ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով Լիբանան ժամանած ըլլալով, Երեքշաբթի, 31 Օգոստոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի վեհավայրին մէջ խորհրդակցական հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հօր հետ։ Ժողովին կը մասնակցէր նաեւ Լիբանանի Թեմին բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Արքեպիսկոպոս։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Ամերիկայէն ժամանած զոյգ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերուն ներկայութիւնը։
Վեհափառ Տէրը երկրի, մանաւանդ վերջին վեց ամիսներուն տիրող կացութեան ընդհանուր վիճակը ներկայացնելէ ետք, հանգանակութեան գործնական եւ աստիճանական ընթացքը պարզեց, որպէսզի օժանդակութիւնը լիիրաւ բարիք ըլլայ մեր ժողովուրդին։ Ապա յաջողութիւն մաղթեց յաջորդ օրուան հանդիպումներուն։
Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 1ին, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս եւ Թորգոմ Եպիսկոպոս այցելեցին Ազգային Առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Շահէ Արքեպիսկոպոսի կողմէ։ Երեք առաջնորդները յատուկ տեսակցութիւն ունեցան «Վանայ Ձայն» հայկական ռատիոժամի եւ «Ազդակ» օրաթերթի ներկայացուցիչներուն հետ։
Շահէ Սրբազան բարի գալուստի խօսք ուղղելով ամերիկահայոց Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու Առաջնորդներուն, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց գործնական անձնուիրութեան, որով լիբանանահայութեան ճգնաժամային այս տագնապին մէջ իրենց թեմական պարտականութիւնները վերադասաւորելով, յանձն առած էին նման ճամբորդութիւն կատարել, անձամբ ներկայ ըլլալու եւ ականատեսի վկայութեամբ բաժնեկցելու պսակաձեւ ժահրի ստեղծած տագնապի կողքին անարդար կերպով յառաջացած քաղաքա-տնտեսական ու ընկերային անել վիճակը, որ վերջին ամիսներուն հասած էր գագաթնակէտին, երբ լիբանանցի ժողովուրդը տառացի կերպով զրկուած է ապրելու կենսական տարրերէն։
Անուշաւան եւ Թորգոմ Սրբազանները, յանուն իրենց թեմերու Երեսփոխանական եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու եւ համայն ժողովուրդին, նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի մտայղացումին ու հրաւէրին համար, անձամբ բաժնելու համայն լիբանանցիներու, եւ յատկապէս լիբանանահայութեան ողբերգական այս վիճակը։ Այնուհետեւ, փոխն ի փոխ խօսք առնելով, ըսին, թէ եկած են ո՛չ միայն թեմէ թեմ օժանդակելու, այլ սրտէ սիրտ զօրացկելու յատուկ առաքելութեամբ։ Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ պարզեցին իրենց ծրագիրներուն հանգրուանային զարգացումը՝ օժանդակելու եւ յատկապէս ժողովրդային կարիքներուն դարման բերելու գծով։ Վեր բերելով հաւատքի դերակատարութիւնը Քրիստոսական խօսքով՝ «որ համբերիցէ իսպառ նա կեցցէ», մանաւանդ հայ ժողովուրդի փորձառութեան ընդմէջէն, որ կ՚արտայայտուի «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան» երգով, անոնք շեշտեցին համագործակցութեան հրամայականը, միշտ յոյսով ապաւինելով Աստուծոյ նախախնամութեան։
Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրերը յատուկ հանդիպում ունեցան Շահէ Արքեպիսկոպոսի եւ Ազգային Վարչութեան դիւանին հետ։ Ամենայն մանրամասնութեամբ տեղեակ եղան Ազգային Առաջնորդարանի տարած բազմածաւալ գործունէութեան մասին, որ կ՚անդրանցնի դասական հասկացողութեամբ Եկեղեցւոյ ծառայութեան սահմանները։ Թեմակալ Սրբազան Հայրերը խոստացան ըստ կարելւոյն զօրաշարժի ենթարկել իրենց պատկան Թեմերու հաւատացեալ ժողովուրդը, որպէսզի աստուածահաճոյ ծառայութեամբ յաղթահարեն անել թուացող այս ահաւոր կացութիւնը։
Երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի բակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս միաբանութեան զեկոյց տուաւ վերջին շրջանին զարգացող կացութեան մասին։ Վեհը բարձրօրէն գնահատեց Ամերիկայի զոյգ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերու հաւատարմութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան հանդէպ, որ կ՚արտայայտուի ժողովուրդին անձնուրաց ծառայութեամբ, ի փառս Ամենակալին։
Հաւաքը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» երգով եւ Հայրապետական մաղթերգով։