Առաջնորդարանէն

ՄԱՆՐԱՆԿԱՐ ՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ

Սիրելի հաւատաւոր ժողովուրդ Հայոց,

Անձնապէս կը հաւատամ որ մեր դարաւոր առածները լոկ գեղեցիկ ասոյթներ կամ հաստատումներ չեն, այլ նաեւ խտացեալ իմաստութիւն կը պատգամեն բոլոր դարերու սերունդներուն։

Վստահ եմ, որ շատ ծանօթ պիտի հնչէ հետեւեալ խօսքը, թէ «անկարելի է տառապանքի լրիւ խորքը չափել մինչեւ որ անոր ցաւը չզգաս մորթիդ վրայ»։

Արդարեւ, տարիէ մը աւելի գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ հեռաձայնային կապ հաստատած ըլլալով Լիբանանի տարբեր մարզերու մէջ գործող անձերու հետ, վստահ էի որ նոյնութեամբ կը զգայի իրենց տագնապը, մինչեւ որ երկու շաբաթ առաջ, Նորին Սուրբ  Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի հրաւէրով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Թորգոմ Եպիսկոպոսին հետ մեկնեցանք Լիբանան, մեր ներկայութեամբ գործնական զօրակցութիւն յայտնելու պատկան Թեմի զաւակներուն։ Ականատես եղանք անպատմելի դժբախտութեանց, որոնցմէ կ՚ուզեմ հետեւեալը միայն բաժնել ձեզի հետ։ Փափաքեցայ յօդուած մը ղրկել Առաջնորդարանի Crossroads շաբաթական լրատուին, որպէսզի մեր ծխականները իրազեկ ըլլան մեր այցելութեան։ Հազիւ յօդուածը աւարտած, երբ սրտի գոհունակութեամբ զայն պիտի ղրկէի, յանկարծ ելեկտրականութիւնը կտրուեցաւ, որով նաեւ  համացանցի սպասարկութիւնը անկարելի դարձաւ։ Հեռաձայնեցի բարեկամի մը եւ իմացայ որ, բարեբախտաբար, մէկ ժամ ելեկտրականութիւն հայթայթուած է իրենց մինչեւ ժամը 3, երբ արդէն իսկ ժամը 2․05 անց էր։

Անմիջապէս, ինքնաշարժ մը ապահովելու յոյսով, հեռաձայնեցի ընկերութեան մը, ուրկէ իմացայ որ քարիւղի տագնապի պատճառաւ միայն կէս ժամէն կրնան գալ։ Յուսախաբութիւն, զայրոյթ, անկարողութիւն եւ աւելին համակեց ողջ էութիւնս։ Վարորդը ի վերջոյ հասաւ հինգ վայրկեան եւս ուշացումով։ Ցատկեցի ինքնաշարժին մէջ եւ խնդրեցի որ իր գերագոյնը ընէ, որպէսզի ժամը 3էն առաջ բարեկամիս տունը հասցնէ։ Ճամբան անհաւատալի խճողում ստեղծուած էր՝ քարիւղի կայաններուն առջեւ շարքի մտած աւելի քան 60-70 ինքնաշարժներուն հետեւանքով։

Նեղութիւն պատճառելու աստիճան, քանիցս խնդրեցի որ վարորդը ներքին ճամբաներէ երթալով խուսափի խճողումներէն։ Ի վերջոյ, ժամը 2․56ին հասանք բարեկամիս տունը, ներս խուժեցի, համացանցի գաղտնաբառը (password) խնդրեցի եւ դողացող մատներով SEND կոճակը սեղմեցի ժամը 2․58ին։ Գոհունակութեան հետ, առաջին անգամ մորթիս վրայ զգալով այս փորձառութիւնը, զիս նոյնացած զգացի բոլոր անոնց հետ, որոնք վերջին երեք տարիներուն, յատկապէս անցեալ տարուան Նաւահանգիստի պայթիւնէն ետք, դժոխային կեանք կ՛ապրին։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեզի հետ բաժնելով մանրանկար մը Լիբանանահայ մեր ժողովուրդին առօրեայէն, առաջին հերթին փառք կու տամ Ամենակալ Աստուծոյ իր անհուն բարիքներուն համար, զորս յաճախ կը վայելենք առանց անդրադառնալու։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք մեծ կամ փոքր նուէրներով մեր հանգանակութեան թափ տուին, որով արդէն իսկ գոյացած է 64.680 տոլարի գումար մը, որմէ 50.000 տոլար այսօր իսկ Կաթողիկոսարանի միջոցաւ փոխանցեցինք Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին։

Թող Ամենաբարին Աստուած բոլորիս առատապէս շնորհէ քաջառողջութիւն, գործոց բարեաց յաջողութիւն, որպէսզի արտահաս օժանդակութեամբ զօրակցինք կարիքաւոր մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն։