ՃՈՅՍ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻ (25 Օգոստոս, 1954 – 26 Օգոստոս, 2021)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեսպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները ցաւով իմացան Ճոյս Էլէն Պաղտասարեանի մահը, որ տեղի ունեցած է Հինգշաբթի, 26 Օգոստոսին, 67 տարեկան հասակին։
Հանգուցեալը ծնած էր Փրաւիտընս (Ռոտ Այլընտ) եւ դուստրն էր տէր եւ տիկ. Պաղտասար եւ Կրէյս Սարգիսեան-Պաղտասարեանի։ Ունեցած է երկու քոյր՝ Պարպրա եւ Նէնսի Լի եւ մէկ եղբայր՝ Ռապըրթ։ Երկար տարիներ եղած է տնային առողջական խնամատար։
Ճոյս Պաղտասարեան երկարամեայ գործօն անդամ էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս) եւ անոր Տիկնանց Միութեան, որուն ատենապետութիւնը վարած է 2004-2019ին։ 2016-2018ին ընտրուած է Արեւելեան Թեմի Տիկնանց Միութիւններու Ազգային Ընկերակցութեան (NALG) ատենապետուհի, ու այնուհետեւ՝ վարչութեան անդամ եղած։
Յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը տեղի ունեցած են մասնաւոր պայմաններու մէջ։ Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութիւնը իրենց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն։ Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ հողը թեթեւ գայ վրան։