Առաջնորդարանէն

ՏԻԱՐ ԱՐՏԱՇԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Կ՚ԱՐԺԱՆԱՆԱՅ ՊԱՏՈՒՈՅ ՄԵՏԱԼԻ

Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, նիւեորքաբնակ տիար Արտաշէս (Արթըր) Պետրոսեանին  յանձնեց Արմաւիրի «Տիգրան Մեծ» ռազմասպորտային վարժարանին կողմէ ներկայացուած Մեծն Տիգրանի գեղաքանդակ շքանշանը, յուշանուէրով միասին։ Ան այս պատիւին կ՚արժանանար իր հետեւողական յանձնառութեան առ ի գնահատում, որով Հայաստանի մէջ գործող Ազգային Առաջնորդարանիս «Մեծն Ներսէս» բարեսիրական կազմակերպութեան միջոցաւ օժանդակած է մեր նոր սերունդին ռազմական ու մարզական կրթութիւն տուող այս դպրոցին։

Վերջերս, ինչպէս անդրադարձած էինք,  պրն. Արտաշէս Պետրոսեանի նուիրատուութեան շնորհիւ հիմնական նորոգութեան ենթարկուած է 60 տարի անմխիթար վիճակի մէջ մնացած դպրոցին տանիքը։ Այնուհետեւ, ան նորոգած է դպրոցի համակարգիչներու դասարանը, զայն օժտելով 11 նոր գործիքներով՝ իրենց բոլոր սարքաւորումներով հանդերձ։ Այս առիթով, նուիրատուին բաղձանքով, դասարանը կոչուած է Առաջնորդարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի անունով։

Տեղին է յիշել նաեւ, որ տիար Պետրոսեան այն ազնուասիրտ ազգայիններէն է որ վերջին տարիներուն «Մեծն Ներսէս» գրասենեակի միջոցաւ 111 որբերու հովանաւորութիւնը ստանձնած է, հաւատալով որ անոնք մեր հայրենիքին ապագան պիտի կերտեն։