Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ G20 ՊԵՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԱՆԽՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ ԻԲՐԵՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ
«Միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան հարթակը կրնայ նպաստել Միջին Արեւելքէն ներս խաղաղութեան հաստատման», ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը G20-ի պետական ղեկավարներու հանդիպումը կանխող միջազգային ֆորումին։
Ընդհանրապէս, G20 հանդիպումէն առաջ, միջազգային ֆորում կը կազմակերպուի նոյն օրակարգի հարցերուն շուրջ՝ մասնակցութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, տնտեսական, կրօնական եւ այլ մարզերու բարձրաստիճան պատասխանատուներու:
Իտալիոյ մէջ, 10-14 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ֆորումին, որուն մասնակցեցան աշխարհի զանազան շրջաններէն աւելի քան 300 ներկայացուցիչներ, Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր իբրեւ գլխաւոր բանախօս «Կրօնի դերը արաբական աշխարհի մէջ տագնապներու լուծման գծով» նիւթին շուրջ: Նկատի ունենալով Լիբանանի ընկերա-տնտեսական սուր տագնապը եւ լիբանանահայ համայնքին օժանդակութեան հրամայականը, Վեհափառ Հայրապետը չկարողացաւ անձնապէս մասնակցիլ յիշեալ ֆորումին, բայց, ընդառաջելով կազմակերպիչ յանձնախումբի փափաքին, իր խօսքը առցանց հաղորդեց:
Նորին Սրբութիւնը իր դասախօսութիւնը սկսաւ յիշեցնելով, որ «ներկայ աշխարհը կը դիմագրաւէ ահաւոր բեւեռացումներ, լարուածութիւններ եւ բազմազան տագնապներ: Հետեւաբար, ան կարիքը ունի փոխադարձ հասկացողութեան, երկխօսութեան ու գործակցութեան՝ ամրագրուած բարոյական արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց վրայ»: Այս ուղղութեամբ, շեշտելով կրօնի դերը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ արաբական աշխարհի մէջ միաստուածեան կրօններու հաւաքական պատասխանատուութեան: Ան ըսաւ, թէ «միաստուածեան երեք կրօնները՝ Հրէութիւնը, Քրիստոնէութիւնը եւ Իսլամութիւնը, գործակցաբար առանցքային դեր կրնան կատարել, նկատի ունենալով՝ առաջին, անոնց ունեցած հասարակաց արմատները՝ աւանդութիւններն ու արժէքները. երկրորդ, անոնց տիրական ներկայութիւնը իրենց համայնքներու կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, եւ երրորդ, անոնց գոյակցութեան երկար պատմութիւնը, որ յաճախ յատկանշուած է լարուածութեամբ եւ տագնապներով»: Ապա, Հայրապետը յիշեցուց, որ «Միջին Արեւելքէն գալով եւ քաջածանօթ ըլլալով անոր անցեալի ու ներկայի պատմութեան, ոմանց համար, թերեւս, միաստուածեան կրօններու միջեւ գործակցութիւնը կրնայ իրապաշտ առաջարկ մը չթուիլ՝ շրջանէն ներս շարունակուող տագնապներու լոյսին տակ»: Սակայն, Վեհափառը շեշտեց, թէ «երեք կրօնները կրնան հարթակ դառնալ շինիչ երկխօսութեան եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ հաւաքական մօտեցումներու ձեւաւորման»:
Այս ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը հետեւեալ ընդգծումները կատարեց.
1) «Միաստուածեան երեք կրօններու ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով ու տարբեր շրջագծերէն ներս յաճախ հանդիպած են ու կը հանդիպին միջազգային մակարդակի վրայ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ անոնք պիտի չկարենան հանդիպիլ շրջանէն ներս ապաքաղաքական օրակարգի մը շուրջ՝ դառնալով արդարութիւն սերմանող եւ փոխադարձ վստահութիւն ներշնչող կրօնական հարթակ մը:
2) Նման հանդիպումներ յիշեալ կրօններու համար կրնան մեծապէս օգտակար դառնալ՝ վերահաստատելու իրենց հասարակաց արժէքները եւ զանոնք դարձնելու համահունչ ներկայ ժամանակներու ու իրականութիւններու: Նման քննարկումներ նաեւ կրնան օգտակար հանդիսանալ ծայրայեղութեան, անհանդուրժողութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ տարուող համաշխարհային պայքարին:
3) Ընկերութիւնները յուզող տագնապներու գծով, միաստուածեան կրօններու մօտեցումը պէտք է ըլլայ ոչ-հակազդող, այլ՝ հասարակաց արժէքներու վրայ խարսխուած նոր մօտեցումներ առաջարկող: Անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան նոյնանալու քաղաքական ու գաղափարախօսական այնպիսի շարժումներու հետ, որոնք կրնան կրօնի ինքնութիւնը խաթարել ու վնասել անոր իւրայատուկ դերին:
4) Անփոփոխ պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը եւ ուսուցումները, միաստուածեան կրօնները անհրաժեշտ է որ գործակցութեան կամուրջներ հաստատեն քաղաքացիական ընկերութենէն ներս գործող կառոյցներուն հետ՝ միասնաբար դիմագրաւելու ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրը:
5) Կառավարութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ ո՛րեւէ կրօն, ո՛րեւէ տեղ եւ ո՛րեւէ պայմաններու մէջ պէտք է ըլլայ խստապահանջ, բարոյական արժէքներէ մղուած՝ պահանջելով հաշուետուութիւն, թափանցիկութիւն եւ կառավարման արդար ձեւ»:
Եզրակացնելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ միաստուածեան կրօնները կրնան մեծապէս նպաստել Միջին Արեւելքէն ներս՝ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ ազգերու, կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ խաղաղ եւ ներդաշնակ գոյակցութեան հաստատման այնքան հրամայական անհրաժեշտութեան:
Նորին Սրբութեան խօսքին յաջորդեց վեց հոգիներէ բաղկացած քննարկումի նիստը: