Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ. «ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒ ԿՈՂՔԻԴ Է, ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ»
Հայ Եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՚ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ։ Լիբանանի տագնապալի օրերու ներկայ հանգրուանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վեհափառ Հայրապետը զօրաշարժի ենթարկած է իր ժողովուրդի զաւակները՝ Միացեալ Նահանգներու զոյգ առաջնորդարաններու եւ Ազգային Իշխանութիւններու ճամբով, որպէսզի անոնց ներուժը ի գործ դրուի կանգուն պահելու եկեղեցւոյ կարիքաւոր միւս զաւակներուն։
Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. Պատարագին, զոր մատուցեց ԱՄՆի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Նորին Սրբութիւնը լիբանանահայութեան ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։
Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան ողջունեց Հայրապետը, Ազգային Իշխանութեան եւ լիբանանահայութեան անունով։ Շրջապատուած Շահէ եւ Թորգոմ եպիսկոպոսներով, ինչպէս նաեւ միաբան հայրերով եւ Ս. Խորանին սպասարկուներով, Հայրապետը առաջին հերթին քրիսոտոնէական ջերմ սիրով ողջունեց ներկաներն ու համացանցի ճամբով հետեւող բոլոր հայորդիները։
Խօսքը մեկնելով Ղուկասու Աւետարանի 4րդ եւ 19րդ գլուխներէն, Հայրապետը յայտնեց, որ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին աշխարհ եկաւ Տիրոջ խօսքը քարոզելու եւ փրկութեան աւետիսը տալու. եկաւ նաեւ յուսաբեկները յուսադրելու եւ զրկուածները ազատագրելու, իսկ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը՝ եկեղեցին, ինք եւս այսպէս կ՚ըմբռնէ իր առաքելութիւնը եւ այս գիտակցութեամբ եւ նուիրումով կը կատարէ զայն ժողովուրդի կեանքէն ներս։
Ապա, Վեհը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ մեր կեանքը յուզող երեք երեւոյթներու։ Ան ըսաւ, թէ հայրենիքը կը դիմագրաւէ ներքին եւ արտաքին ահաւոր տագնապնեց, նշելով, որ բազմիցս, Երեւանէն թէ Անթիլիասէն, յստակօրէն արտայայտած է իր կեցուածքը Հայաստանի ներքին կեանքին առնչուած։ «Անցեալ շաբաթ Հայաստանի վարչապետին մեր ուղղած նամակին մէջ, միշտ յստակօրէն, մեր սպասումները եւ մտահոգութիւնները պարզեցինք։ Դարձեալ անցեալ շաբաթ մեր ազգային սրբավայրը ըլլալու կոչուած Հայաստանի Խորհրդարանէն ներս պարզուած տեսարանները, որոնք խոտոր կը համարուին մեր ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ ազգային ու բարոյական արժէքներուն, ցուցանիշ են, որ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքը լեցուն է այնպիսի երեւոյթներով, որոնք կրնան Հայաստանը առաջնորդել դէպի ինքնակործանում։ Քանի մը օրեր առաջ, Թուրքիոյ երկարած այսպէս կոչուած «բարի դրացնութեան» ձեռքը Հայաստանին, եւ միւս կողմէն, Ազրպէյճանի կողմէ շարունակուող յոխորտ, անպատասխանատու եւ ամբարտաւան սպառնալիքները յստակօրէն ցոյց կու տան, թէ Հայաստանը կ՚ուղղուի դէպի անդունդ», յայտնեց ան, ընդգծելով՝ «այս երեւոյթները ներհայաստանեան երեւոյթներ չեն, այլ՝ համահայկական տարողութիւն եւ հետեւանք ունին», եւ դիտել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու սփիւռքահայութիւնը չեն կրնար անտարբեր մնալ այս զարգացումներուն դիմաց։
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ ներկայ կացութեան պատասխանատուն ժողովուրդին կողմէ ընտրուած պատասխանատուներն են, որոնք անպարկեշտ եւ հաշուետուութենէ զուրկ մօտեցում ունին իրենց պարտականութիւններուն նկատմամբ։ Անցեալին Միջին Արեւելքի Զուիցերիան համարուող Լիբանանը այս վիճակին հասցուցին պետական բարձրագոյն պատասխանատուները՝ նախագահները, վարչապետներն ու կառավարութիւնները, ըսաւ Հայրապետը, ու վստահեցուց, որ Լիբանանի կեանքին մէջ կեդրոնական դերակատարութիւն ունեցող հայ համայնքը պիտի չզլանայ իր խօսքը ըսելէ եւ իր իրաւուքները պաշտպանելէ։
Վերջապէս, լիբանանահայութեան մասին խօսելով՝ Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնեց ներկայ կացութեան համար, որ իր դաժանութեամբ կը գերազանցէ երկարամեայ քաղաքացիական պատերազմին ահաւոր օրերը, սակայն վստահեցուց, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն, հայութիւնը կը մնայ ու պէ՛տք է մնայ կառչած այս երկրին։ Ան նշեց. «Լիբանանի հայութիւնը կը մնայ ու պէ՛տք է մնայ նաեւ պատասխանատու ինքզինք վերակազմակերպելու, վերահզօրացնելու հրամայականին։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք վերջին 40 տարիներուն Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տագնապներուն ընթացքին աջակից դարձան անոր։ Մեր ջերմ գնահատանքը՝ նաեւ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ գործող, այլ խօսքով՝ ծառայող մեր բոլոր կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ եղան ժողովուրդին հետ ու ժողովուրդին համար»։
Իր խօսքին վերջին բաժինով Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց, Անթիլիասը հոն չէ՛, Անթիլիասը հո՛ս է, ձեզի՛ հետ է. դո՛ւք էք Անթիլիասը։ Անթիլիասը մեր ժողովուրդին կեանքէն հեռու, դուրս՝ նոյնիսկ վեր իրականութիւն մը չէ՛։ Անթիլիասը մեր համայնական կեանքն է։ Անթիլիասը հոն է, եւ պիտի ըլլայ, ուր կարիք կայ մեր ժողովուրդի կեանքի կենսագործման, ուր մարդակերտումի եւ հայակերտումի պահանջք կայ, ուր ազգային պահանջատիրական պայքար կայ, ուր մեր ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար ըլլալու պահանջքը կայ»։ Առ այդ, իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աջակցութեան եւ զօրակցութեան գործնական քայլ ան յայտարարեց.
ա) Կաթողիկոսարանը պիտի շարունակէ իր օժանդակութիւնները։ Այս ծիրէն ներս յառաջիկայ երկու շաբաթներու ընթացքին Կաթողիկոսարանի ճամբով մէկ միլիոն տոլար պիտի տրամադրուի, առանց խտրութեան, մեր կարիքաւոր զաւակներուն՝ բոլոր շրջաններէն ներս։
բ) Մեր ժողովուրդի զաւակներուն բնակարանային դժուարութիւններուն համար եւ նորապսակ զոյգերուն ընտանեկան բոյն կազմելուն առ ի քաջալերանք, Կաթողիկոսարանին կողմէ պիտի յատկացուի չորս միլիոն տոլար Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնած բնակարանային ծրագրին, որուն առաջին միաւորը պիտի ամբողջանայ յառաջիկայ ամիսներուն։
գ) Հայրապետը չեղեալ համարեց երջանկայիշատակ հայրապետներուն ճիգով Կաթողիկոսարանին կողմէ կառուցուած Ֆանարի ժողովրդային տուներուն Կաթողիկոսարանին նկատմամբ նիւթական պարտաւորութիւնը, որ կը վերաբերի սեփականատիրութեան իրաւունքի։
դ) Հայրապետին թելադրանքով, պիտի շարունակուին Լիբանանի Թեմին համար կատարուելիք հանգանակութիւնները։
ե) Նկատի ունենալով, որ գաղութի մը ինքնութեան պահպանման եւ հզօրութեան աղբիւրը հայ դպրոցն է, ազգային վարժարաններուն նկատմամբ եւս յատուկ ծրագիր մը մշակուած է։
Եզրափակելով՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Սիրելի՛ Լիբանանի հայութիւն, դուք սովորական գաղութ մը չէք ու պէտք չէ՛ դառնաք։ Լիբանանէն ներս դուք սովորական կամ երկրորդական համայնք չէ՛ք. պէտք չէ՛ արտօնէք, որ ձեր գործով, կեցուածքով այդպէս նկատեն ձեզ եւ այդպէս դառնաք։ Մենք ձեզի հետ ենք բառին ամբողջական իմաստով։ Դուք պիտի շարունակէք աւելիով ձեր կեդրոնական տեղը համահայկական մայր էջին վրայ, եւ ձեր առանցքային դերակատարութիւնը համահայկական հարցերու գծով։ Ահա այս սպասումով անգամ մը եւս կոչ կ՚ուղղեմ ձեզի, յուսահատութենէն հեռու մնացէք, կառչեցէք լոյսին, հաւատքին, վճռակամութեան»։