Եթէ Վիկտոր Համբարձումեան միջազգային աստղագիտութեան հայ մեծագոյն անունն էր, այդ ցուցակին երկրորդ տեղը կը գրաւէ իր աշակերտներէն Բենիամին Մարգարեանը, որուն յայտնաբերած ու իր անունը կրող ծիրկաթինները (galaxy) ծանօթ են իւրաքանչիւր աստղագէտի։
Մարգարեան ծնած է 12 Դեկտեմբեր, 1913ին, Շուլաւէր (Շահումեան, այժմ՝ Մառնէուլի) բնակավայրին մէջ, Վրաստան։ 1938ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բնագիտութեան եւ թուաբանութեան ճիւղը, իսկ 1941ին՝ Լենինկրատի (այժմ՝ Ս. Փեթերսպուրկ) համալսարանի յետ աւարտական բաժինը։ 1941-1942ին Բ. Աշխարհամարտին մասնակցելէ ետք, 1943-1957ին դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ։ 1944ին պաշտպանած է իր թեկնածուական (դոկտորական) աւարտաճառը Վիկտոր Համբարձումեանի ղեկավարութեամբ, իսկ նոյն տարին հիմնադիրներէն մէկը եղած է Բիւրականի աստղադիտարանին, ուր աշխատած է մինչեւ իր մահը։ Մասնակցած է տեղի ընտրութեան եւ անձամբ կազմած ու գործի դրած է գրեթէ բոլոր աստղադիտակները։ 1950ին Խորհրդային Միութեան պետական մրցանակին արժանացած է։
1952-1957ին Բենիամին Մարգարեան Բիւրականի աստղադիտարանի փոխտնօրէնը եղած է, իսկ 1957-1985ին՝ ծիրկաթիններու բաժնի վարիչ։ 1961ին ստացած է Հայաստանի վաստակաւոր գիտնականի տիտղոսը։ Չորս տարի ետք, ընտրուած է Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի թղթակից անդամ, իսկ 1971ին՝ ակադեմիկոս։ 1955ին անդամակցելով Միջազգային Աստղագիտական Միութեան, ակադեմիկոս Մարգարեան Միութեան ծիրկաթիններու յանձնախումբին փոխնախագահ (1973-1976) եւ նախագահ (1976-1979) եղած է։ Ստացած է զանազան շքանշաններ, մետալներ եւ վկայականներ։
Բենիամին Մարգարեանի գլխաւորութեամբ մշակուած է աստղերու տեսանելի բաշխման մէջ դիտուող տատանումներու տեսութիւնը։ Վ. Համբարձումեանի հետ միասին հաստատած է երիտասարդ, աստղային համակարգերու՝ աստղասփիւռներու գոյութիւնը, ինչ որ կը վկայէ, որ աստղերու ծագման գործընթացը կը շարունակուի նաեւ մեր դարաշրջանին։ Ան կատարած է ցրուած աստղակոյտերու դասակարգումը, ուսումնասիրած է անոնց բաշխման առանձնայատկութիւնները եւ նկարագրած՝ անոնց դիրքը։ 1965ին սկսած է աստղային երկինքի առաջին շրջահայութիւնը (survey), որ տեւած է 15 տարի։ Այս դիտումներուն հետեւանքով, Մարգարեան յայտնաբերած է յատուկ տեսակի 1500 թոյլ ծիրկաթիններ (13-17րդ աստղային մեծութեան), որոնք կը կոչուին Մարգարեանի ծիրկաթիններ (Markarian galaxies)։ Անոնց ցուցակը լոյս տեսած է յետմահու՝ 1986ին Միացեալ Նահանգներու եւ 1989ին՝ Խորհրդային Միութեան մէջ։ Անոր նախաձեռնութեամբ իրականացած է երկրորդ շրջահայութիւնը՝ 1974-1991ին։
Բենիամին Մարգարեան մահացած է 30 Սեպտեմբեր, 1985ին։ Անոր անունով կոչուած է Բիւրականի աստղադիտարանի մէկ մեթր հայելիի տրամագծով Շմիտթի համակարգի աստղադիտակը, որով ան կատարած է իր հետազօտութիւնները։ Մարգարեանի անունը գիտութեան նեղ սահմաններէն դուրս ելած է 2017ին, երբ Նիւ Եորքի նախագծող Ալեքսանտրա Օ՚Նիլ կնոջական թանկարժէք հագուստի իր մակնիշին տուած է «Մարգարեան» անունը՝ հայ գիտնականի յայտնաբերած ծիրկաթիններու յատուկ փայլին պատճառով։