Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամը

ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ՄԱՆՈՒԿԻ ՄԸ ԱՉՔԵՐՈՎ

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

Բոլորիդ ներողամտութիւնը կը հայցեմ որ դարձեալ, անցեալ շաբթուան «Նմանիլ Աստուծոյ» նիւթը կը կրկնեմ, որովհետեւ վերջերս հեռաձայնային խօսակցութիւն մը մեծապէս ազդեց վրաս։ Անոր շնորհիւ խորագոյնս հասկցայ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կենսատու խօսքը, թէ «ոեւէ մէկը որ մանուկի մը նման չ՚ընդունիր Երկնքի արքայութիւնը, երբեք չի՛ կրնար մտնել հոն» (Մտ 10.15)։ Արդարեւ, մայր մը հեռաձայնային կապով յայտնեց, թէ իրենց փոքրիկ աղջնակը, երբ ընտանեկան նկարներու ալպոմը աչքէ կ՚անցընէ, յանկարծ մօր ուղղելով խօսքը, կ՛ըսէ. «Մամա, կրնա՞նք Յիսուս պապային քով երթալ»։ Մայրը անակնկալի գալով այս խօսքէն, կը շփոթի, բայց եւ այնպէս կը հարցնէ, թէ  ի՞նչ ըսել կ՚ուզէր։ Փոքրիկը, հոգեւոր հովիւին նկարը ցոյց տալով, հաստատ ձայնով ու անոյշ ժպիտով մը կ՛ըսէ. «Աս Յիսուս պապային»…։ Եւ մայրական մտահոգութեան ամպերը փարատելով, կը վերածուին երջանկութեան յորդառատ արցունքներու։

Ի՜նչ սքանչելի փորձառութիւն, գիտնալ որ աներեւոյթ, անհասանելի Աստուածը՝ Հովիւի մը ընդմէջէն մտնելով մանուկի մը կեանքին մէջ, Իր ներկայութիւնը այնքան մատչելի կը դարձնէ։ Մանկան այս անմեղ հարցումը զիս մղեց նմանօրինակ ճշմարտութեան մը մասին մտածել։ Քրիստոսի նմանիլը ընդհանրապէս միայն եկեղեցականներու առանձնայատկութիւնը չէ։ Եթէ հոգեւոր հովիւ մը իր ծառայութեամբ Քրիստոսը կը մօտեցնէ մանուկին, հապա ի՛նչ խօսք բոլոր Քրիստոնեաներուս որ կը կրենք Քրիստոսի սուրբ անունը, կոչուած ենք նմանիլ Իրեն, եւ մեր ամէնօրեայ կեանքին ընդմէջէն ցոլացնել զԱստուած եւ ըլլալ բարութեան աղբիւր, դառնալով պատգամաբեր՝ որ Աստուած մեր հետ է (Մտ 28.20)։

Այս առթիւ, ուրախութեամբ կ՚ուզեմ յայտնել, որ Լիբանանի օգնութեան ու զօրակցութեան ֆոնտը հասած է 75.985 տոլարի։ Վստահ եմ, որ շուտով կը բոլորենք առաջին հարիւր հազարը՝ յոյսի լայն հորիզոններ բանալով Լիբանանահայ մեր հարազատ եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Թող Ամենաբարին Աստուած առատապէս ցոյց տայ իր ներկայութիւնը բոլորիս կեանքին մէջ, օգնելու եւ ուրախացնելու առաքինութեանց ճամբով Իրեն նմանելու ապահովութիւնը շնորհելով։   

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
Առաջնորդ