Առաջնորդարանէն, Մեր ծուխերէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ՝ ՈՒՍՏԸՐԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Սեպտեմբերին, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին (Ուստըր, Մասաչուսեթս) իր 87րդ տարեդարձը նշեց։ Պատարագեց ու քարոզեց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս։ Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը։

Յաւարտ Ս. Պատարագին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ Էլ-Պաշա ճաշարանին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծարեց եկեղեցւոյ դպրապետուհի՝ տիկ. Վարսենիկ Տասթի Քոթըրը, որ աւելի քան 70 տարի ծառայած է եկեղեցւոյ, անոր յանձնելով Ազգային Առաջնորդարանի յատուկ գնահատագիրը։ Տիկ. Քոթըր նաեւ ստացաւ յատուկ պատրաստուած խաչքար մը Ազգ. Առաջնորդարանին կողմէ, ինչպէս եւ հայ արուեստի պատկերագիրք մը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Թորգոմ Քհն. Չորպաճեանի եւ հոգաբարձութեան կողմէ։ Ազգ. Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու անունով, Անուշաւան Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց եկեղեցին, օժանդակ մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքին, սիրոյ եւ նուիրուածութեան համար։