Մեր ծուխերէն

ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 25 Սեպտեմբերին, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (Armenian Youth Federation, AYF) Նիւ Եորքի «Հայորդիք» եւ «Մուշ» եւ Նիւ Ճըրզիի «Արսէն» մասնաճիւղերը կազմակերպեցին քայլարշաւ եւ հսկում՝ Արցախի պատերազմի առաջին տարելիցին առիթով, միաժամանակ կոչ ուղղելով գերութեան մէջ ապօրինի կերպով մնացած հայ զինուորներու ազատագրութեան։

Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Մանհաթընի մէջ՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցիէն մինչեւ Եունիըն Սքուէր Փարք, որուն հետեւեցաւ կարճ յայտագիր մը եւ մոմավառութիւն։

Յայտագիրը վարեց «Մուշ» մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Թալին Սաղըրեան, որ նաեւ կատարեց բացման խօսքը։ Անահիտ Ինճիկիւլեան երգեց հայկական եւ ամերիկեան ազգային քայլերգերը։ Տարբեր մասնաճիւղերուն կողմէ խօսք առին Միմի Պիճիմենեան («Հայորդիք»), Նայիրի Տիրացուեան («Արսէն») եւ Մարիամ Խորէնեան («Մուշ»)։

Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեցին Թեմիս առաջնորդական փոխանորդ ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեան, եւ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Դաւիթ Քհն. Քարամեան։

Նահատակուած զինուորներու անունները բարձրաձայն կարդացուեցան, որուն հետեւեցաւ վայրկեան մը լռութիւն անոնց յիշատակին։ Թալին Պապայեան ելոյթ ունեցաւ եզրափակիչ խօսքով, ապա՝ օրուան պատգամը եւ փակման խօսքը կատարեց Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան։

Յայտագիրը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։ Մասնակիցները եռագոյն մեխակներ եւ մոմեր վառեցին հսկումի ընթացքին՝ նահատակ զինուորներու նկարներուն առջեւ։