Կաթողիկոսարանէն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՆՔ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆՔ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ»

Չորեքշաբթի, 11 Օգոստոսին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային Առաջնորդարանին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային, մարզական միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, մամուլի եւ տեղեկատուական մարզի գործիչներուն հետ, որոնց յայտնեց իր զօրակցութիւնը՝ գաղութին դիմագրաւած բազում դժուարութիւններուն դէմ յանդիման, ինչպէս նաեւ լսեց լիբանանահայութեան ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները։

Հանդիպումին ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց, որ այսօր լիբանանահայութիւնը հսկայ կարիքներու եւ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է, այս իրողութեան դիմաց ո՛չ եկեղեցին, ո՛չ ալ համայնքային կառոյցները կրնան անտարբեր մնալ, այլ միասնաբար պիտի շարունակեն առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ ժողովուրդի զաւակներուն, պիտի ծառայենք անոր։ «Լիբանանի հայութիւնը սովորական գաղութ մը չէ, պատմութիւնը ցոյց կու տայ այն առանցքային դերակատարութիւնը, զոր լիբանանահայութիւնը ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ՝ Սփիւռքի, եւ յարաբերաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ։ Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը եղած է բազմակողմանի, բազմատարած, մեր ժողովուրդի կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Լիբանանի հայութեան դերակատարութիւնը եղած է եւ պիտի շարունակէ ըլլալ առանցքային»,  շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։ «Հետեւաբար, Լիբանանի հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն շարունակութիւնը ես կը նկատեմ հրամայական»։