ՈՒՏԵԼԸ ԱՄԷՆ ՏԵՂ ՆՈՅՆ ՁԵՒԸ ՈՒՆԻ
Հանրային լեզուաբանութեան մասնագէտները ցոյց տուած են, որ լեզուի մը ամենէն սովորական բառերը միշտ կարճ կ՚ըլլան, եւ «ուտել» բառի պարագան բացառութիւն չէ։ Այս բառը միավանկ կամ երկվանկ է բոլոր հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ։ Ուտելը մարդ էակի ամենէն հիմնական գործողութիւններէն մէկն է, եւ ահա թէ ինչու բառը պէտք չէ շատ տարբեր ըլլար հայերէնի ու անգլերէնի պէս հնդեւրոպական լեզուներու պարագային։
Անգլերէն eat («ուտել») բայը բխած է հին անգլերէն etan բառէն («ուտելիք սպառել, լափել, սպառել»), որ իր կարգին կու գայ նախագերմաներէն նոյն *etan բառէն։ Բառին բուն ակունքը նախահնդեւրոպական *ed («ուտել») արմատն է։
Հայերէնի պարագային, մասնաւորապէս պէտք է նշել, որ ուտել բայը նոյն *ed արմատի մէկ տարբերակէն կու գայ՝ *od ձեւով։
Ինչպէս գիտենք, հայերէն ուտելը անկանոն բայ մըն է, անգլերէն eatին նման, բայց ի տարբերութիւն վերջինիս, որուն փոփոխութիւնը միայն հնչիւնային է՝ ներկայ եւ անցեալ ժամանակներուն մէջ (օր. I eat > I ate), հայերէն բայը ամբողջովին կը փոխուի խոնարհման ընթացքին (օր. ես կ՚ուտեմ > ես կերայ)։
Ուտ արմատէն հետաքրքրական բառեր ստեղծուած են։ Օրինակ՝ ոչ-պահեցողութեան օրերը ուտիք կը կոչուին Հայց. Եկեղեցւոյ օրացոյցին մէջ, ի հակադրութիւն պահքի օրերուն։
Շահեկան է նշել, որ ցեցի տարբեր տեսակները հագուստ եւ ուտելիք կ՚ուտեն։ Հետեւաբար, պէտք չէ զարմանալ, որ «ցեց»ի հոմանիշներէն մէկը՝ ուտիճ, անոնց նախասիրած գործունէութեան հետ կապուած ըլլայ…։