ կարճ բացատրութիւն մը տուաւ արարողութեան իմաստին մասին։ Դաշտագնացութիւնը մեծ յաջողութիւն ունեցաւ, աւելի քան 700 մասնակիցներով, ինչ որ մրցանիշ կոտրող թիւ էր ծուխին համար։ Համադամ կերակուրները պատրաստուած էին եկեղեցւոյ անդամներու կողմէ, իսկ երաժշտութիւնը ապահոված էր Ճան Պէրպէրեանի նուագախումբը։