ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԵՐԵՍՆԱՄԵԱՅ
Տարեդարձները կամ ամեակները ինքնին մեր կեանքի ընթացքը չեն փոխեր։ Սակայն, անոնք պահեր կը ներկայացնեն՝ անցեալին անդրադառնալու եւ ապագայի մասին մտածելու։ Նոյնը կարելի է ըսել ժողովուրդներու եւ պետութիւններու մասին։ Յառաջիկայ Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր 30ամեակը կը տօնէ։ Այս շատ երիտասարդ պետութիւնը նորագոյն մարմնաւորումն է աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկուն, որ տեսած է ծնունդն ու անկումը այնպիսի քաղաքակրթութիւններու, որոնք այսօր պատմութեան գիրքերու եւ թանգարաններու կը պատկանին։ Սակայն, ասիկա մեզ պէտք չէ մղէ գոռոզութեան։ Ընդհակառակը՝ մեր անցեալի ու ցաւալիօրէն՝ ներկայի հաւաքական փորձառութիւնը կը ծառայէ որպէս ազդարարութիւն նման կեցուածքի դէմ։ Ճիշդ է, որ պարթեւները, հռոմէացիները, բիւզանդացիներն ու մեմլուքները անցած ու գացած են, բայց վերջին հազարամեակին դէմ գտնուած ենք մնայուն թշնամիի մը սպառնալիքին, որ պիտի չհեռանայ։ Իսկ վերապրումի ու դիմակայութեան մեր արտակագր կարողութիւնը պէտք չէ ինքնագոհութեան մղէ մեզ, քանի որ մեր պետականութեան զարգացումն ու անկումը տեսած ենք քանի մը անգամ մեր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին։ Պէտք է մնանք արթուն ու միասնական, ամրօրէն խարսխուած մեր հասարակաց պատմութեան մէջ՝ ի խնդիր մեր հասարակաց ապագային եւ դժբախտաբար, նաեւ, մեր հասարակաց թշնամիներուն դէմ։ Այսուհանդերձ, պատմութիւնը մեզի կ՚ուսուցանէ՝ հռոմէացի բանաստեղծ Վիրգիլիոսի անմահ խօսքով, “Meliora sequentur”, այսինքն՝ «Աւելի լաւ բաներ պիտի գան»։