Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱՂԱՍԻ ԱՅՎԱԶԵԱՆ (ծնունդ՝ 7 Սեպտեմբեր, 1925)

Արձակագիր ու թատերագիր Աղասի Այվազեան 1960-2000ական թուականներուն հայրենի արձակի կարկառուն հեղինակներէն մէկը եղած է, իր գործերուն մէջ ընդգրկելով բարոյական, փիլիսոփայական ու ազգային տարբեր նիւթեր, զորս մատուցած է իւրայատուկ ոճով ու գրական ձիրքով։

Ծնած է 7 Սեպտեմբեր, 1925ին, Վրաստանի Աբասթուման աւանին մէջ։ 1942-1945ին ուսանած է Թիֆլիսի գեղարուեստի ակադեմիային, 1945-1948ին՝ Երեւանի գեղարուեստա-թատերական հիմնարկին, եւ 1948-1953ին՝ մարմնակրթական հիմնարկին մէջ։ Թիֆլիսի տարբեր հաստատութիւններու մէջ աշխատած է իբրեւ նկարիչ, գրագրող, շինարար եւ լրագրող։ 1965ին փոխադրուած է Երեւան, ուր 1965-1973ին եղած է «Գրական թերթ»ի արձակի բաժնի վարիչը, 1973-1981ին՝ «Էկրան» ամսագրի գլխաւոր խմբագիրը, եւ 1992–97ին՝ «Հայութիւն» թերթի գլխաւոր խմբագիրը:

Ա. Այվազեան իր նորավէպերու առաջին հատորը՝ «Անձրեւը», լոյս ընծայած է 1959ին, որուն հետեւած է «Ճանապարհորդութիւն իր շուրջը» (1963) երգիծական պատմուածքներու ժողովածուն։ Գրած է պատմուածքներ, վիպակներ, փորձագրութիւններ, յօդուածներ, թատերախաղեր, բեմագիրներ եւ վէպեր, որոնք խմբուած են շուրջ 20 հատորներու մէջ։ Արձակի հիմնական նիւթը հայ մարդն է, Աստուծոյ եւ տիեզերքի հետ անոր փոխյարաբերութիւնը։ Թատերախաղերուն մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ մարդու անհատական գոյութիւնն ու ճակատագիրը։ Այվազեան յաճախ անդրադարձած է հին Թիֆլիսին ու անոր բնակիչներուն, յատկապէս արուեստագէտներուն (աճպարարներ, անյայտ-անանուն նկարիչներ, բանաստեղծներ, եւ այլն)։ Անոր գործերէն շատերը թարգմանուած են ռուսերէնի, ինչպէս եւ այլ լեզուներու։

1967ին եւ 1972ին, Հենրիկ Մալեան բեմադրած է «Եռանկիւնի» եւ «Հայրիկ» շարժանկարները՝ Աղասի Այվազեանի բեմագիրներով։ «Եռանկիւնի» երկրորդ մրցանակ ստացած է 1968ի Լենինկրատի համամիութենական փառատօնին։ Այս շարժանկարի բեմագրին համար, 1975ին գրագէտը արժանացած է Հայաստանի պետական մրցանակին, իսկ 1982ին ստացած է Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի տիտղոսը։ 1980ական թուականներուն, աշխատած է «Հայֆիլմ»ի մէջ իբրեւ բեմադրիչ ու իր բեմագիրներով նկարած է «Լիրիկական երթ» եւ «Վառած լապտեր» շարժանկարները։ 1991ին, իր բեմագրով նկարահանուած է Վիգէն Չալդրանեանի «Ձայն բարբառոյ…» շարժանկարը։

Աղասի Այվազեան մահացած է 21 Նոյեմբեր, 2007ին, Երեւանի մէջ։